Հասան Եաագուպ. «Մուսա Սատըր Եւ Անոր Ընկերակիցները Ողջ Են Եւ Լիպիոյ Մէջ Են»
Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ երէկ յայտնեց, որ ինք շատ կարեւոր տեղեկութիւններ ունի իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր երկու ընկերակիցներուն ողջ ըլլալուն մասին:
Ան նշեց, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, Սատըր եւ անոր ընկերակիցները, որոնցմէ մէկը իր հայրն է, տակաւին ողջ են ու կը գտնուին Լիպիոյ մէջ:
Ան հաստատեց, որ նախապէս, երբ Լիպիա կը գտնուէր իր ղեկավարին` Մոամմար Քազզաֆիի իշխանութեան տակ, անկարելի էր Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն մասին հետաքննութիւն կատարել, «սակայն այսօր ի՞նչն է, որ կ՛արգիլէ այդ հետաքննութիւններուն ընթացքը», հարց տուաւ ան:
«Լիպիական կողմին հետաքննութիւնը ողջունելի է, սակայն մենք դժգոհ ենք անկէ, որովհետեւ անբաւարար կը նկատենք, եւ մեր դժգոհութեան իբրեւ արտայայտութիւն, մենք պիտի չմասնակցինք իմամ Սատըրի անյայտացման տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին: Եթէ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ հետաքննութեան առումով ջանքերը չաշխուժանան, ապա մեր մօտ եղած տուեալները պիտի բացայայտենք` փաստելու համար կարգ մը լիբանանցիներուն բացթողումները, չըսելու համար` մեղսակցութիւնը», ըսաւ ան:
Իր կարգին, իմամ Սատըրի քոյրը` Ռապապ Սատըր յայտնեց, որ իր եղբօր եւ անոր ընկերակիցներուն ճակատագիրին մասին լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակուած բոլոր յայտարարութիւնները անճիշդ են:
Ան մեղադրեց լիբանանեան իշխանութիւնները, որոնք անպատասխանատու կեցուածք ցուցաբերած են այդ հարցին առնչութեամբ:

