Ղովմի Կուսակցութեան Անդամ Մը Եւ Համակիր Մը Կը Յանձնուին Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքին

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ շրջափակեց Ղովմի կուսակցութեան Համրայի կեդրոնը եւ պահանջեց անոր անդամները, որոնք յարձակած են իր անդամներուն վրայ:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, տեղեկահաւաքի բաժանմունքը մինչեւ գիշեր պայմանաժամ ճշդած էր յանձնելու յանցագործները:

Ղովմի կուսակցութիւնը, որ հերքեց տեղեկահաւաքի բաժանմունքին այս ամբաստանութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք ապահովութեան ուժերուն հետ հարցեր չունին, աւելի ուշ յանձնեց իր անդամներէն մէկը եւ համակիր մը, որոնք ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ փոխանցուեցան Հըպէյշի ոստիկանատուն:

Նշենք, որ յանցագործներու յանձնումէն անմիջապէս ետք Համրայի Մաքտիսի փողոցին մէջ որդեգրուած ապահովական բոլոր միջոցառումները եւ մեծ թիւով ապահովական ուժերը անհետացան` շրջանը վերադարձնելով իր սովորական իրավիճակին:

Աւելի ուշ, Ղովմի կուսակցութեան անունով յայտնուեցաւ, որ Համրայի մէջ հինգշաբթի երեկոյեան հարց մը պատահած է Ղովմի կուսակցութեան մէկ անդամին եւ մոթորսիքլեթով երիտասարդի մը միջեւ: Ան աւելցուց, որ հարցին ընթացքին ո՛չ կրակոց արձակուած է եւ ո՛չ ալ դանակ օգտագործուած:

Ան նշեց նաեւ, որ իրենք առաւօտեան զարմացած են որդեգրուած ապահովական միջոցառումներով եւ լրատուամիջոցներուն ներկայացուցիչներով, որովհետեւ առաջին իսկ վայրկեանէն գործակցութիւն ցուցաբերած են ներքին ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ:

Share this Article
CATEGORIES