Թուրք Դեսպանը Այցելեց Սինիորայի Եւ Ապպաս Իպրահիմի

Էօզեըլտըզ եւ Սինիորա

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Էօզեըլտըզ այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES