Ճատրակ. Միջերկրականեան 4-րդ Խաղեր. Քարլօ Դարբինեան Ապահովեց Մրցաշարքի Իր Երրորդ Կէտը
Յունաստանի մէջ կը շարունակուին Ճատրակի միջերկրականեան 4-րդ խաղերը, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան` իր երկսեռ տարիքային ախոյեաններով:
Երէկ տեղի ունեցած 6-րդ հանգրուանի մրցումները այդքան ալ բարեբաստիկ չեղան հինգ հայ ախոյեաններուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնցմէ չորսը` Հրակ Լախեան, Նանօր Առնելեան, Հրակ Գըլըպոզեան եւ Նարօտ Գըլըպոզեան պարտութիւններ արձանագրեցին:
Քարլօ Դարբինեան, որ միակն ըլլալով յաղթեց, այժմ 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք հայերուն մէջ ունի ամէնէն շատ կէտը (3): Հրակ Գըլըպոզեան ունի 2,5 կէտ, իսկ մնացեալ երեքը` 2-ական կէտ:
Այսօր տեղի կ՛ունենան 7-րդ, իսկ վաղը` կիրակի, 8-րդ հանգրուանի մրցումները:
Մրցաշարքը կ՛աւարտի երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, երբ տեղի կ՛ունենան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
CATEGORIES Մարզական


