Ռոպերթ Արզումանեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքական

Armfootball.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ որ Էներկիայի մաս կազմող Ռոպերթ Արզումանեան հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական եւ նկատի առնուած 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան օտար դաշտերու վրայ:

Նշենք, որ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին մարզիչ Վարդան Մինասեանի կազմը պիտի մրցի Մալթայի դէմ, իսկ 11 սեպտեմբերին` Պուլկարիոյ դէմ:

Նշենք, որ նոր խումբին հետ Արզումանեան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ ամիս` փաստաթուղթերու հետ իր խնդիրները դասաւորելէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )