Խմբագրական. Քաղաքական Պահու Հասունացման Ընդառաջ. (Արցախի Անկախութեան Հռչակագիրի 21-Ամեակին Առիթով)
Արցախի անկախութեան հռչակման նշումը խորքին մէջ իրողականէն իրաւական անցումի հանգրուանի նախապատրաստուիլը կը յուշէ: Արցախի Հանրապետութիւնը իրողապէս անկախ է` պետական համապատասխան կառոյցներով, զինուժով, պաշտպանութեան համակարգով, օրէնսդրական դաշտով եւ այս բոլորին ածանցեալ բոլոր ծառայութիւններով: Անկախութեան հռչակումն ալ ընթացած է միջազգային ընտանիքի սահմանած օրինաչափութիւններուն նկատառումով եւ օրէնքներուն ընդառաջ: Ժողովուրդի կամարտայայտութիւնը լիարժէք յարգուած է թէ՛ հանրաքուէով եւ թէ՛ իրերայաջորդ ընտրութիւններով: Անոնցմէ վերջինը` նախագահականը արժանացած էր միջազգային դէտերու եւ պետութիւններու ներկայացուցիչներու անվերապահ գնահատանքներուն, որոնք համեմատութեան եզրեր գտած էին ժողովրդավարութեան յարգումով աչքի ինկող պետութիւններու հետ:
Այս բոլոր յիշեցումները` վերընդգծելու համար, որ իրողական անկախ հանրապետութիւնը նաեւ միջազգային իրաւունքի բոլոր հիմնադրոյթները յարգած ըլլալով կ՛ընթանայ դէպի իրաւական ճանաչում:
Քաղաքական բանականութիւնը սակայն կը յուշէ, որ իրաւական նախապատրաստուածութիւնը սոսկ միջազգային օրէնքներու ընդառաջ շարժելով բաւարար չէ ամրագրումի համար: Քաղաքական պահն է, աւելի ճիշդը պետութիւններու շահերու զուգադիպումի երեւոյթը, որ կրնայ յանգեցնել անկախութեան ճանաչումին: Քոսովոյի եւ Աբխազիոյ օրինակները այս տեսութիւնը կը հաստատեն ամէնէն պարզ ձեւով: Ճանաչումները երբեմն կը ստանան սպառնալիքի բնոյթ, յաճախ սակարկութեան առարկայ եւ միշտ` ճնշամիջոց ու օգտագործուող խաղաթուղթ :
Ի հարկէ տեսութեան բացարձակացումը ճիշդ պիտի չըլլար` յանգելու համար այն եզրակացութեան, որ քաղաքական շահի գերակայութիւնը կ՛ենթադրէ իրաւական նախապատրաստուածութեան անտեսում: Իրաւական նախադրեալներու ամբողջացումը, դաշտի կայացումը եւ միջազգային օրէնքի սահմանած անկախացման հիմնադրոյթները կիրարկելը անհրաժեշտ են դիւանագիտական աշխատանքներուն համար:
Այստեղ կայ նուրբ խնդիր, որուն նկատառումը կարեւոր է իրաւաքաղաքական աշխատանքներուն ընթացքին: Իրողական անկախ կարգավիճակի ներկայացումը կ՛ենթադրէ (բնականաբար յաչս միջազգային ընտանիքին) անկախ ըլլալ` ոչ միայն Ազրպէյճանէն, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն: Ներազգային առումով որքան ալ մեր հաւաքական ենթագիտակցութեան մէջ Արցախը այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ վաղուան միացեալ Հայաստանին անբաժանելի մասն է, այսուհանդերձ միջազգային ատեաններու մօտ Արցախի իրողական անկախութիւնը պիտի ենթադրէ տնտեսապէս, զինուորապէս եւ քաղաքականապէս անկախ որեէ այլ պետութենէ, ընդ որում նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն:
Ահա այս նկատառումով ալ աւելիով կը կարեւորուի Ստեփանակերտի ուղղակի մասնակցութիւնը հակամարտութեան բանակցութիւններուն: Հակամարտութեան բանաձեւի ներկայացումը` իբրեւ արցախեան-ազրպէյճանական (փոխան` հայ-ազրպէյճանականին), թեքնիք առումով աւելի կը նպաստէ այս առաջադրանքի իրականացումին: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը ըստ էութեան կարեւոր քայլ է նաեւ այս ուղղութեամբ: Ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը անկախ անկէ, որ նախաճանաչում է, ուղղակի կը նպաստէ նաեւ իրաւական անկախութեան միջազգային ճանաչումին:
Մնացեալը` քաղաքական պահու հասունացման հետ կապուած խնդիր է: Այնքան մը, որ ճանաչումի պաշտօնական յայտարարութիւններ կրնան նոյնիսկ յանկարծակիութեան գործօնի ազդեցութիւն ձգել: Աշխատանքի հետեւողականութիւնը աւելի քան համոզիչ հրամայական է: Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան նախաքայլը եզակի պէտք չէ ձգել: Պետութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու նպատակաուղղուած աշխատանքը բերրի ենթահող կը պատրաստէ հայկական երկրորդ հանրապետութեան իրաւական ճանաչումին: