ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ, ԱՆՈՐ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` անոր յայտնելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը` Սուրիոյ, անոր ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճման:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ազգային համակեցութեան լիբանանեան տարբերակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համայնքներուն միջեւ երկխօսութիւնը դարձած են միջազգային կարիք` դէմ դնելու համար ծայրայեղութեան եւ ինքնամեկուսացման:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան եւ ամերիկեան երիտասարդական միացեալ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրին: Պատուիրակութիւնը խստիւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Քորանը հրկիզելու արարքը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութենէն եւ միասնականութենէն բացի այլ լուծում չկայ:
Ան նկատել տուաւ, որ Քորանը հրկիզելու արարքին մէջ կրօնի մը պատկանելիութիւն կամ բարոյական արժէք ու պարկեշտութիւն կարելի չէ գտնել:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու գործավար նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական կալուածներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան գործավար նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց տնտեսութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական գործավար նախարար Ատնան Քասսար, որ յայտնեց, թէ նախագահ Սլէյման խիստ յանձնառու է Լիբանանի ներքին կայունութիւնը պաշտպանելու եւ լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:
Քասսար շեշտեց նաեւ Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը:


