ԿՈ՛Չ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակը կը թեւակոխենք Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ու սփիւռքի առջեւ ծառացող նոր մարտահրաւէրներով, որոնք կը հունաւորեն ազգային միասնական ճիգի ու կարողականութեանց համատեղման վրայ հիմնուած հայութեան երթը:

Ներկայ պատմական հանգրուանի մարտահրաւէրները դիմակալելու համար, հայ քաղաքական միտքը բիւրեղացուցած է իր հաւատոյ հանգանակը` համազգային տենչերն ու իտէալները բիւրեղացնող ազգային առողջ գաղափարախօսութիւնը:

Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք պարտաւոր են այսօր Հայ դատի պահանջատիրութեան պայքարին մասնակցելու` ստանձնելով իրենց կարգավիճակէն բխող յատուկ դերակատարութիւն, իրենց ստանձնած յանձնառութեան ամբողջական ու լիիրաւ կատարումով:

Միջազգային ընտանիքին կողմէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն անտեսումը չի կրնար պարտուողական ու զիջողական քայլերու առաջնորդել մեզ:

Հայ ժողովուրդը տէրն է իր պայքարին: Մեծ եղեռնի 96-ամեակի ոգեկոչումը առիթ է ամրացնելու ազգային միասնականութիւնը եւ ամրագրելու հաւատքը` մեծ ու ամբողջական Հայաստանի յաղթանակին նկատմամբ:

Ա՛յս հաստատումին վկան դառնալու կոչուած է այսօր ամբողջ հայութիւնը: Ա՛յս է ապրող ու ապրեցնող պատգամը Ապրիլեան նահատակներուն:

Յարգա՛նք Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած նահատակներու յիշատակին:

Յարգա՛նք 24 ապրիլ 1915-ին թրքական եաթաղանով հայ ժողովուրդին պարտադրուած ճակատագիրը մերժած եւ պայքարի ճամբուն վրայ իրենց արիւնը զոհաբերած Հայ դատի հին թէ նոր բոլոր նահատակներու յիշատակին:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES