Նախագահ Սլէյման Մասնակցեցաւ Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Շարժումի Վեհաժողովին Եւ Ունեցաւ Շարք Մը Հանդիպումներ

Նախագահ Սլէյման եւ այաթոլլա Խամէնէի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մասնակցեցաւ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի 16-րդ վեհաժողովին, ուր ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի եւ իրանցի բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններու կողմէ:

Վեհաժողովէն մեկնումի պահուն նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ վեհաժողովը տայ այնպիսի որոշումներ, որոնք առիթ կ՛ընծայեն ժողովուրդներուն` իրենց ձեռքով իրականացնելու իրենց ժողովրդավարութիւնը:

«Կը յուսանք, որ վեհաժողովը անկողմնակալ որոշումներ տայ, որպէսզի տարբեր ժողովուրդներ առիթ ունենան առանց արտաքին միջամտութեանց լուծելու իրենց հարցերը, հաստատելու իրենց խաղաղութիւնը եւ բարգաւաճելու», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ միջլիբանանեան երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստերը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ Լիբանանը ժխտական հակազդեցութիւններէ հեռու պահելու, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց ծիրին մէջ շեշտուեցաւ Սուրիոյ տագնապը առանց զէնքի ուժի եւ արտաքին միջամտութիւններու լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահներ Սլէյման եւ Մուրսի

Նշենք նաեւ, որ նախագահ Սլէյման Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջարաբական միասնականութիւնը եւ Արաբական լիկայի գործունէութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման եւ Մուրսի Եգիպտոս եւ Լիբանան այցելութեան հրաւէրներ փոխանակեցին:

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES