«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Մրցանակակիրները Մեկնեցան Երեւան

Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութ-Երեւան թռիչքով Հայաստան մեկնեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումին մրցանակակիրները` Նանի Գալուստեան, Հայկ Աւօ Աւետիս, Լոռի Գորեսեան եւ Մհեր Փելթեքեան: Խումբին կ՛ընկերանայ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան:

Անոնք մէկ շաբթուան ընթացքին առիթ պիտի ունենան այցելելու հայրենի տեսարժան վայրերն ու թանգարանները: Ծրագիրը կ՛իրականանայ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի աջակցութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան գործակցութեամբ: Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կ՛անդրադառնանք խումբին այցելութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES