Տեսակէտ. Եգիպտոսի Շրջանային Դերակատարութեան Եւ Կշիռին Վերականգնման Ուղղութեամբ Ճիշդ Քայլ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Ուաշինկթընի կամքին հակառակ Թեհրան մեկնեցաւ` մասնակցելու համար Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի 16-րդ նիստին եւ այդպիսով վերջ տալու Եգիպտոսի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու 30-ամեայ խզումին, սակայն նաեւ Թեհրանի մէջ Իրանի ռազմավարական դաշնակից սուրիական վարչակարգը քննադատեց, այդպիսով դժգոհութիւն պատճառելով Թեհրանի: Վեհաժողովին մասնակից սուրիական պատուիրակութիւնը, բողոքի արտայայտութիւն եղող քայլով մը հեռացաւ ժողովասրահէն, եւ իրանեան պետական լրատուամիջոցները ստեղծուած անախորժ կացութիւնը ծածկելու ջանքով մը հաղորդեցին, որ սուրիական պատուիրակութիւնը հարցազրոյց մը տալու համար դուրս եկած էր ժողովէն: Ինչ որ ծիծաղելի փորձ մըն էր, որովհետեւ ո՞ւր լսուած է, որ պետութեան մը ամբողջ պատուիրակութեան բոլոր անդամները հարցազրոյց կատարեն, եւ այդ ալ ճիշդ Սուրիոյ շուրջ խօսքի արտասանութեան պահուն:
Մուրսիի Թեհրան մեկնելու քայլին պատգամը յստակ է. այժմ գոյութիւն ունի նոր Եգիպտոս մը, որ Մուպարաքի վարչակարգին նման ամերիկացիներուն խամաճիկը չէ, այլ` արտաքին քաղաքականութեան մէջ անկախ նախաձեռնութեանց կը դիմէ, իսկ Թեհրանի մէջ վեհաժողովի բացման նիստի ընթացքին Սուրիան քննադատելով` ան նաեւ փարատեց Եգիպտոս-Իրան առանցքի մը ձեւաւորման առնչութեամբ ամերիկեան վարչակարգին մտավախութիւնը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու վարչապետը բուռն կերպով քննադատեցին Մուրսիի` Սուրիոյ հարցին շուրջ խօսքերը: Վերջինս յայտարարեց, որ «Մուրսիի խօսքերը լսելէ ետք (եգիպտական) նախաձեռնութիւնը մեռած կը նկատենք, սակայն գոյութիւն ունի Եգիպտոսէ, Վենեզուելլայէ եւ Իրանէ կազմուած «եռեակ» մը, եւ կը յուսանք, որ վերջինս սուրիացի ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն կ՛անդրադառնայ»: Ան այդպիսով Եգիպտոսի դերակատարութիւնը չէր մերժեր, այլ միայն` Եգիպտոսի առաջարկած Թուրքիա-Իրան-Սէուտական Արաբիա-Եգիպտոս ձեւաչափը:
Մուրսի նաեւ իր խօսքին մէջ պատրաստակամութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապի լուծման համար բոլոր կողմերուն հետ գործակցելու եւ կոչ ուղղեց այդ տագնապի լուծման եգիպտական նախաձեռնութիւնը որդեգրելու:Հակառակ ամերիկեան ընդդիմութեան Թեհրան այցելելով` իրանեան կողմին մօտ կէտեր ապահովելէ ետք, Եգիպտոսի նախագահին արտասանած խօսքը եւ սուրիական բուռն հակազդեցութիւնը վստահաբար պատճառ դարձան, որ ան եգիպտական նախաձեռնութեան առաջարկած տարազին մաս կազմող մնացեալ երկու երկիրներուն` Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւս կէտեր ապահովէ:
Մուրսիի Թեհրան այցելութիւնը Եգիպտոսի շրջանային դերակատարութեան եւ կշիռին վերականգնման ուղղութեամբ ճիշդ քայլ մըն էր, որ սակայն զգուշաւոր հետեւողականութեան կը կարօտի: