Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Գերագոյն Խորհուրդի Հաղորդագրութիւն
Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, հայ կաթողիկէ պատրիարքական գերագոյն խորհուրդը իր նիստը գումարեց պատրիարքարանին մէջ, Ժեհթաուի, չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2012-ին: Ժողովականները յատկապէս քննարկեցին Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին Լիբանան այցելութիւնը` 14-էն 16 սեպտեմբեր 2012:
Ժողովականները շեշտը դրին այս պատմական այցելութեան կարեւորութեան վրայ եւ ընդգծեցին անոր ազդեցութիւնը մէկ կողմէ` ազգային համերաշխութեան ամրապնդման վրայ, եւ միւս կողմէ` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ ներկայութեան վրայ` մեկնելով Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութենէն:
Ժողովականները յոյս յայտնեցին, որ այս այցելութիւնը իր դրոշմը ունենայ ի սպաս խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ երկխօսութեան Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն միջեւ այս դժուար օրերուն:
Այս առիթով, խորհուրդը կոչ կ’ուղղէ համայնքի զաւակներուն աղօթելու սրբազան քահանայապետին դիտաւորութեան եւ անոր բարեդէպ այցելութեան համար` զանոնք հրաւիրելով մասնակցելու այս այցելութեան բոլոր միջոցառումներուն, մանաւանդ հանդիսաւոր սուրբ պատարագին, զոր պիտի մատուցէ սրբազան պապը Պէյրութի կեդրոնական գօտիին մէջ` մասնակցութեամբ կաթողիկէ համայնքապետերուն:
Վերջապէս, խորհուրդը կը յայտնէ անհրաժեշտ յանձնառութիւնը յաջորդ Առաքելական յորդորին նկատմամբ, որպէսզի ան ըլլայ փարոսը, որ կ’առաջնորդէ լիբանանցիները եւ Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդները:ելական յորդորին նկատմամբ, որպէսզի ան ըլլայ փարոսը, որ կ’առաջնորդէ լիբանանցիները եւ Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդները:

