Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները` Դարձեալ Յաղթական. Լիբանանի Տղաքը Յաղթեցին, Աղջիկները` Հաւասարեցան
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականին երկրորդ օրը, երէկ տեղի ունեցան 2-րդ հանգրուանի մրցումները:
Առաջին օրուան նման, Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները` շարունակելով իրենց յաղթարշաւը, արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը:
Հայաստանի տղաքը 4-0 արդիւնքով յաղթեցին Պանկլատեշի: Հայրենի չորս վարպետներն ալ` Լեւոն Արոնեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան անխնայ եղան իրենց մրցակիցներուն նկատմամբ եւ յաղթանակ արձանագրեցին:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջիկներուն, անոնք 3-1 արդիւնքով յաղթեցին Զուիցերիոյ: Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիա Քուրսովա յաղթեցին, մինչ Աննա Հայրապետեան` պարտուեցաւ:
Լիբանանի տղոց հաւաքականը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մաքաոն: Ֆետի Իտ եւ Անթուան Քասսիս յաղթեցին, մինչ Ֆայսալ Խէյրալլա եւ Նասիմ Սաքըր` հաւասարութիւն արձանագրեցին:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի աղջիկներուն, անոնք 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին Նիկերիոյ հետ: Մայա Ժալլուլ եւ Սարա Շամիէ յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Եումնա Մախլուֆ եւ Ֆարահ Քասքաս պարտուեցան:
Միացեալ Նահանգներ 3,5 – 0,5 արդիւնքով յաղթեցին Լիթուանիոյ: Ամերիկահայ Վարուժան Յակոբեան երէկուան մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Ռուսիա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` այս անգամ պարտութեան մատնելով Յունաստանը (3-1): Առաջինին Ռուսիոյ տղաքը 3,5-0,5 արդիւնքով յաղթած էին Տոմինիկեան կղզիներու խումբին:

