Նախագահ Սլէյման Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սրի Լանքայի Նախագահին Հետ

Նախագահներ Սլէյման եւ Ռաճպաքսէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց իր մասնակցութիւնը բերել Թեհրանի մէջ

տեղի ունեցած Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի 16-րդ վեհաժողովին եզրափակիչ նիստին:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Սրի Լանքայի նախագահ Մահինտա Ռաճպաքսէի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ աշխատող սրի լանքացի քաղաքացիներուն իրավիճակը:

Ռաճպաքսէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի` Լիբանանի մէջ աշխատող սրիլանքացիներուն լիբանանեան պետութեան տրամադրած հոգատարութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES