«Բանակը Խիստ Հարուածներ Կրնայ Հասցնել Զինեալներուն, Պայմանաւ Որ Անոնք Քաղաքական Հովանաւորութիւն Չունենան» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանգստեան կոչուած սպաներու պարգեւատրումին ընթացքին հաստատեց, որ բանակը յանձնառու է ներքին առումով զինուորական իր ծրագիրներուն գործադրութեան` նշելով, որ հակառակ իր համեստ կարողութիւններուն, ան կը ջանայ զսպել երկրին սահմանային անցքերը եւ արգիլել սադրանքներու մուտքը Լիբանան:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանի մէջ ըլլայ ապահովական այնպիսի գօտի մը, որ դուրս է լիբանանեան պետութեան իշխանութենէն:
«Բանակը պիտի չարտօնէ, որ քաղաքական ուժերը որեւէ հարցով զինք շանթաժի ենթարկեն: Միաժամանակ բանակը կը ջանայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ Լիբանան բազմազանութեան երկիրն է: Հետեւաբար, բանակը պիտի չարտօնէ, որ այս կամ այն քաղաքական կողմերը իր ետին մնան եւ բանակին կեցուածքները օգտագործեն` զանոնք ծառայեցնելու համար իրենց շահերուն: Բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ բանակը յանձնառու է միայն պետութեան հեղինակութեան», ըսաւ ան:
Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ ոմանք բանակին լռութիւնը եւ անոր դէմ կատարուած ցեխարձակումներուն չհակազդելը սխալ մեկնաբանած են` առանց հասկնալու, որ բանակին կարգախօսն է աղմուկէ հեռու գործել:
«Բայց եւ այնպէս, բանակը այսուհետեւ լուռ պիտի չմնայ իր դէմ կատարուող ցեխարձակումներուն, ամբաստանութիւններուն եւ արարքներուն դէմ, ո՛վ որ ալ ըլլայ այդ մէկը կատարող կողմը: Այս շրջագիծին մէջ բանակին կողմէ դատական իշխանութիւններուն դիմելը փաստ մըն է, որ զինուորական հաստատութիւնը կը յարգէ երկրին օրէնքները, որոնք պէտք է յարգուին նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ», ընդգծեց զօր. Քահուաժի:
Ան հաստատեց, որ բանակը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը տեղեակ պահած է, թէ ինք կրնայ հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը եւ խիստ ու ծանր հարուածներ հասցնել բոլոր զինեալներուն, պայմանաւ որ քաղաքական բոլոր կողմերը իրենց հովանաւորութենէն բացայայտ կերպով զերծ կացուցեն այդ զինեալները:


