Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղաքը Յաղթեցին, Աղջիկները Պարտուեցան. Լիբանանի Զոյգ Կազմերը` Յաղթական
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող Ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Սպանիոյ:
Լեւոն Արոնեան միակն ըլլալով յաղթեց, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
Սակայն աղջկանց հաւաքականը պարտուեցաւ Հնդկաստանէն` նոյն արդիւնքով` Լիլիթ Կալոյեան միակն ըլլալով պարտուեցաւ, մինչ Էլենա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիա Քուրսովա հաւասարութիւն արձանագրեցին:
Լիբանանի զոյգ կազմերը յաթանակներ արձանագրեցին երէկ:
Տղաքը 3-1 արդիւնքով յաղթեցին Պոլիվիոյ: Ամրօ Ժաուիշ եւ Նասիմ Սաքըր յաղթեցին, իսկ Ֆետի Իտ եւ Ֆայսալ Խէյրալլա արձանագրեցին հաւասարութիւններ:
Աղջիկները, 2,5 -1,5 արդիւնքով յաղթեցին Կուաթեմալայի: Մայա Ժալլուլ եւ Սարա Շամիէ յաղթեցին, Եումնա Մախլուֆ հաւասարութիւն արձանագրեց, մինչ Տանիէլ Պետրոսեան պարտուեցաւ:

