«Եթէ Սուրիոյ Վարչակարգը Իր Քիմիական Զէնքերը Օգտագործէ, Միջազգային Հակադարձութիւնը Անմիջական Եւ Կայծակնային Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ֆապիւս

Լորան Ֆապիւս

Մինչ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ «Սուրիոյ տագնապին ետին Ամերիկան եւ Իսրայէլը կը կանգնին` դիմադրութիւնը հարուածելու համար», Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիա զէնք ու դրամ ուղարկողները ամբաստանեց տեղւոյն պատերազմը հրահրելու համար` նշելով, որ «Սուրիոյ վարչակարգը ուժեղ է եւ կրնայ ինքզինք պաշտպանել»:

Ան վերահաստատեց, որ «Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Իրանի կեցուածքը` քաղաքական լուծումին ու երկխօսութեան զօրակցիլն է»` շեշտելով, որ «Իրան ոեւէ մէկուն իր զօրակցութիւնը չի ծածկեր»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահը Թուրքիոյ հետ Իրանի յարաբերութիւնները նկատեց «լաւ, հակառակ սուրիական հարցին շուրջ տարակարծութեան»:

Ան նաեւ ըսաւ, որ «Իրանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները տեղեկատուական են, ոչ աւելին, եւ արդիւնք են իսրայէլացիներուն զգացած մեկուսացման»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս «էօրոփ1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ «եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը իր քիմիական զէնքերը օգտագործէ, միջազգային հակադարձութիւնը անմիջական եւ կայծակնային պիտի ըլլայ»:

«Այս կէտին շուրջ վէճ բացարձակապէս չենք ընդունիր» ըսաւ ան` շեշտելով, որ «կենսաբանական եւ քիմիական զէնքերը մեծ վտանգ կը ներկայացնեն»:

Ֆապիւս յայտնեց, որ «օրէնսդրութիւնները տարբեր են, եւ յստակ է, որ նկատի ունենալով հետեւանքները, այդ զէնքերուն օգտագործումը ոչ իսկ վայրկեան մը կրնանք ընդունիլ»:

Իրաքի փոխվարչապետ Թարեք Հաշիմի թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ)  Թուրքիոյ մէջ կատարած յարձակումներուն աճը սուրիական վարչակարգին կողմէ ճնշումի խաղաքարտ մըն է եւ շրջանային ուժեր կ՛աջակցին անոր»` աւելցնելով, որ սուրիական վարչակարգը այդ խաղաքարտը կը խաղայ` «շանթաժի ենթարկելու համար Թուրքիան, որպէսզի շրջանի ժողովուրդներուն իր աջակցութիւնը դադրեցնէ»:

Ան ըսաւ, որ ՔԱԿ-ի յարձակումներուն մագլցումը «այն գինն է, զոր Թուրքիա կը վճարէ շրջանին մէջ ժողովուրդներուն կողքին եւ ոչ թէ վարչակարգերուն կողքին կանգնելուն համար… եւ կը նախատեսեմ, որ ՔԱԿ յաւելեալ յարձակումներ գործէ»:

Հաշիմի թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց «ժամանակ չկորսնցնելու» եւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական մարզի տեղական կառավարութեան հետ բանակցելու, ինչպէս նաեւ ՔԱԿ-ի հետ հաղորդակցութեան ուղղակի կապեր հաստատելու:

Իրաքի փոխվարչապետը ըսաւ, որ իրաքեան կառավարութիւնը սուրիական վարչակարգին ամէն տեսակի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ եւ Իրաք այդ վարչակարգին «աջակցութեան միջանցքի» վերածուած է:

Ան Նուրի Մալիքիի կառավարութիւնը ամբաստանեց իրաքեան միլիսներու անդամներ սուրիական վարչակարգին ջարդերուն օժանդակութեան ուղարկելու համար:

Միւս կողմէ, աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն այաթոլլա Խամենէի հետ իր հանդիպումին ընթացքին խնդրած է, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար ան անձնապէս միջամտէ, սակայն Խամենէի խնդրանքին ընդառաջելու համար պայման դրած է դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումի դադրեցումը:

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի հինգշաբթի գիշեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «եթէ Թուրքիա գաղթականները ընդունելով բաւարարուէր, շնորհակալ պիտի ըլլայինք, սակայն անիկա կը հիւրընկալէ զինեալ խմբաւորումներ, որոնք իր հողամասերէն ընթացք առնող գործողութիւններ կը կատարեն, այդ պարագային թրքական կառավարութիւնը եւ ոչ թէ ժողովուրդը, սուրիական արեան հեղման մեղսակից կը դառնայ»:

Ան հարց տուաւ, թէ «կարելի՞ է, որ ձեր պետութիւններէն մէկը ընդունի, որ զինեալ խմբակներ իրմէ բաժիններ անջատեն, եւ արդեօք կարելի՞ է, որ ձեր կառավարութիւններէն մէկը իր քաղաքացիները պաշտպանելէ հրաժարի»:

Ժաաֆարի ըսաւ, որ «սուրիացի ժողովուրդին օժանդակութիւնը նախ եւ առաջ կը կայանայ անոր տառապանքին պատճառ դարձած ազդակներուն դարմանումին մէջ, մասնաւորաբար ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները եւ անոնց աջակցողները»:

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ ներկայացուցիչը ըսաւ, որ սուրիացիները ցաւ եւ ափսոսանք կը զգան, երբ կը տեսնեն իրենց եղբայրները, որոնց բռնի կերպով կը պարտադրուի բնակիլ հոն, ուր կարելի է միայն արգելափակման ճամբարներ կոչել»: Ան կոչ ուղղեց այդ պետութիւններուն արտօնելու տունդարձը անոնց, որոնք կը փափաքին վերադառնալ, եւ անոնց դիմաց ճամբարներուն ելքի դուռը չփակելու:

Ժաաֆարի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն ներկայացուց 170 արաբ եւ օտար ահաբեկիչներու անուններ, որոնք Հալէպի մէջ սպաննուած են, ինչպէս նաեւ անոնց անուններու, ինքնութեան եւ քաղաքացիութեան փաստաթուղթերը` նշելով, որ անոնց շարքին են յորդանանցիներ, պաղեստինցիներ, եգիպտացիներ, լիպիացիներ եւ լիբանանցիներ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռէն ելոյթներ ունենալու` վստահեցնելով, որ նախապէս պարտադրուած արգելքները ջնջուած են:

Ապահովական գետնի վրայ, Հալէպի Զահրա շրջանին, ինչպէս նաեւ Պոսթան Պաշա, Սուլէյման Հալապի եւ հին Հալէպի թաղամասերուն մէջ բախումներ տեղի ունեցան, իսկ սուրիական բանակը շարունակեց Պապ Հատիտի ուղղութեամբ յառաջանալ:

Յայտնենք, որ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի 16-րդ վեհաժողովը երէկ միաձայնութեամբ որդեգրեց Թեհրանի փաստաթուղթը, որ օրեր առաջ մասնագէտներու ներկայացուցած բանաձեւին կրկնօրինակն է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )