Նիւթական Ծանր Տագնապի Մատնուած. Պուֆթէա 31-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց

Ռումանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգին մաս կազմող Պուֆթէա, որ նիւթական ծանր տագնապի մատնուած է, Ռումանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, 31-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 12-0) ծանր պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Պերսենիէն:

Պուֆթէա, որ նախորդ մայիսին բարձրացաւ Բ. դասակարգ, դաշտ ներկայացուցած էր 19 տարեկանէն վար իր մարզիկները, որոնք այդքան ալ մեծ փորձառութիւն չունէին:

Ըստ ռումանական մամուլին, անոր կրած այս ծանր պարտութիւնը կը նկատուի մրցանիշ մը երկրին ֆութպոլի պատմութեան մէջ:

Մրցումէն ետք Պերսենիի նախագահ Սթեֆըն Սթանա լրագրողներուն ըսաւ. «Իսկապէս կ՛ամչնամ մրցումին արդիւնքը ըսելու: Սակայն ատիկա մեր սխալը չէ, այլ` իրենցը»:

Share this Article
CATEGORIES