ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Վարչապետ Միքաթիի

Բագրատունի, Մխիթարեան եւ Միքաթի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը վարչապետին հետ քննարկած է երկրին վերաբերող հարցերը, յատկապէս` ապրուստի եւ աշխատավարձի յաւելման առումով, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան վերաբերող շարք մը խնդիրներ:

Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Յ. Բագրատուի շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելումները լրջօրէն պիտի քննարկուին, նշելով, որ վարչապետ Միքաթի չի փափաքիր յետաձգել այդ թղթածրարին քննարկումը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը նաեւ մաղթեց, որ յառաջիկայ 5 սեպտեմբերին կառավարութիւնը վաւերացնէ այդ յաւելումները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )