Ներկայէն Անդին. Աչքի Համակարգիչներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԿՈՒԿԸԼ ԿԸ ԶԱՐԳԱՑՆԷ ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐԸ «ԽԵԼԱՑԻ ԱԿՆՈՑՆԵՐՈՎ» ՕԺՏԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ: ՆՄԱՆ ԳՈՐԾԻՔԻ ՄԸ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ՍՊԱՍԵԼԻ ԷՐ: «ՏԻ ԷՔՈՆՈՄԻՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԷ ՇՈՒԿԱՆԵՐԸ:
Կուկըլ կը փայփայէ ակնոցներու իւրայատուկ տեսլական մը: 27 յունիսին այս ընկերութեան հիմնադիրներէն` Սերկէյ Պրին ներկայացուց անթել հաղորդակցութեամբ գործող ակնոցներ ստեղծելու ծրագիրի մը երկրորդ հանգրուանը: Այս ակնոցները առիթ պիտի տան, որ զանոնք կրող անձերը փոխանակեն երկտողեր, լուսանկարներ եւ տեսերիզներ, ինչպէս նաեւ` լուսանկարեն եւ նկարահանեն ինչ որ ուզեն: Արդէն պատրաստութեան ընթացքի մէջ են նախատիպեր, եւ Կուկըլի պատասխանատուները կը յուսան մինչեւ յառաջիկայ տարի զանոնք տրամադրել համակարգչային ծրագիրներ պատրաստող մասնագէտներու, ապա` մինչեւ 2013-ի աւարտը կամ 2014-ի սկիզբը զանոնք իջեցնել սպառողական շուկայ:
Կուկըլի խիստ գաղտնի Էքս. Լապ գիտաշխատանոցին մէջ կատարելագործուող այս ծրագիրին նպատակն է ընդարձակել համակարգչային արհեստագիտութեան սահմանները: Ակնոցներուն նախատիպը ցուցադրուած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Կուկըլի արհեստագիտական նորութիւններուն վերաբերող համագումարի մը առիթով, որուն ընթացքին նաեւ ցուցադրուած են շարք մը այլ գործիքներ, ինչպէս` տան մէջ գործածելու յատուկ անթել միտիա փլէյըր մը եւ բարակ աժան համակարգիչ մը: Սակայն ամէնէն աւելի երկար շարքեր կազմուած են հոն, ուր այցելուներ կը փորձէին Կուկըլի ակնոցները:
Այս երեւոյթը այնքան ալ զարմանալի չէր, որովհետեւ Կուկըլի ակնոցները կարծէք գիտաերեւակայական վէպէ մը դուրս եկած են: Ակնոցին մէկ ապակիին վերի մասին յարելով նայուածքը` կարելի է կարդալ գրութիւն մը կամ դիտել շարք մը նկարներ: Ակնոցը կարելի է «աշխատցնել»` խօսելով հրահանգներ տալով կամ հպելով թեւին մէջ զետեղուած «բարձիկի» մը կոճակներուն: Պրին կը բացատրէ, թէ այս ակնոցը շինելու նպատակն է «մէջտեղէն վերցնել արհեստագիտութիւնը», որպէսզի մարդիկ կարենան, օրինակ, տեսերիզներ նկարել` առանց նկարահանումի գործիքի կամ բազմաթիւ կարողութիւններով օժտուած համակարգչային հեռաձայնի:
Կուկըլի ակնոցները կ՛արտացոլեն հետզհետէ աճող հետաքրքրութիւն մը` մարմնին վրայ համակարգչային գործիքներ կրելու նկատմամբ: Մասնագէտներու կարծիքով` այս մէկը յաջորդ իրագործումը պիտի դառնայ խելացի հեռաձայններու (սմարթ ֆոն) եւ ափի չափ համակարգչային գործիքներու յայտնութենէն ետք: Սակայն արհեստագիտական գործիքներու վեթերան մասնագէտներ կը զգուշացնեն, թէ մարմնին վրայ կրելու յարմարութեամբ օժտուած համակարգչային գործիքներ ձեւագծելը շատ դժուար է: «Համակարգչային նոր գործիքներ ձեւագծելու առաջին փորձերը ընդհանրապէս արդիւնք չեն տար», կ՛ըսէ դրամագլուխներ շահարկող ընկերութեան մը ներկայացուցիչը:
Եթէ Կուկըլի ակնոցները պիտի փաստեն, որ բացառութիւն են, ապա Կուկըլ պարտաւոր է նաեւ դիմագրաւել շարք մը մարտահրաւէրներ: Առաջին` այնքա՛ն կատարելագործել ակնոցներուն ձեւագծումը, որ նման ակնոց մը կրող անձը չնմանի գիտաշխատանոցի մը մէջ աշխատող մասնագէտի մը: Այլ հարց մըն է անձնական ազատութիւնը պահելու անխուսափելի կարիքը: Կուկըլ պէտք է յստակ դարձնէ, թէ իր ակնոցները գործածող անձերուն աչքերը պիտի չշլանան ծանուցումներով, մանաւանդ, երբ գիտենք, թէ ծանուցումները դրամ շահելու Կուկըլի նախասիրած միջոցն են: Պրին կը շեշտէ, թէ Կուկըլի նպատակն է շահ ապահովել նոյնինքն ակնոցներուն վաճառքէն: Իւրաքանչիւր ակնոցի մեծաքանակի գինը պիտի չանցնի 1500 տոլարի սահմանը: Այս գինը թերեւս ինքնին պիտի մղէ, որ մարդիկ մօտէն դիտեն զանոնք:

