50 Տարի Առաջ ( 1 Սեպտեմբեր 1962 )

Խմբագրական

Հայոց Լեռներու Արծիւը

(Անդրանիկի Մահուան 35-Ամեակին Առթիւ)

Երեսունհինգ տարի առաջ` 30 օգոստոս 1927-ին, հեռաւոր Քալիֆորնիոյ մէջ, յաւիտենապէս աչքերը փակեց հայ ժողովուրդի անզուգական զաւակը, մեր ազատագրական պայքարներու կեդրոնական դէմքը` Անդրանիկ, որ քառորդ դար ամբողջ, իբրեւ արծիւ սաւառնեցաւ Հայաստանի աշխարհի վերեւ, բարկացած աստուածներու նման անցաւ հայոց լեռներուն վրայէն` յեղափոխութեան մրրիկին մէջ, վրէժի ու ցասման խորհրդանիշ որպէս:

Իրմէ առաջ ու իրեն հետ կը տեսնենք բազմաթիւ ուրիշներ, նոյնքան նուիրական անուններ, հայոց յեղափոխութեան կրակէ մատեանին մէջ դիւցազնատիպ հերոսներ, որոնք ժողովուրդի մը ապրելու իրաւունքը, իրենց սուրին ծայրով խլեցին անագորոյն թշնամիէն եւ դաժան աշխարհէն: Բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը ունեցաւ Անդրանիկի համբաւը, վայելեց այն ժողովրդականութիւնը, որ բաժինն էր Շապին Գարահիսարի արժանաւոր զաւկին: Անդրանիկ իր ըմբոստ բնաւորութեամբ եւ յեղափոխականի խառնուածքով, լաւագոյնս կը խորհրդանշէր իսկական ֆետայիի տիպարը:

Անդրանիկ այն մարտիկն էր, որ ամէնէն աւելի կը խօսէր հայ ժողովուրդի սրտին, որ անոր մէջ կը տեսնէր իր դարաւոր վրէժը պոռթկալու լաւագոյն միջոցը: Արդարեւ, վրէժի զգացումը տիրապետող գիծը եղաւ Անդրանիկի, անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Իր մուտքը` հայոց ազատագրութեան թատերաբեմ եղաւ արձագանգը վրիժառական արարքի մը: Սպաննեց այն քիւրտը, որ խոշտանգած էր իր ատաղձագործ հայրը: Ու համեստ ծագումով եւ զարգացումով այս տղան, որ իր մէջ կը խտացնէր ցեղին ազատատենչ ոգին, փոթորիկի մը պէս պայթեցաւ մեր թշնամիներու գլխուն` արդար պատուհասի անզուսպ խոյանքով:

Հրաշք մարտիկն էր ան, որուն հրամանին ներքեւ կռուիլը պարել էր, ինչպէս կը վկայէ Մուրատ, երբ Սերոբի մահէն ետք, հայդուկները կ՛ուզեն իրենց հրամանատարութիւնը յանձնել Սեբաստիոյ քաջ ֆետայիին: Երբ բոլոր ակնարկները ուղղուած էին Մուրատի, համեստ ռազմիկը կը նայի Անդրանիկին, անոր` որ Սերոբի մահուան վրէժն էր լուծած, կտրելով Պշարէ Խալիլի գլուխը:

Այնուհետեւ, ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ, Սասունի, Առաքելոց վանքի, Ծովասարի եւ Աղթամարի անհաւասար ու օրհասական կռիւներուն մէջ միշտ յաղթական` Անդրանիկ ամէնէն տաք մարտնչումներէն դուրս եկած էր անեղծ: Մինչ գնդակները կը սուրային շուրջը, ընկերներ կ՛իյնային, Անդրանիկ, գերահրաշ զօրութեամբ մը, վէրք մը իսկ չէր ստանար, կարծէք իբրեւ արդիւնքը այն աղօթքին, որ բոլոր հոգիներէն կը բարձրանար` ի պաշտպանութիւն մեծանուն հերոսին:

Անդրանիկ հետզհետէ պարտադրեց ինքզինք: Նահանջել չգիտցող այս հերոսատիպ հայդուկը, մինչեւ 1920 մնաց պայքարի գիծերուն վրայ, իբրեւ կամաւորական գունդերու հրամանատար, արժանանալու համար զօրավարի տիտղոսին: Այդ թուականին է, որ ֆրանսական կառավարութիւնը, Անդրանիկը պատուեց Պատուոյ Լեգէոնի շքանշանով:

1922-ին քաշուեցաւ գործօն կեանքէ եւ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր շարունակ ապրեցաւ յաճախանքը զէնքի իր ընկերներուն` Աղբիւր Սերոբի, Գէորգ Չաւուշի, Մուրատի եւ այլոց, որոնց հետ կռուած էր տարիներ շարունակ, հայոց ազատագրական դրօշը բարձր բռնած:

Մահէն ետք` 1928-ին, մարմինը փոխադրուեցաւ Փարիզ, ուր համազգային շուքով ամփոփուեցաւ Փէր-Լաշէզի գերեզմանատան մէջ:

Անդրանիկ սակայն շարունակեց ապրիլ հայ ժողովուրդի  սրտին մէջ ու պիտի ապրի դարեր շարունակ: Պիտի ապրի երգին մէջ հայ պատանիին ու հայ մարդուն, որ ազգային գերագոյն ապրումներու պահուն, կը պանծացնէ հայոց լեռներու արծիւը, ան` որուն անունը պիտի յիշուի դարէ դար, իբրեւ հայրենիքի տէր ու պաշտպան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )