Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Պաալպեք-Հերմելի Բարգաւաճման Նախարարական Յանձնախումբին Նիստին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Պաալպեք-Հերմելի բարգաւաճման նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, պետական նախարար Փանոս Մանճեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ղազի Զաայթեր եւ նահանգապետն ու նահանգին քաղաքապետները:
Նիստէն ետք Հաժ Հասան հաստատեց, որ կառավարութիւնը երէկ որոշեց 45 միլիառ լ. ոսկիի համազօր գումար մը յատկացնել Պաալպեք-Հերմելի բարգաւաճման, որ հազիւ քանի մը ամսուան ընթացքին կրնայ գործադրուիլ:
Հաշիշի ցանքերը փճացնելու աշխատանքը շարունակելու առումով Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ դատական թէ ապահովական որեւէ հաստատութիւն ոչ մէկու արտօնութեան կարիք ունի իր որոշումները գործադրելու եւ աշխատելու:
Ան ընդգծեց, որ Պաալպեք-Հերմելի շրջանը լիբանանեան շրջան է, հոն լիբանանցիներ կ՛ապրին եւ օրէնքին կ՛ենթարկուին, ինչպէս նաեւ ենթակայ են լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն հսկողութեան:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի նախագիծի մշակման խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ յայտնեց, թէ կառավարութեան վաւերացուցած պետական պիւտճէի նախագիծը յառաջիկայ երկուշաբթի օր պիտի հասնի խորհրդարան:
Քանաան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծը խորհրդարան փոխանցել սահմանադրական ժամկէտին շրջագիծին մէջ, այսինքն` յառաջիկայ 15 հոկտեմբերէն առաջ:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը: Քննարկուեցան յառաջիկայ երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք զբօսաշրջութեան մարզին յատուկ նիստին նախապատրաստական աշխատանքները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ զբօսաշրջական սենտիքաներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին զբօսաշրջական մարզին վերաբերող թղթածրարներ: