Ճատրակ-Միջերկրականեան 4-րդ Խաղեր. Հրակ Գըլըպոզեան Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը
Կրետէի մէջ (Յունաստան) գտնուող «Սմայլ» պանդոկին մէջ կը շարունակուին Ճատրակի միջերկրականեան 4-րդ խաղերը, որոնց Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հինգ հայեր` տեղացի խաղացողներուն կողքին: Այդ հինգն են` Նանօր Առնելեան, Հրակ Լախեան, Նարօտ Գըլըպոզեան, Քարլօ Դարբինեան եւ Հրակ Գըլըպոզեան:
Մրցաշարքին առաջին օրը (երեքշաբթի, 28 օգոստոսին) տեղի ունեցան Ա. եւ Բ. հանգրուանի մրցումները: Ա. հանգրուանի մրցումներուն այդքան ալ լաւ օր մը չեղաւ հինգ հայերուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք բոլորն ալ պարտութիւն կրեցին: Նոյն օրը յետմիջօրէին տեղի ունեցած Բ. հանգրուանի մրցումներուն սակայն, անոնք բոլորն ալ յաղթանակ արձանագրեցին եւ ապահովեցին մրցաշարքի իրենց առաջին կէտը:
Երէկ տեղի ունեցան Գ. հանգրուանի մրցումները, որոնց ընթացքին Հրակ Գըլըպոզեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց: Այսպիսով, այժմ Գըլըպոզեան իր տրամադրութեան տակ ունի 2 կէտ, մինչ մնացեալ չորսը` մէկական:
Յունաստան մեկնած հինգ հայերուն ծնողներէն կ՛իմանանք, որ մրցումները խառն ձեւով տեղի կ՛ունենան եւ ոչ թէ տարիքային դասակարգի դրութեամբ, ինչպէս որ նախապէս յայտարարուած էր:
Այսինքն, փոքրեր կը մրցին իրենցմէ աւելի մեծերու դէմ եւ անշուշտ հակառակը, թէ՛ տղոց եւ թէ՛ աղջկանց պարագային:
Նշենք, որ այսօր տեղի պիտի ունենան Դ. եւ Ե. հանգրուանի մրցումները:

