Նապաթիէի Մէջ Իմամ Մուսա Սատըրի Յիշատակի Ձեռնարկ

Պըրրի իր խօսքը կ՛ուղղէ Ամալ շարժումի մեծաթիւ համակիրներուն

Ամալ շարժումին կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան Նապաթիէի Աշուրա հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը` նուիրուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն յիշատակին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անյայտացած իմամ Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն ճակատագիրին մասին յայտնեց, որ Քազզաֆիի սեւ տուփը տակաւին չէ բացայայտուած` աւելցնելով, որ անոր մէջ տակաւին կան մեծ թիւով գաղտնիքներ:

«Լիբանանեան պաշտօնական եւ Ամալ շարժումի մակարդակներուն վրայ աշխատած ենք եւ մեր աշխատանքը պիտի շարունակենք` ազատ արձակելու համար իմամ Սատըրը եւ անոր ընկերակիցները` շէյխ Մոհամետ Եաագուպը եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինը», ըսաւ ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ իրենք ոչ մէկ տեղեկութիւն կամ տուեալ կ՛անտեսեն այս իմաստով, «սակայն ճշմարտութիւնը սահմանափակուած կը մնայ այնպիսի նեղ շրջանակներու մէջ, որոնք միայն բանտապահները եւ դահիճները գիտեն: Անոնցմէ են` Լիպիոյ տապալած վարչակարգի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուն, որ կը գտնուի Մաւրիտանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Քազզաֆիի զաւակը` Սէյֆուլ Իսլամ Քազզաֆի, որ կը մնայ բանտարկուած», յայտնեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ Լիպիոյ մէջ կատարուած փնտռտուքին եւ հետաքննութեան առումով իրենք բարեկամ երկիրներէ դրական պատասխաններ ստացած են` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարին առնչութեամբ:

«Իսկ ամէնէն ուշը մինչեւ կիրակի (վաղը) իմամ Սատըրի ճակատագիրին մասին անկիւնադարձային տեղեկութիւն մը պիտի իմանանք», աւելցուց ան:

Այս իմաստով Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Լիպիոյ բարձրագոյն իշխանութիւններուն, յատկապէս Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլի  ջանքերուն համար եւ կոչ ուղղեց Լիպիոյ իշխանութիւններուն իմամ Մուսա Սատըրի հարցը նկատի ունենալու իբրեւ ազգային, ազատութեան եւ մարդկային հարց մը, որովհետեւ «ինչպէս մեզի, նաեւ լիպիական իշխանութիւններուն համար բացայայտուեցաւ, որ աճիւններու եւ դիազննութեան արդիւնքները ժխտական էին 34 տարիներու ընթացքին:

Իր խօսքը ուղղելով իսլամ ղեկավարութիւններուն եւ հեղինակութիւններուն` Պըրրի կոչ ուղղեց  զգուշանալու սադրանքներէն:

«Ո՛վ իսլամներ, արաբներ եւ լիբանանցիներ, իմամ Մուսա Սատըրի անունով կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի գործելու ի խնդիր իսլամական միասնականութեան: Ազհարի, Նաժաֆի, Քումի, Սէուտական Արաբիոյ եւ իսլամ բոլոր հեղինակութիւններ ու պատասխանատուներ, կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի զգուշ ըլլալու իսլամներուն թշնամիներէն, որոնք կը փորձեն իսլամները դէպի սադրանք առաջնորդել անոնց իսկ ձեռամբ: Մենք կ՛երդնունք, որ սադրանքներու մէջ պիտի չներքաշուինք եւ բազմիցս յայտնած ենք, որ Արեւելքի սադրանքը իւրաքանչիւր տուն մուտք պիտի գործէ:

«Պէտք է ըլլալ միասնական, այլապէս եթէ բաժանումը հարուածէ մեզի, ապա մենք պիտի դառնանք գաղութատիրութեան, բռնագրաւումի եւ օտար հոգատարութեան,  ինչպէս նաեւ Մեծն Իսրայէլի կերտումին ենթակայ», ըսաւ ան:

Այս առումով Պըրրի կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, Ռիատի մէջ իսլամական տարբեր յարանուանութիւններուն միջեւ երկխօսութեան կեդրոն մը հիմնելու:

Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելով` Պըրրի յայտնեց, որ ինք չի փափաքիր ծածկել եւ անտեսել իւրաքանչիւր պահու իր մտահոգութիւնը` Սուրիոյ միասնականութեան ստանալիք հարուածին հաւանականութեան եւ բաժանումի այդ հաւանականութեան դէպի Լիբանան, Իրաք եւ Յորդանան, ինչպէս նաեւ Իրան եւ Թուրքիա փոխանցումին մասին:

«Սուրիա այսօր թիրախ է միջազգային դաւադրութեան, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնան ամբողջ աշխարհը եւ նոյնիսկ արաբները: Այս դաւադրութեան նպատակն է Սուրիոյ շրջանային դերակատարութեան վերջ տալ եւ աշխարհագրական նոր «Սայքս Փիքօ»-ի համաձայնագիր մը յառաջացնել` Սուրիան եւ անոր իսլամական խորքը մասնատելու համար», ընդգծեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Սուրիա Հալէպի կամ Դամասկոսի մէջ ճակատէ մը աւելին է: «Սուրիա շատ աւելի մեծ է եւ արժանի չէ իր դէմ նիւթուող այս դաւադրութեան», ըսաւ ան:

Պըրրի կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ սադրանքներուն եւ զէնքի ուժին վերջ տալու եւ որդեգրելու երկխօսութիւնը` լուծելու համար Սուրիոյ տագնապը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )