Ըստ «Լայֆ Սփորթս»-ի Քրասնոտար Մովսիսեանի Համար 14 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ

Եուրա Մովսիսեան

Ինչպէս կը հաղորդէ «Լայֆ Սփորթս», Քրասնոտարի 25 տարեկան յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան շատ հաւանաբար լքէ իր կազմը` նկատի ունենալով, որ ներկայ դրութեամբ ռուսական եւ եւրոպական շարք մը ակումբներ եւ ի մասնաւորի` Մոսկուայի բանակայինները եւ Տինամօ Մոսկուա, մօտիկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն մարզիկին նկատմամբ:

Թէեւ Քրասնոտար պատրաստ չէ հրաժարիլ իր մարզիկէն, սակայն եթէ պատահի, որ ատիկա տեղի ունենայ, անոր փոխանցման համար ռուսական ակումբը կը պահանջէ 14 միլիոն եւրօ:

«Լայֆ Սփորթս» կը նշէ. «Իրականութեան մէջ, Մովսիսեան Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան անխօս լաւագոյն յառաջապահներէն մէկն է: Ակումբին բազմաթիւ համակիրները դաշտ կու գան Եուրային մրցումը դիտելու համար: Ան բարձր կը գնահատուի ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ: Թէեւ Մովսիսեանով հետաքրքրուած են շատեր, սակայն ան չ՛ուզեր ընդառաջել անոնց առաջարկին»:

Քրասնոտարի մամլոյ քարտուղար Տենիս Տանիլչենքօ կը յայտարարէ ըսելով, որ ցարդ ոչ մէկ ակումբէ պաշտօնական առաջարկ ստացած է այս ուղղութեամբ:

Այլ գետնի վրայ, ռուսական առաջնակարգ մարզական championat.com կայքէջը կը յայտնէ, որ ֆութպոլի անուանի մասնագէտներ եւ լրագրողներ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Մովսիսեանը ընտրած են օգոստոս ամսուան լաւագոյն մարզիկը: 6 մրցումի ընթացքին 6 կոլ նշանակած Մովսիսեան ստացած է 18 ձայն:

 

Share this Article
CATEGORIES