Ըստ «Քոմերսանթ»-Ի Սուրիոյ Քաղաքացիական Պատերազմը Թուրքիոյ Համար Վտանգաւոր Ընթացք Կը Ստանայ

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կարգ մը փորձագէտներ այն կարծիքը յայտնած են, որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը վտանգաւոր ընթացք կը ստանայ:

Օրաթերթը կը յայտնէ, որ Դամասկոսի մէջ կեդրոնական կառավարութեան տկարանալը պատճառ դարձաւ, որ Թուրքիոյ մէջ արգիլեալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դաշնակիցները Սուրիոյ քրտական շրջաններուն մէջ իշխանութեան տիրանան:

«Քոմերսանթ» կ՛աւելցնէ, որ նոր կացութիւնը թրքական իշխանութիւնները կը մատնէ նեղ կացութեան մը, որովհետեւ անջատողական քիւրտերը Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական հողերուն վրայ յենարան մը կը ստանան: Կարգ մը փորձագէտներ կը նախատեսեն, որ քրտական հարցին զարգացումները պատճառ դառնան, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ թրքական զինուորական միջամտութիւն մը տեղի ունենայ այն պատրուակով, որ Պաշշար Ասատ քիւրտ ահաբեկիչներուն կ՛աջակցի, եւ ծանօթ է, որ այդպիսի պատրուակ մը Թուրքիոյ մէջ զօրակցութեան կ՛արժանանայ:

Ռուսական օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ «կը թուի, թէ հարցը ամերիկացիներուն հետ քննարկուած է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Անգարա իր վերջին այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ քրտական շրջանները պէտք չէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներու ապաստանարանի վերածուի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )