Հունգարիա Մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Յանձնեց Ազրպէյճանին. Հայաստան Կասեցուց Պուտափեշտի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները

«Հայ Ժողովուրդը Պիտի Չներէ Պատահածը»
Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան` Հայաստանի Մէջ
Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն

 

2004 թուականին Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարելու յանցանքով Հունգարիոյ դատարանին կողմէ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարով Ազրպէյճանի արտայանձնուեցաւ:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անմիջապէս ներում շնորհեց Ազրպէյճան հասած Սաֆարովին, հակառակ այն իրականութեան, որ Ազրպէյճան խոստացած էր, որ Սաֆարով պիտի շարունակէ կրել իր պատիժը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլայեւ 1news.az կայքէջին հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանելով Սաֆարովի արտայանձնումը նշեց, որ «մենք բարձր կը գնահատենք հունգարական կողմին հետ գործընկերային համագործակցութիւնը»: Ան յայտնեց նաեւ, որ պաշտօնական Պաքուն «արդէն որոշակի ժամանակէ ի վեր» աշխատանք կը կատարէր այդ ուղղութեամբ:

Այս իրադարձութեան լոյսին տակ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:

Ան նաեւ արտակարգ խորհրդակցութեան հրաւիրեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները եւ Հայաստանի մէջ գործող միջազգային կառոյցներու ղեկավարները:

Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկուեցան Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանը 2004 թուականին ազգային ատելութեան հողի վրայ դաժանաբար ապաննած Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սպայ Ռամիլ Սաֆարովին պատիժը կրելու համար Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ գաղտնի Ազրպէյճանին արտայանձնման փաստը եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերը: Նախագահը յայտնեց, որ Սաֆարով Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ վերադարձուած է Ազրպէյճան, իսկ Ազրպէյճանի նախագահը ներում շնորհած է այդ մարդասպանին: Նախագահը շեշտեց, որ բնականաբար ատիկա հանդուրժելի չէ եւ Հայաստան պիտի որոշէ իր ընելիքները:

Իբրեւ առաջին քայլ` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետին կողմէ բարձրացուած է հայոց զօրքերու զգօնութեան մակարդակը: Ատիկա անհրաժեշտ պայման է: Նախագահ Սարգսեան յատուկ յանձնարարականներ տուաւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին: Իբրեւ յաջորդ քայլ նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ վաղը իսկ պէտք է նամակներ պատրաստել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն եւ համապատասխան ցուցմունքներ տալ հայկական դիւանագիտական բոլոր կառոյցներուն: Հանրապետութեան նախագահը արդէն կապուած է հայկական աւանդական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ, եւ իր կարծիքով, արտերկրի մէջ հայ ժողովուրդը նաեւ պէտք է իր գնահատականը տայ պատահածին գծով: Ան շեշտեց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, որ կոպիտ սխալ գործած են:

Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ Հունգարիա փաստօրէն գործարքի մէջ մտած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ: Ըստ նախագահին, ազրպէյճանական կողմի մեկնաբանութիւնները, թէ արդէն մէկ տարիէ աւելի գաղտնի բանակցութիւններ կը վարեն եւ հարցը վերջնականապէս լուծուած էր Հունգարիոյ վարչապետին Պաքու պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, կը վկայէ այն մասին, որ այստեղ արդարադատութեան նախարարին որոշումը չէ, այլ գործարքի մէջ մտած երկիրներու համաձայնեցուած գործողութիւններ, իշխանութիւններու համաձայնեցուած գործողութիւններ:

«Եւ մենք պէտք է անպայման համապատասխան արձագանգ  ապահովենք: Ասիկա պարզ մարդասպանութիւն չէ, մարդասպանութիւն է ցեղային հողի վրայ եւ կ՛արդարացուի Եւրոպական Միութեան անդամ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ: Ասիկա շատ վատ հանգամանք է», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Նիստին ընթացքին որոշում տրուեցաւ կասեցնելու Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ պաշտօնական կապերը:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ ունեցած արտակարգ խորհրդակցութեան ընթացքին ըսաւ. «Իրենց այս միացեալ գործողութիւններով Հունգարիոյ դուռ բացին նման յանցագործութիւններու կրկնութեան համար: Այս որոշումով անոնք ուղերձ կու տան մարդասպաններուն:

Անոնք այսուհետեւ գիտեն, որ ցեղային կամ կրօնական ատելութեան հողի վրայ կատարուած սպանութիւնը կրնայ անպատիժ մնալ: Ես ատիկա հանդուրժել չեմ կրնար: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ատիկա հանդուրժել չի կրնար: Հայ ժողովուրդը պիտի չներէ այդ մէկը»:

«Երկիր» կապուեցաւ Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ` պարզելու համար, թէ նախ որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանէ այն տեղեկատուութիւնը, որ Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովը յանձնած են Ազրպէյճանին եւ ինչպիսի՞ն էր դեսպանատան դիրքորոշումը փաստին վերաբերեալ:

Դեսպանատան աշխատակից Արթուր Մուշեղեան յայտնեց, որ դեսպանատան, ինչպէս նաեւ ամբողջ Հայաստանի դիրքորոշումը բացասական է:  Ան չկրցաւ աւելին ըսել, որովհետեւ հիմա շատ լարուած պահ է` դեսպանատունը Հունգարիոյ հետ որոշ ճշդումներ կը կատարէ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, իշխող հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով` մեկնաբանելով Սաֆարովի արտայանձման փաստը, յայտնեց, որ յանցագործ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու հունգարական իշխանութիւններու քայլը առնուազն տարակուսանք եւ վրդովմունք կը յառաջացնէ, քանի որ պարզ էր, թէ Ազրպէյճանի մէջ ինչ կը սպասէր այդ մարդասպանին:

Ինչ կը վերաբերի անոր ներում շնորհելու Ալիեւի որոշման, Շարմազանով նշեց, որ այս քայլը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով կ՛իրականացուի եւ կը խրախուսուի հայատեացութեան եւ ֆաշականութեան քաղաքականութիւն: «Կը կարծեմ, որ այդ մարդասպանին ներում շնորհելու Ազրպէյճանի ապշեցուցիչ քայլը պէտք չէ անարձագանգ մնայ եւ դատապարտող գնահատականի արժանանայ միջազգային հանրութեան կողմէ:

Յայտնենք, որ այս հարցով այսօր տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց մը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ, ուր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին պիտի ներկայացուի պահանջագիր մը: Ապա բողոքի մասնակիցները երթով պիտի քալեն դէպի Հունգարիոյ հիւպատոսարան, ուր տեղի պիտի ունենայ բողոքի եւ ցասումի ցոյց:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )