Ներկայէն Անդին. Նիլ Արմսթրոնկ. Բոլոր Ժամանակներու Ամերիկացի Մեծագոյն Հերոսներէն Մէկը Կը Հեռանայ Այս Աշխարհէն

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐԴՆ ԷՐ, ՈՐ ՈՏՔ ԴՐԱՒ ԼՈՒՍՆԻ ՎՐԱՅ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏԵՑ  «ՓՈՔՐ ՔԱՅԼՈՎ ՄԸ»: ԱՅՆՈՒՀԵՏԵՒ, ԼՈՒՍԻՆԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՐ ԱՒԵԼԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅ ՄԸ: ԱՅԺՄ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ՄԱՀԸ ԱՅՆ ԱՍՏՂԱՆԱՒՈՐԴԻՆ, ՈՐ ԼՈՒՍԻՆԸ ՏՈՒԱՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՄԱՏՈՒՑԷ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԻՐ ՏՈՒՐՔԸ.

Նիլ Արմսթրոնկ ամերիկացի այն աստղանաւորդն էր, որուն պղտոր նկարը պատկերասփիւռին վրայ աշխարհը գամեց իր տեղը 1969-ի յուլիս 20-ին, երբ ան դուրս եկաւ լուսնի վրայ էջք կատարած իր անջրպետանաւուն փոքրիկ փոխադրակառքէն: Ան մահացաւ 82 տարեկանին, սրտի վիրաբուժական գործողութեան յաջորդած բարդութիւններու պատճառով:

Մահուան լուրը հաղորդեց Արմսթրոնկի ընտանիքը` կարճ յայտարարութեամբ մը: Լուրը չէր մանրամասներ, թէ ճիշդ ո՛ւր եւ ե՛րբ մահացած էր Արմսթրոնկ: Ան սրտի վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած էր օգոստոսի սկիզբը, որովհետեւ խցուած երակներ ունէր: Յայտարարութիւնը զայն կը նկարագրէր իբրեւ «ամերիկացի դժկամ հերոս մը, որ միշտ ալ հաւատացած էր, թէ պարզապէս իր ասպարէզն էր, որ կը կիրարկէր»:

Այս բառերը կը խտացնեն էութիւնը անձի մը, որ երբեք չէր տարուած համաշխարհային աստղ մը դառնալու մարմաջով, հակառակ այն մեծ իրադարձութեան որ զինք բարձրացուցած էր պատմութեան մեծագոյն հետախոյզներուն եւ ռահվիրաներուն պատուանդանին` Քոլոմպոսի եւ Մակելանի կողքին, իր հայրենակիցներուն` Ռայթ եղբայրներուն եւ Չարլզ Լինտպըրկի շարքին: Ինչպէս նախագահ Օպամա յայտարարեց` «Նիլ ամերիկացի մեծագոյն հերոսներէն է, ոչ միայն իր ժամանակներու, այլ նաեւ` բոլոր ժամանակներու: Երբ ան առաջին անգամ իր ոտքը դրաւ լուսնի վրայ, կտակեց մարդկային իրագործումի այնպիսի պահ մը, որ երբեք պիտի չմոռցուի»:

Լուսնի վրայ էջք կատարելու ծրագիրը իրականացնելու հրահանգը տուած էր նախագահ Ճոն Քենետի, 1961-ի մայիսին: Ամիս մը առաջ Խորհրդային Միութիւնը ցնցած էր Միացեալ Նահանգները` Եուրի Կակարինը ապահով հասցնելով մինչեւ Երկիրի ծիրը: Քենետի պայմանաժամ տուած էր մինչեւ տասնամեակին աւարտը իրականացնել լուսին երթալու ծրագիրը: Նպատակը իրագործուած էր «Ափոլօ 11» անջրպետանաւով կատարուած ուղեւորութեամբ մը: Այսպէս, երիտասարդ, վայելուչ եւ ամէնէն կարեւորը` ամերիկացի Արմսթրոնկ մաս կը կազմէր իր երկրին հերոսներուն պանթէոնին: Բախտը իր դերը ունեցած էր, որովհետեւ դէպի անջրպետ Արմսթրոնկի  երկրորդ ուղեւորութիւնն էր այս: Արկած մը կամ արհեստագիտական սխալ մը կրնար խանգարել ամէն ինչ: Սակայն պարզապէս զուգադիպութիւն մը չէր անոր ընտրութիւնը` իբրեւ ղեկավար «Ափոլօ 11» անջրպետանաւուն անձնակազմին, որուն մաս կը կազմէին Էտուին «Պազ» Ալտրին, որ իր կարգին քալեց լուսնի վրայ եւ Մայքըլ Քոլինզ, որ մնաց անջրպետանաւուն հրամանատարական փոխադրակառքին մէջ` լուսնի ծիրին վրայ:

Արմսթրոնկ ի՛նք շատ համեստօրէն կ՛արտայայտուէր պատահածին մասին. «Զիս չէին ընտրած իբրեւ այն անձը, որ առաջին անգամ ոտք պիտի դնէր լուսնի վրայ: Պայմանները զիս դրին այս յատուկ դերին մէջ: Ոչ ոք ծրագրած էր այս», ըսած է ան 2005-ին, հազուադէպ հարցազրոյցի մը առիթով, զոր տուած է «Սի. Պի. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին: Սակայն հաւանաբար ՆԱՍԱ-ի պատասխանատուները կը գիտակցէին, թէ պիտի կերպարանափոխուէր կեանքը առաջին անձին, որ ոտք պիտի դնէր լուսնի վրայ, հետեւաբար եզրակացուցած էին, թէ երեք անջրպետագնացներէն Արմսթրոնկ ամէնէն աւելի օժտուած էր այս ճնշումին դիմանալու զօրութեամբ:

Ոմանք զայն պիտի կոչէին մենակեաց մը եւ նոյնիսկ զայն պիտի բաղդատէին մեծահարուստ գիտնական եւ մարդասէր Հաուըրտ Հիւկզի հետ: Սակայն իրականութիւնը տարբեր էր: Արմսթրոնկ պարզապէս իր հռչակը դիմաւորած էր արտասովոր գիտակցութեամբ եւ արժանապատուութեամբ: Ան չէր սիրեր լուսարձակները եւ ամէն բանէ աւելի կը ձգտէր բնականութեան: Մեծ մասամբ յաջողած էր ապրիլ նման կեանք մը: Հազուադէպ են Արմսթրոնկի հրապարակային ելոյթները: Ան երբեք մաս չէր կազմեր ուշադրութիւն գրաւող վիճակներու: «Հռչակը երբեք չէ շուարցուցած զայն: Ան ճշմարիտ արհեստավարժ մըն էր,- ըսած է Արմսթրոնկի մէկ հին բարեկամը` Ճոն Սուեզ:- Երգիծանքի հաճելի զգացողութիւն մը ունի, կատակասէր է եւ հանգիստ` մարդկային իր յարաբերութիւններուն մէջ: Հաւանաբար ամէնէն խելացի անձն է, որուն հետ երբեւիցէ խօսած եմ: Այո՛, ուշադիր է, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ… կ՛ուզէ ամէն ինչ ճիշդ փոխանցել»:

Սակայն միակ բանը, որ Արմսթրոնկ չէ յաջողած ճիշդ փոխանցել, առաջին բառերն էին, զորս արտասանած է, երբ ոտք դրած է Լուսնի Հանդարտութեան ծովուն մէջ: Մինչ մարդկութեան մէկ վեցերորդը, այսինքն` շուրջ 500 միլիոն հոգի պատկերասփիւռէն կը հետեւէր իրեն, ան ըսած է. «Փոքր քայլ մը` մարդու մը համար, վիթխարի ոստում մը` մարդկութեան համար»: Սակայն այնուհետեւ «մարդուն» որոշիչ «մըն» կորսուած է, եւ ձայնագրութեան ոչ մէկ բարեփոխութիւն կամ կախարդական հնարք յաջողած է վերականգնել զայն:

Եթէ կար ոեւէ մէկը, որուն իբրեւ ճակատագիր վերապահուած էր լուսին երթալ, այդ անձը Արմսթրոնկն էր: Հաշուապահի մը զաւակը` ան ծնած էր 1930-ին, Օհայոյի մէջ, որ որեւէ նահանգէ աւելի ծնունդ տուած է ամերիկացի աստղանաւորդներու: Անոր ծննդավայր Տէյթոնի մէջ ծնած են օդանաւորդ ռահվիրաներ Ուիլպըր եւ Օրվիլ Ռայթ եղբայրները: Արմսթրոնկ համակուած էր թռիչքով, անոր խորհրդաւորութիւններով ու մարտահրաւէրներով: 16 տարեկանին, նախքան ինքնաշարժ վարել սորվիլը, ան արդէն ունէր օդանաւ քշելու արտօնագիր: 1951-ին մաս կը կազմէր ամերիկեան ծովուժին եւ պատերազմական օդանաւերով հետազօտական թռիչքներ կը կատարէր դէպի Քորէա: Այնուհետեւ, քոլեճը աւարտելէ ետք, դարձած է նոր օդանաւեր փորձող օդաչու` Քալիֆորնիոյ Էտուըրտծ օդուժի խարիսխին մէջ: Այստեղ ան քշած է առասպելական եւ տարաշխարհիկ օդանաւեր, ինչպէս` «Պել Էքս-1» եւ Հիւսիսային Ամերիկայի սրընթաց «Էքս. -15» օդանաւերը: Այս վերջինը տակաւին կը պահէ ամէնէն սրաթռիչ օդանաւի մրցանիշը` մարդու կողմէ ղեկավարուած թռիչքի մէջ (արագութիւնը կը հասնի ժամական 7272 քմ.ի):

Արմսթրոնկ իր կարողութեան եւ ճնշումի տակ իր պաղարիւն կեցուածքին շնորհիւ դարձած էր իտէալ թեկնածուն ՆԱՍԱ-ի անջրպետագնացութեան ծրագիրին, որուն միացաւ 1962-ին: Ան իր յաղթանակը ապահովեց` մասնակցելով ՆԱՍԱ-ի Ճեմընայ ծրագիրին, դէպի անջրպետ իր առաջին ուղեւորութիւնը կատարելով 1966-ի մարտին: Ճեմընայ 8 մարդու կողմէ ղեկավարուող առաջին անջրպետանաւն էր, որ յաջողած էր տեղաւորուիլ ծիրի վրայ` երկու անջրպետանաւերու միջեւ:

«Ափոլօ 11»-ի յաղթանակով` աշխարհը Արմսթրոնկի ոտքերուն տակ էր: Սակայն երկու տարի կատարելով ՆԱՍԱ-ի եւ իր երկրին դեսպանի անխուսափելի դերը, Արմսթրոնկ որոշեց վերջ դնել այս ձեւի կեանքին եւ 1971-ին վերադարձաւ իր նախասիրած հետաքրքրութեան` օդին կամ անջրպետին մէջ թռչելու ճարտարագիտութեան, այս նիւթը դասաւանդելով Սինսինաթիի համալսարանին մէջ: Շուտով լռութեան մատնուեցաւ լրատուամիջոցներու մէջ բարձրացած այն աղմուկը, երբ Արմսթրոնկ յստակացուց, թէ որոշած էր կիրարկել ուսուցչական ասպարէզ եւ մերժեց պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն:

Արմսթրոնկ երբեք չմտածեց իր յուշերը գրելու եւ դրամ ապահովելու մասին: Լուսնի վրայ քալելէ երեք տասնամեակ ետք միայն ան յօժարեցաւ գործակցիլ կենսագիր Ճէյմս Հանսընի հետ, որ 2005-ին հրապարակեց «Ֆըրսթ մէն. տը լայֆ աֆ Նիլ Ա. Արմսթրոնկ» վերնագիրով 750 էջերէ բաղկացած գիրք մը: Արմսթրոնկի կենսագրութիւնը միաժամանակ գրաւիչ է եւ մասնագիտական, նոյնքան ցուցամոլութենէ հեռու, որքան` իր ներկայացուցած անձը:

Արմսթրոնկ ամէն բանէ առաջ համեստ անձ մըն էր: Ան կը շեշտէր, որ դէպի լուսին կատարած իր ուղեւորութիւնը արդիւնք էր ՆԱՍԱ-ի մէջ տասնամեակ մը տեւած աշխատանքներու, որոնց մասնակցած էին հարիւր հազարաւոր անձեր: «Կ՛ենթադրեմ, որ բոլորս պիտի ուզէինք ճանաչումի արժանանալ` ոչ թէ հրավառութեամբ մը, այլ` մեր ամէնօրեայ աշխատանքին արգասիքով», ըսած է ան:

Արմսթրոնկ իր կեանքին վերջին տարիները ապրած է Օհայոյի Լեպընան քաղաքին մէջ, Սինսինաթիէն ինքնաշարժով կէս ժամ դէպի հիւսիս: Երբ առիթով մը իրեն հարց տրուած է, թէ ի՞նչ կը զգայ, երբ գիտէ, թէ իր ոտնահետքերը հաւանաբար հազարաւոր տարիներ պիտի մնան լուսնի մակերեսին, ան պատասխանած է. «Կը յուսամ, որ այս օրերուն մէկը բարձրանայ հոն եւ մաքրէ զանոնք»:

Արմսթրոնկ` Իր Բառերով

Լուսնի վրայ էջք կատարելու պահուն. «Հիւսթըն, այստեղ Հանդարտութեան խարիսխն է: Արծիւը էջք կատարեց»:

Մինչ ան կ՛իջնէր դէպի լուսնին մակերեսը. «Փոքր քայլ մը` մարդու (մը) համար, վիթխարի ոստում մը` մարդկութեան համար»:

Դէպի երկիր նայելով. «Յանկարծ անդրադարձայ, թէ ոլոռնի նման այդ գողտրիկ եւ կապոյտ գնդիկը Երկիրն էր: Բթամատս բարձրացուցի եւ փակեցի մէկ աչքս. բթամատս ծածկեց մոլորակը: Շատ, շատ փոքր զգացի ինքզինքս»:

Իր ասպարէզին մասին. «Ես այժմ եւ միշտ ճերմակ գուլպաներով, գրպանի գրչատուփով, մէկ մասնագիտութեան վրայ կեդրոնացած ճարտարագէտ մըն եմ եւ բաւական հպարտ կը զգամ իմ ասպարէզիս իրագործումներով»:

Լուսնի վրայ իր ոտնահետքերուն մասին. «Կը յուսամ, որ այս օրերուն մէկը բարձրանայ հոն եւ մաքրէ զանոնք»:

Երազներու մասին. «Կրնամ անկեղծօրէն ըսել, եւ ասիկա մեծ անակնկալ մըն է ինծի համար, թէ` երբեք ինքզինքս լուսնի վրայ չեմ երազած»:

 

Յարգանքի Խօսքեր`
Քաջարի Մարդուն

 

 

 

 

 

 

 

 

«Մինչ կը սգանք մահը շատ լաւ մարդու մը, միաժամանակ կ՛ոգեկոչենք անոր յատկանշական կեանքը եւ կը յուսանք, որ անիկա իբրեւ օրինակ ծառայէ աշխարհի տարածքին երիտասարդներու, որպէսզի ճիգ թափեն` իրենց երազները իրականացնելու, մղուին` հետազօտելու եւ սահմաններէն անդին անցնելու, ինչպէս նաեւ` անանձնական նուիրումով ծառայեն իրենցմէ աւելի մեծ նպատակի մը»:
Արմսթրոնկ ընտանիք

«Նիլ ամերիկացի մեծագոյն հերոսներէն է, ոչ միայն իր ժամանակներու, այլ նաեւ` բոլոր ժամանակներու: Երբ ան առաջին անգամ իր ոտքը դրաւ լուսնի վրայ, կտակեց մարդկային իրագործումի այնպիսի պահ մը, որ երբեք պիտի չմոռցուի»:
Պարաք Օպամա. Միացեալ Նահանգներու նախագահ

«Այնքան ատեն որ գոյութիւն ունին պատմական գիրքեր, Նիլ Արմսթրոնկ մաս պիտի կազմէ անոնց, պիտի յիշուի իբրեւ այն անձը, որ մարդկութեան առաջին քայլը առաւ դէպի աշխարհ մը` մեր աշխարհէն անդին»:
Չարլզ Պոլտըն. ՆԱՍԱ-ի վարչական պատասխանատու

«Ալտրին ընտանիքին անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Քարոլին եւ ամբողջ Արմսթրոնկ ընտանիքին` Նիլի մահուան առիթով: Պիտի կարօտնանք զինք»:
Պազ Ալտրին. երկրորդ անձը, որ քալեց լուսնի վրայ:

«Ան լաւագոյնն էր, շատ պիտի կարօտնամ զինք»:
Մայքըլ Քոլինզ. երրորդ աստղանաւորդը, որ մաս կը կազմէր «Ափոլօ-11» անջրպետանաւուն անձնակազմին

«Արմսթրոնկ իմ հերոսս էր: Իրապէ՛ս ներշնչման աղբիւր մըն էր ամբողջ սերունդի մը համար»:
Թոմ Ճոնզ. նախկին աստղանաւորդ մը, որ 1990-2001 չորս անգամ մաս կազմած է դէպի անջրպետ թռիչքներու

 «Իբրեւ լուսնի վրայ ոտք դրած առաջին անձը, ան կոտրեց բոլոր մրցանիշները: Լաւ կը ճանչնայի զինք: Ան աշխարհի ամէնէն քաջարի անձն էր»:
Սըր Փեթրիք Մուր. աստղանաւորդ

«Ափոլոն մարդկային մեծագոյն իրագործումն էր: Անգամուան մը համար մենք մեր հասկացողութեան սահմաններէն անդին գացինք»:
Փրոֆ. Պրայըն Քոքս. բնագէտ

«Շնորհակալութիւն` ամէն ինչի համար. ձեր զոհողութեան, իրագործումներուն եւ ներշնչումին: Պիտի փորձենք շարունակել ձեր աւանդը»:
Պոպաք Ֆըրտաուսի. Մարս Քիւրիոսիթի անջրպետանաւուն թռիչքի ղեկավարը,
որ այս օրերուն կը գլխաւորէ ուղեւորութիւն մը

«Լուսինը պիտի կարօտնայ իր առաջին զաւակը Երկիրէն»:
Միթ Ռոմնի. Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածու

 

Share this Article
CATEGORIES