Խամենէի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը «Բռնատիրական» Կը Նկատէ

Այաթոլլա Ալի Խամենէի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի Թեհրանի մէջ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի 16-րդ վեհաժողովի բացման ընթացքին անգամ մը եւս յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր չէ հիւլէական զէնք արտադրելու, սակայն նաեւ մտադիր չէ խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթ օգտագործելէն հրաժարելու:

«Մեր կարգախօսը այսպէս է` հիւլէական ուժանիւթը բոլորին, հիւլէական զէնքը` ոչ ոքի», ըսաւ ան:

Խամենէի նաեւ քննադատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը: «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի կազմը անտրամաբանական, անարդար եւ կատարելապէս ոչ ժողովրդավարական է: Խորհուրդը ակնյայտօրէն բռնապետութեան ձեւ է», յայտարարեց ան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն վեհաժողովի բացման նիստին իր արտասանած խօսքին մէջ հակադարձեց Խամենէիին` Իրանի կոչ ուղղելով իր հիւլէական փառամոլութեանց շուրջ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու` իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ համագործակցելով Ապահովութեան խորհուրդին հետ:

Ան նաեւ քննադատեց Իսրայէլի նկատմամբ Թեհրանի թշնամանքը` յայտնելով. «Ես բուռն կերպով կը մերժեմ անդամ որեւէ երկրի կողմէ ուրիշ մը քանդելու սպառնալիքները կամ Ողջակիզումին նման պատմական փաստերը հերքելու նախատալից փորձերը, պնդելը թէ այլ պետութիւն մը` Իսրայէլը գոյութիւն ունենալու իրաւունք չունի կամ զայն ցեղապաշտական եզրերով նկարագրելը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )