Հայրենակերտման Ճամբով

ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Սփիւռքի ձուլում, հայապահպանում, հայրենադարձութիւն, Ջաւախք, Արեւմտահայաստան, Արցախի վերաբնակեցում, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացում… Եւ շարքը երկար է այն մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր:

Այս բոլորը սակայն կարելի է ամփոփել «հայկական հարցը» եզրաբանութեամբ:

Ըստ էութեան, ի՞նչ է Հայկական հարցը. ինչպէ՞ս զայն բնորոշել: Իսկ սահմանելէ ու հասկնալէ ետք, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր առարկայական, արմատական լուծումը:

Վերոյիշեալ հարցին վերլուծութիւնը կարելի է նկատել գիտական աշխատութիւն, ուր առկայ է հարց մը, որուն լուծումը պէտք է մտովին ստեղծել, հնարել` ինքնաշխատութեամբ եւ առարկայական մօտեցումով: Այսպէս` մենք պէտք է ստեղծենք եւ հնարենք մեր հարցին լուծումը, մեր անկախ ներուժով:

Անշուշտ, այս յօդուածով մեր նպատակը «Հայկական հարց»-ին ամբողջական վերլուծութիւնը կատարելը չէ, այլ ամփոփ ձեւով զայն ներկայացնել ու մտածել առաջնահերթութիւններու մասին, որոնք մեզ կրնան առաջնորդել դէպի հարցին ենթադրեալ արմատական լուծումը:

«Հայկական հարց» գործածական եզրը ծնունդ առաւ 19-րդ դարու կէսերուն` Պերլինի վեհաժողովի եւ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրի միջոցով, իսկ լայնօրէն գործածուեցաւ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ կը կնքուէին Պրեսթ-Լիթովսքիի, Սեւրի, Ալեքսանդրապոլի, Մոսկուայի, Կարսի եւ Լոզանի պայմանագիրները: Աւելի ուշ նաեւ ջրի երես բարձրացաւ Նեմեսիս գործողութեամբ: Մինչեւ օրս անշուշտ կը յայտնուի` իր տարբեր երեսներով:

Հայկական հարցը, այն ժամանակ, եւրոպացիներուն կողմէ կը բացատրուէր հայ ժողովուրդի փոքրամասնական իրաւունքներով, պաշտպանութեամբ, քաղաքական ազատութիւններով, մինչեւ այս բոլորը եզրափակուին հայկական անկախ պետութեան մը հիմնումին` Վուտրօ Ուիլսընի սահմանած իրաւարար վճիռի եւ քարտէսի գաղափարով:

Հայկական հարցը սակայն, իբրեւ հասկացողութիւն եւ գործող խնդիր, սկսած է հայկական սփիւռքի ստեղծման առաջին իսկ օրերէն: Այսինքն` իր արմատը կը գտնէ ութերորդ, իններորդ եւ տասներորդ դարերուն, երբ զանգուածային արտագաղթեր տեղի կ՛ունենային հայկական բնաշխարհէն դուրս, կը ստեղծուէին հայ մեծ թէ փոքր գաղութներ:  Այսպէս, հարցը իր գագաթնակէտին հասաւ Հայոց ցեղասպանութեամբ եւ տեղահանութեամբ, երբ Հայաստանի մեծ մասը պարպուեցաւ հայերէ:

Խորքին մէջ ուրեմն, «Հայկական հարցը» հողի հարցն է, կորուսեալ հայրենիքի հարցն է, հայերուն աշխարհատարած ըլլալու հարցն է, ընդհանրապէս զանգուածային սփիւռքի մը գոյութեան հարցն է: Եւ ոչ ուրիշ բան: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս:

Յօդուածին սկիզբը յիշուած եւ չյիշուած մարտահրաւէրները եւ մասնակի հարցերը ունին մէկ հասարակաց կէտ. այն է, թէ բոլորը կը բխին մէկ հիմնական հարցէ մը` տարտղնուած հայութիւն` առանց ամբողջական հայրենիքի: Այս հիմնական հարցին տրամաբանական եւ առարկայական լուծումն է` համախմբուած հայութիւն ամբողջական անկախ Հայաստանի վրայ: Պարզ խօսելով, Ջաւախքի, Նախիջեւանի, Կարինի, Արտահանի, Կարսի, Վանի, Մշոյ շրջաններու վերատիրացում, եւ անոնց վրայ հայ ժողովուրդի վերաբնակեցում:

Այս վերջինը անշուշտ մեր գերագոյն նպատակը չէ, այլ լուծումը առկայ Հայկական հարցին, որ մեզ պիտի ուղղէ մեր գերագոյն նպատակին, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը ու հոգեմտաւոր զարգացումը ապահովելն է, իր բնական ու արդարացի ազատ եւ անկախ հայրենիքին վրայ:

Տրամաբանութիւնը պարզ է եւ յստակ: Ազգ մը, որպէսզի գոյատեւէ, ապրի եւ գործէ վասն զարգացման, պէտք ունի նախ տարածքի, պարարտ հողի, որ անշուշտ պիտի ըլլայ իր ինքնութիւնը կերտող հազարամեայ հայրենիքը, եւ որ պիտի պարգեւէ զարգացման անհրաժեշտ նիւթական բաղադրիչները, ապա` այդ հողատարածքին վրայ համախմբուածութեան, որ իր կարգին պիտի սատարէ մշակութային գոյատեւման եւ զարգացման, մանաւանդ ազգային մէկ ինքնութեան, կենցաղի եւ էութեան պահպանման: Այս բոլորին կողքին չենք մոռնար անշուշտ հայրենիքի վրայ կերտուած պետութեան առաւելագոյն կարելիութեամբ ազատ, անկախ եւ ինքնաբաւ ըլլալու նախապայմանը, որ կը ստեղծէ, բնականաբար, հզօր պետութեան հիմերը:

Ահա այս դիտանկիւնէն վերլուծած` պէտք է աշխատիլ ու մարտավարութիւն ճշդել: Ուրիշ ուղղութեամբ գծուած ու գործադրուած աշխատանք մը ապարդիւն է եւ անհեռատես: Այսինքն, բա՛ւ է ալ Հայ դատը կամ Հայկական հարցը բացատրել Հայոց ցեղասպանութեան խնդրի իրաւական լուծումով. ուրիշ խօսքով` այն երեք հանգրուաններով, զորս տարիներէ ի վեր մեզի հրամցուած են որպէս Հայ դատի լուծում` նախ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, ապա արեան գինի եւ նիւթական կորուստներու հատուցում եւ վերջապէս հողային հատուցում: Այսպէս, տարիներէ ի վեր, մենք մեզ մխիթարելով, մենք մեր վրայ կը ծիծաղինք եւ կը ծափենք  ամբողջ աշխարհին, որ իր կարգին մեր հաւաքական տհասութեան ու անճարակութեան վրայ կը ծիծաղի:

Մե՛ղք է ալ այդ հսկայական գումարներուն, մարդուժին եւ կարողականութեան, զորս կը մսխենք, որպէսզի այս խորհրդարանը կամ այն նախագահը պաշտօնապէս ճանչնայ մեր ազգի ցեղասպանութիւնը: Մե՛ղք է ալ ամէն տարի կամ յարմար առիթի, օտարին ծունկերէն կախուած, բերանաբաց սպասենք կեղծաւոր եւ կեղտոտ պատեհապաշտ օտար բերաններէ երկու խօսքի մը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որպէսզի նոյն գիշերը աշխարհը ուզենք թնդացնել մեր դատարկ եւ մանկական ուրախութեամբ:

Ո՜վ չի գիտեր, որ մեր ազգը 1915-ին ցեղասպանուած ու տեղահանուած է: Ո՜վ կրնայ հիմնովին հերքել այդ իրողութիւնը: Մենք աշխարհին կարեկցութիւնը եւ ճանաչումը չենք սպասեր: Ո՛չ ալ կը սպասենք, որ իրենց ազատ եւ անկախ որոշումով, ոսկեայ պնակի վրայ դրուած մեզի վերադարձնեն մեր իրաւունքները: Ունայնութիւն ունայնութեանց:

Այս աշխարհին մէջ արդար իրաւունքները կը նուաճուին միայն ուժով:

Այսպէս, մեր ընելիքը շատ յստակ է` հայրենակերտում, որուն հիմնաքարը պիտի ըլլայ Արեւմտահայաստանի առաւել Ջաւախքի ու Նախիջեւանի ազատագրում: Այո՛, ազատագրում: Հոս պէտք չէ մտածել անշուշտ, թէ այս մէկը մէկ գիշերէն միւսը իրագործելի նպատակ մըն է, կրնայ բազմաթիւ տարիներ տեւել. սակայն նաեւ պէտք չէ մտածել, թէ անիրական եւ անիրագործելի նպատակ մըն է: Պատմութեան անիւը կլոր է, այսօր կացութիւնը անյարմար կրնայ թուիլ որեւէ յստակ յառաջխաղացք արձանագրելու, վաղը շատ նպաստաւոր կրնայ դառնալ, եւ մենք ապագային գծով ազգովին պատրաստ պէտք է ըլլանք:

Ուրեմն, պէտք է աշխատիլ այս տրամաբանութեամբ, ենթահող պատրաստել ապագայի սերունդներուն, կազմակերպական եւ քաղաքական գետնի վրայ ուժգնօրէն կազմակերպուիլ:

Այս բարդ աշխատանքը սակայն քաղաքական հասունութիւն եւ բարձր գիտակցութիւն ու հեռատեսութիւն կ՛ենթադրէ: Հարցադրումը շատ յստակ է` մենք ունինք բռնագրաւուած հայրենիք, ինչպէ՞ս կարելի է ժամանակակից միջոցներով եւ պայմաններով զայն ազատագրել կամ աշխատիլ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել` ապագային զայն ազատագրելու:

Այս է մեր գծելիք ուղեգիծը եւ մարտավարութիւնը: Ուրիշ որեւէ ուղեգիծ` մասնակի թէ ամբողջովին, անհեթեթ է եւ ապարդիւն:

Ուրեմն ներկայիս կարեւոր է ճշդել առաջնահերթութիւններ, որոնք պիտի ուղղեն մեզ դէպի հայրենակերտում, Արեւմտահայաստանի ազատագրում:

Տրամաբանական է, որ նախքան որեւէ ռազմական կամ քաղաքական յստակ գործունէութեան սկսիլը, պէտք է ծանօթանալ եւ ուսումնասիրել խնդրոյ առարկան: Այսպէս, հարկաւոր է նախ ծանօթանալ մեր հայրենիքին, զայն ուսումնասիրել իր բոլոր երեսներով: Իսկ այդ մէկը կը կատարուի միայն հողին վրայ անմիջական ներկայութեամբ: Այս աշխատանքին  նախնական եւ ամէնէն համեստ քայլը կրնան հանդիսանալ կարճատեւ այցելութիւն-ուխտագնացութիւնները, պարզ այն նպատակով, որ ալ հարկաւոր է քանդել այն աներեւոյթ ահաւոր պատը, որ պարտադրաբար զետեղուած է մեր եւ մեր հայրենիքին միջեւ: Պէտք է ալ դուրս ելլել այդ երեւակայական աշխարհէն, որ մեզ թոյլ կերպով կը կապէ մեր հայրենիքին: Պէտք է մեր ներկայով զինուինք. հայրենիքին վրայ ոտք դնելը շատ աւելի պիտի ամրապնդէ մեր հայրենասիրութիւնը, քան հեռաւոր օտար հողերէ հայրենիք երգելը: Այս վերջին երեւոյթը սերունդէ սերունդ անպայման որ կը տկարանայ հետզհետէ կը մարի:

Ուխտագնացութիւններուն կողքին եւ անոնցմէ ետք անշուշտ, բնականաբար, պէտք է գայ ուսումնասիրութեան աշխատանքը: Պէտք է ուսումնասիրել մեր հայրենիքը ներկայիս, ճանչնալ այսօր ո՛ր ժողովուրդները հոն կ՛ապրին, ինչպէ՛ս է անոնց վիճակը, հողը եւ քաղաքները ի՛նչ տեսակի զարգացում կամ անտեսում կը ներկայացնեն: Յաճախ կը լսենք քրտացած, իսլամացած եւ Համշէնի հայերուն մասին: Բայց մենք մեր սփիւռքեան տուները նստած որքա՞ն բան գիտենք անոնց մասին, իրապէս կը ճանչնա՞նք անոնց կենցաղը: Մտածա՞ծ ենք բնաւ, թէ գործնական ի՛նչ քայլերու կարող ենք դիմել, որպէսզի անոնց ազգային ինքնութիւնը վերականգնի: Եւ տակաւին կան բազմաթիւ ուրիշ հարցեր, որոնց պատասխանը յստակ է: Պէտք է աշխատիլ այնտեղի ժողովուրդին հետ կարելի եղածին չափ սերտ կապեր ստեղծելու եւ սերտելու զանոնք ներգրաւելու եւ մեր կողմը ուղղելու հնարաւորութիւնները:

Վերոյիշեալ գործերուն պիտի յաջորդեն, անշուշտ, աւելի լուրջ յստակ քաղաքական եւ ռազմավարական քայլեր, որոնք աւելի եւս կը յստականան ապագային: Սակայն ապագային մեր առջեւ գծուող առաջնահերթութիւնները ասոնք են, այլապէս ամէն տարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար ասոր-անոր ոտքին լացակումած իյնալով, ասոր-անոր ապաւինելով, մեր տուներէն կորուսեալ հայրենիք երգելով հայրենակերտման ճամբուն վրայ մէկ խիճ իսկ դրած չենք ըլլար:

Թերեւս քիչ մը մեծ թուի այս խօսքը, բայց այս է իրականութիւնը: Մեր ժողովուրդը ապրելու եւ ազատ շնչելու համար Սեւ ծովը կ՛ուզէ, Վանայ ծովը կ՛ուզէ, Շիրակի դաշտերը կ՛ուզէ, Կարինը կ՛ուզէ. Արեւմտահայաստանը կ՛ուզէ, այսպիսով դէպի ծով ելք ունենալով, ինքնաբաւ ու կարելի եղածին չափ անկախ պիտի ըլլանք: Այս ուղղութեամբ մտածենք եւ այս ուղղութեամբ աշխատինք: Արեւմտահայաստանը ներկայիս ճանչնալու տենչը լաւ թող խմորուի եւ շաղուի մեր մէջ, որպէսզի մեր կարողականութեան եւ մարդուժին մեծ մասը այդ ուղղութեամբ ի գործ դնենք: Մենք միայն մեր հայրենի հողին վրայ է, որ հանգստութիւն եւ ազատութիւն կը գտնենք, մեր հողէն է, որ ուժ եւ գոյատեւելու կամք կը ստանանք, մեր հողէն ու ջուրէն է, որ հոգեպէս կը զինուինք ու կը պարարտանանք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES