Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Վ Ա Հ Ա Ն Գ Ո Ղ Թ Ն Ա Ց Ի* Քաջ Նահատակ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Արաբական արշաւանքներու ընթացքին Հայաստան աշխարհ բազմիցս մատնուած է ահաւոր աւերածութեանց եւ աշխարհակործան աղէտներու: 639 թուականէն սկսեալ, հարաւի անապատներէն խորշակի նման Հայաստանի սահմաններէն ներս խուժող այդ անթիւ բանակները իրենց վայրագութեամբ սարսափ տարածած են ամէնուրեք, աւերած ու հրոյ ճարակ դարձուցած են շէն աւաններն ու գիւղերը, թալանած են ապարանքներն ու կողոպտած վանքերը. քարուքանդ ըրած են ու ամայացուցած` բազմամարդ գաւառներն ու վաճառաշահ քաղաքները, իսկ տեղւոյն խաղաղասէր ու շինարար հայ բնակչութիւնը անխնայ կոտորած են ու մնացեալներն ալ գերի տարած:
Այսուհանդերձ իր նախնիներուն սրբութեանց եւ հայրենի լեռներուն կառչած ազատատենչ հայութիւնը` առանց վհատելու մղած է ինքնապաշտպանութեան անհաւասար ու ահեղ մարտեր, իսկ երբ այլազգի բանակներ վերջապէս յաջողած են նուաճել Հայաստանը, հայ ժողովուրդը` իր քաջակորով նախարարներու գլխաւորութեամբ եւ հայրենասէր հայրապետներու առաջնորդութեամբ, միշտ ալ ձգտած է իր վրայէն թօթափել բռնակալութեան լուծը եւ վերատիրանալ իր երկրի անկախութեան ու կրօնական ազատութեան:
Արդարեւ, արաբական արշաւանքներու պատմութեան արիւնոտ ու լուսաւոր էջերուն մէջ կան հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած բազմաթիւ հերոսամարտերու նկարագրութիւններ, ինչպէս նաեւ ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքի պահպանման թափուած անմեղ արեան յուզիչ վկայութիւններ, որոնցմէ մէկն է Վահան Գողթնացի հայ իշխանին տակաւին մանուկ հասակին մէջ ապրած կեանքի ոդիսականն ու սրտաճմլիկ նահատակութիւնը:
Ըստ ութերորդ դարու միակ հայ պատմիչ` Ղեւոնդի վկայութեան (որ գրած է արաբներուն Հայաստանի վրայ կատարած արշաւանքներու շուրջ 150 տարուան պատմութիւնը` Մոհամէտ մարգարէի յաջորդներէն սկսեալ մինչեւ Ստեփանոս Ա. կաթողիկոսի շրջանը 632-788 թուականներ), արաբներու իշխանութիւնը Հայաստանի վրայ ամրապնդելու նպատակով ու նաեւ հայ ժողովուրդի դիմադրականութիւնն ու ընդդիմութիւնը խորտակելու եւ ապագայ համազգային ընդվզումներու առաջքն առնելու միտումով, Դամասկոսի մէջ նստած Ուալիտ Ամիրայապետը կը հրամայէ Հայաստանի Ոստիկան Մոհամէտ – Պինի – Ոկբայի, «Բառնալ յաշխարհէն հայոց զտոհմ նախարարաց, նոցին հեծելովք». այսինքն Հայաստան աշխարհէն վերացնել, ամբողջութեամբ բնաջնջել հայ նախարարներու տոհմն ու անոնց հեծելազօրքը:
Ահա այս ծրագիրին գործադրութեան նպատակով կը տեսնենք, որ վերոյիշեալ Ոկբայի հրահանգով Նախիջեւանի կառավարիչ` Քասըմ, Ամիրայապետէն հայ իշխաններուն շնորհներ բաշխելու սուտ խոստումներով հրաւէրներ կ՛ուղարկէ գլխաւոր նախարարներուն եւ կը համոզէ զանոնք, որ իրենց հեծելագունդերով գան իր մօտ: Երբ հայ նախարարները կը հասնին Նախիջեւան, իրենց պատրաստուած դաւադրութենէն անտեղեակ, Քասըմ նախ նուէրներով ու քաղցր խօսքերով կ՛ուրախացնէ զանոնք, ապա անոնցմէ հաւատարմութեան հանդիսաւոր երդում ստանալու կեղծ պատրուակով կը գրաւէ զէնքերը եւ զիրենք կ՛առաջնորդէ Նախիջեւանի ու մօտակայ Խրամ աւանի եկեղեցիները:
Երբ մեծ թիւով հայկական գաւառներու մեծամեծներ իրենց ընկերացած զօրականներով արդէն հաւաքուած էին այնտեղ, Քասըմ կը հրահանգէ իր պահակներուն փակել ու ամրացնել եկեղեցւոյ դռներն ու պատուհանները եւ մինչեւ իսկ աղիւսապատել զանոնք: Այնուհետեւ կը թելադրէ իր մարդոց բարձրանալ տանիք եւ հրդեհել եկեղեցին, որուն փայտեայ գերաններն ու առաստաղը փուլ գալով կ՛այրեն եւ մարդկային խարոյկի կը վերածեն ներսը բանտարկուած հայ նախարարներու բազմութիւնը: Սիւնեաց պատմիչ Ստեփանոս Օրբէլեան` միայն Նախիջեւանի մէջ հրկիզեալ մահացածներու թիւը 800 կը սահմանէ. ուստի երկու եկեղեցիներուն (Նախիջեւանի եւ Խրամի) մէջ ողջակէզ նահատակներուն թիւը պէտք է հաշուել աւելի քան 1000 անձ:
Քասըմի վայրագութիւններն ու բարբարոսական արարքները այստեղ չեն վերջանար: Ան քաջալերուելով նենգութեամբ իր ձեռք բերած յաջողութենէն, ձերբակալել կու տայ նախարարական տոհմէն այլ գլխաւորներ եւ խոշտանգելով զանոնք կը պահանջէ ծանր տուրքեր: Վերջաւորութեան կը բռնադատէ զանոնք` ուրանալու իրենց քրիստոնէական հաւատքը: Երկրի զինուորական ուժին նուազիլը թոյլ կու տայ, որ արաբները շատ աւելի համարձակութեամբ աւերեն եւ աւարի ենթարկեն հայոց երկիրը, որմէ ետք կը յաջողի գերիներու հսկայ բազմութիւն մը` ազնուական ընտանիքներէ բաղկացած, արմատախիլ ընելով իրենց հայրենի օճախներէն, տանիլ Դուին, այնտեղէն` Դամասկոս:
*
* *
Այստեղ մեր նպատակէն դուրս է նկարագրել Հայաստանի քաղաքական ու կրօնական իրադարձութիւնները ութերորդ դարու առաջին տասնամեակին: Յատկանշելի է, որ Հայաստանի մէջ այս շրջանին տիրապետող դէմքը շուտով պիտի դառնար Յովհաննէս Իմաստասէր կաթողիկոսը (717-728), որուն կեանքին ու գործին մասին մենք պիտի խօսինք առանձին, այլ առիթով:
Այս յօդուածի սկիզբը մենք համառօտ կերպով անդրադարձանք 707 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած եղերական դէպքերուն պարզապէս նշելու համար, որ Դամասկոս տարուած գերիներուն մէջ մեր պատմիչները մասնաւոր կերպով կը յիշատակեն Վահան մանուկի անունը, որ Նախիջեւանի եկեղեցւոյ մէջ հրկիզեալ հայ իշխաններէն` Խոսրով Գողթնեաց նախարարին զաւակն էր:
Վահան չորս տարեկան էր, երբ` խառնուած գերիներու բազմութեան, բերուեցաւ Դամասկոս. անոր մկրտութեան աւազանի Վահան անունը փոխուեցաւ Վահապի եւ անոր տրուեցաւ իսլամական ուսում եւ դաստիարակութիւն: Նոր միջավայրին մէջ մեծցող մանուկը` հաւանաբար իր նախարարական ազգատոհմին պատճառով, արժանացաւ յատուկ ուշադրութեան, արաբերէն լեզուն սորվեցաւ եւ հմտացաւ դպրութեան արուեստին մէջ. իր բացառիկ ուշիմութեամբ եւ ջանասիրութեամբ փայլեցաւ իր հասակակիցներուն մէջ եւ շուտով դարձաւ արքունի դիւանադպիր ու պալատականներուն սիրելին:
Նախիջեւանի արիւնոտ դէպքերէն անցած էին 12 տարիներ, երբ 719 թուականին տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Օձնեցի հայոց կաթողիկոսի պատմական այցելութիւնը Օմար Բ. Ամիրայապետին` Դամասկոս: Այս խիստ կարեւոր հանդիպման ընթացքին Օձնեցի հայրապետը խորունկ տպաւորութիւն ձգելով Ամիրայապետին վրայ, շարք մը կրօնական ազատութիւններ ապահովեց բոլոր հայերուն համար. իսկ հայոց եկեղեցիներն ու կրօնաւորները հարկերէ զերծ պահելու մասնաւոր իրաւունք ստացաւ: Ահա այս առիթով էր, որ նաեւ ան ստացաւ հայոց գերեդարձի արտօնութիւն, որուն միջոցաւ կը թոյլատրուէր բոլոր հայերուն վերադառնալ իրենց հայրենի երկիրը եւ բնակիլ այնտեղ, ուրկէ գերի տարուած էին:
Այդ ատեն արդէն Վահանը դարձած էր 16 տարեկան պատանի` Վահապ անունով: Ճիշդ է, որ չորս տարեկանէն, անկախ իր կամքէն, իսլամացուած էր, սակայն քաջատեղեակ էր իր հայկական ու քրիստոնէական անցեալին ու նախարարական տոհմի ժառանգորդ ըլլալու իրականութեան: Ուստի, հեռաւոր հայրենի տան եւ հարազատներուն երազն ու կարօտը իր սրտին մէջ արթնցուց բուռն փափաքը տեսնելու իր հայրենի լեռներն ու հովիտները, անոր մէջ ծնաւ բնական տենչը վերամիանալու այն երկրին ու ժողովուրդին, որմէ պոկուած էր եւ այժմ կ՛ապրէր օտար երկինքներու տակ:
Օմար, որ յատուկ սէր ունէր իր երիտասարդ դիւանադպիրին հանդէպ, սկիզբը չէր ուզեր ընթացք տալ անոր ցանկութեան, նոյնիսկ չէր ուզած հաւատալ, որ Վահապ հայազգի ծագում ունէր, մինչեւ որ այս պարագան եկան հաստատելու Միջագետքէն 15 տաճիկ վկաներ, որոնք անձամբ ծանօթ էին Վահապի` Նախիջեւանէն գերի տարուած ըլլալու մանրամասնութիւններուն:
Վահան թախանձագին կը խնդրէր` թոյլատրել իրեն, որ այցելէ իր ծննդավայրը, տեսնելու համար, (ինչպէս ինք կ՛ըսէ) «իմ երկրի աւերածութեան չափը» («տեսանեմ զորչափութիւն աւերածոյ երկրին իմոյ հայրենեաց»), տէր դառնալու` իր հայրենի ժառանգութեան, իր կալուածներուն վրայ գործակալներ կարգելու, որմէ ետք կը խոստանար վերադառնալ Օմարի մօտ:
Վերջապէս Օմար ակամայ կը համաձայնի արտօնել Վահապին երթալու իր երկիրը, պայմանաւ որ իր գործերը դասաւորելէ ետք վերադառնայ իր մօտ ծառայելու: Այս առիթով նաեւ անոր կու տայ յատուկ հրովարտակ մը, որուն միջոցաւ անոր կը շնորհէ Գողթնեաց տանտէրութիւնը եւ կը հրահանգէ, որ ոեւէ անձ չհամարձակի ընդդիմանալ անոր:
Այսպէս, 719¬ի վերջերուն, Վահան պաշտօնապէս այցելութեան կ՛երթայ իր ծննդավայրը, սակայն այնտեղ հասնելէն հազիւ քանի մը ամիս ետք` 20 փետրուար 720-ին, Օմար Ամիրայապետին մահուան լուրը կը հասնի Հայաստան, որուն պատճառաւ Վահան ինքզինք ազատ կը զգայ իր տուած խոստումը` Դամասկոս վերադառնալու, չեղեալ համարելու, որովհետեւ Օմար, որուն հետ ինք դաշինք ունէր, այլեւս կենդանի չէր:
Կարելի է պատկերացնել պատանի Վահանի իր հայրենի աշխարհ վերադարձով նախ իր մէջ կատարուող հոգեփոխութիւնը եւ ապա Նախիջեւանի մէջ ստեղծուած մեծ ոգեւորութիւնը: Բնականաբար իր հարազատներն ու ազգականները մեծ ցնծութեամբ ողջունեցին գերութենէ անոր դարձը: Խանդաղատանքով շրջապատեցին զինք ու իրենց անկեղծ սիրով ջերմացուցին օտարութեան մէջ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս կրկնակի որբ մեծցած այս հայ իշխանազունի հայրենաբաղձ հոգին: Պատմեցին Նախիջեւանի եւ Խրամի անպատմելի կոտորածներուն մասին, որոնց դաւադրաբար զոհ գացած էր նաեւ իր հայրը: Յիշեցուցին իր հայրերուն քրիստոնէական լոյս հաւատքը, որուն սուրբ աւազանէն որպէս հայ քրիստոնեայ ծնած էր Վահան իշխան: Ծանօթացուցին բազմաթիւ նահատակներու արեամբ սրբագործուած հայոց եկեղեցիներուն ու վանքերուն, ուր հայ վանականներ` հակած իրենց մագաղաթեայ մատեաններուն վրայ, վառ կը պահէին հայ մշակոյթի ջահը եւ կը փոխանցէին իրենց աշակերտներուն: Ան տեսաւ ու հիացաւ, հրապուրուեցաւ եւ պաշտելու չափ սիրեց իր հայրենի քրիստոնէական հաւատքով ու արիւն-արցունք քրտինքով կառուցուած երկնասլաց գմբէթներով սրբարանները, աստուածապաշտութեան եւ գիտութեան ճառագայթող հոգեւոր կեդրոններ` հայոց աշխարհին վանական համալիրները: Վանքեր, ուր ճգնազգեաց ու տեսլապաշտ հոգիներ իրենց դաստիարակած սերունդներու սրտին մէջ միշտ կենդանի կը պահէին հայ ժողովուրդի յաւերժութեան ու պայծառ ապագայի յոյսը:
Այստեղ հոգեկան ալեկոծութեանց ու տագնապներու մատնուած, հայրենի ազատ երկնքի տակ ու հարազատ հողի վրայ կատարուեցաւ անխուսափելին.- մեռաւ Վահապը, եւ անոր մէջ Յարութիւն առաւ հայ քրիստոնեայ Վահանը:
Քննելով իր անցեալն ու ներկան, անդրադարձաւ իր կամքէն անկախ կատարուած ողբերգութեան. դառնօրէն ափսոսաց փոքր հասակէն իր հայրենիքէն բռնի հեռացուած ու կրօնափոխ դարձած ըլլալուն համար: Ուստի, ապաշխարելով ու զղջումի դառն արցունքներ թափելով, ցանկաց վերադառնալ իր հայրենի տան ժառանգութեան: Այնուհետեւ աղօթքով ու պահեցողութեամբ իր անձը պատրաստեց ու նուիրեց ճշմարիտ աստուածապաշտութեան. գիտակցելով հանդերձ նման որոշումով ապագային իրեն սպասող վտանգներու գոյութեան, իր ամբողջ էութեամբ փարեցաւ իր հայրերու պաշտած քրիստոնէական սուրբ կրօնին:
Իր ընտանեկան պարագաները` տեսնելով անոր ներաշխարհին մէջ տեղի ունեցած այս պայծառակերպութիւնը ու հոգւոյն քրիստոնէական շնորհներով ու առաքինութիւններով լեցուիլը, այլ խօսքով ամբողջ էութեամբ դէպի հայութիւն վերադարձը, եւ որպէսզի Գողթնի մէջ անոր մնալը աւելի հաստատուն դառնայ ու Գողթնի տանտէրութիւնը եւս հայածին ժառանգորդ ունենայ, ստիպեցին զայն ամուսնանալու Սիւնեաց նախարարական տոհմէն Բաբգէն իշխանի աղջկան հետ:
Այնքան ատեն, որ Յովհաննէս Օձնեցի հայոց կաթողիկոսը կենդանի էր, Օմար Ամիրայապետի մահուընէ ետք, աւելի քան տասը տարի Վահան ապրեցաւ խաղաղ ու երջանիկ իր հայրենի տան մէջ, օրէ օր աւելի ամրապնդուելով իր քրիստոնէական հաւատքին ու հայկականութեան մէջ:
Տարիներ անցան, ժամանակներն ու պայմանները կրկին փոխուեցան ու Վահանի մտավախութիւնները իրականութիւն դարձան: Իսլամութենէն քրիստոնէութեան դարձի լուրը, ինչպէս նաեւ Դամասկոս վերադառնալու փոխարէն իր հայրենի իշխանութեան մէջ հաստատուած ըլլալու պարագան` որպէս գանգատ հասած էր նոր Ամիրայապետին` Հեշամի ականջին: Իր վկայաբանութեան մէջ կը պակսին մանրամասնութիւններ, թէ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ ան իմացած էր այդ մասին: Յամենայն դէպս, մտածելով, որ նոր Ամիրայապետը կրնայ զինք ձերբակալել եւ բռնադատել վերադառնալու իսլամական կրօնին, առանց ոեւէ մէկը տեղեակ պահելու իր կեանքին սպառնացող նոր վտանգին մասին, իրեն հետ առնելով կինն ու քսան ձիաւորներ ու բաւական դրամ, կը ձգէ հայրենի գաւառը եւ կ՛ուղղուի դէպի Բիւզանդական Հայաստանի սահմանը: Ճամբան, երբ կը հասնին Վայոց Ձոր, իր կինը թախանձագին կը խնդրէ իմանալ, թէ ո՞ւր կ՛երթան եւ ինչո՞ւ: Երբ ամուսինը պարտաւորուած կը բացայայտէ իր մտահոգութիւններն ու մտադրութիւնը, ան անմիջապէս լուր կու տայ իր եղբայրներուն, որոնք շուտով կու գան Սիւնիքէն եւ կը պարտադրեն Վահանին չերթալ օտար աշխարհ, այլ ապաստանիլ ու պաշտպանուիլ իրենց մօտ:
Պարտաւորուած կ՛ընդունի անոնց առաջարկը ու ժամանակ մը գաղտնի ու փախստական վիճակի մէջ կը մնայ Սիւնիք, որմէ ետք կինը ձգելով ընտանիքին մօտ, մի քանի զինուորներով կը մեկնի Վրաստան` յուսալով օգնութիւն ստանալ իր նախարարազուն ազգականներէն. իր ակնկալածը չգտնելով այնտեղ, յուսախաբ կը վերադառնայ Հայաստան եւ կ՛ապաստանի Արագածոտն գաւառի Յովհաննավանքին մէջ:
Հիմա արդէն Վահանի փախուստը Գողթնէն յայտնի եղած էր Հայաստանի արաբ ոստիկանին, որուն գործակալները ամէն տեղ կը փնտռէին ու կը հետապնդէին զինք: Իր դրամները արդէն սպառելով, իրեն ընկերակցողները մէկ առ մէկ կը ձգեն զինք եւ կը հեռանան իրմէ: Միակ անձը, որ երկար ժամանակ հաւատարիմ մնացած էր իրեն, ան նաեւ հետագային կը փոխուի եւ Վահանին` իր թշնամիներուն մատնելու սպառնալիքով իրմէ կը պահանջէ երիվարն ու սուրը: Վահան իր ձին ու սուրը յանձնելով կը մնայ անզէն ու մենակ, զինուած միայն հաւատքի ու վճռակամութեան այն զէնքերով, որոնց դէմ ոչ մէկ ուժ կրնայ պայքարիլ:
Իր շրջապատի մարդոցմէ յոյսը կտրած, իր ընելիքը որոշելու համար` ծպտուած աղքատի տեսքով կ՛երթայ Վաղարշապատ եւ այնտեղ` Ս. Էջմիածնի մէջ, գաղտնի կը ներկայանայ օրուան կաթողիկոս` Դաւիթ Արամոնեցի հայրապետին: Կաթողիկոսին կը յայտնէ իր ինքնութիւնը եւ իր քրիստոնէական հաւատքին վրայ մինչեւ վերջ հաստատ մնալու որոշումը. սակայն եկեղեցւոյ պետէն ոչ մէկ օգնութիւն կամ պաշտպանութիւն կը գտնէ, միայն խիստ հրահանգ մը` մեկնելու անապատ տեղ մը, որպէսզի իր պատճառով ուրիշներուն որեւէ վնաս չհասնի: Նոյնպէս օրուան զինուորական բարձրագոյն պաշտօնը ունեցող հայ Պատրիկ Աշոտի իր կատարած դիմումը որեւէ դրական արդիւնք չի տար: Բացայայտ էր, թէ ո՛չ ոք կ՛ուզէր Ամիրայապետի աչքին «հաւատուրացութեան» յանցանքի մէջ գտնուող Վահանին պաշտպանութիւն ընծայելով իր անձը կամ շրջապատի մարդոց կեանքը վտանգել:
734 տարուան ձմեռը Յովհաննավանքի մէջ անցընելէ ետք, երբ գարունը կը բացուի, ճամբայ կ՛ելլէ երթալու որեւէ անծանօթ վանք մը. ճամբան պատահմամբ կը հանդիպի գրաստով մարդու մը, որմէ կը խնդրէ զինք տանիլ հեռաւոր մենաստան մը. անծանօթ մարդը իր գրաստի վարձքը կը պահանջէ: Վահան` մատնուած ըլլալով կատարեալ աղքատութեան, իրեն հետ չունենալով որեւէ դրամ, անոր կու տայ իր վերջին սեփականութիւնը եղող իշխանական ոսկեայ կնիք-մատանին: Այս կերպով կը հասնի Շիրակ գաւառի մենաստաններէն Խծկոնից վանքը, ուր կը մնայ վեց ամիս եւ կ՛ապրի կատարեալ ճգնողական վարքով. սակայն այստեղ ալ իր ով ըլլաը դժբախտաբար երկար ժամանակ ծածուկ չի մնար եւ գաւառի իշխանին տիկնոջ հրահանգով կը հեռացուի այնտեղէն, որպէսզի անոր ներկայութեան պատճառով տեղւոյն կրօնաւորներուն որեւէ վնաս չհասնի:
Այստեղէն կը մեկնի Նիգ գաւառի մէջ գտնուող Թեղենեաց մենաստանը, որ սակաւաթիւ վանականներ ունեցող ու անյայտ վանքերէն մէկն էր, ուր ամբողջ մէկ տարի կ՛ապրի, մէկ հագուստով ու բոկոտն, ճգնողական ամենախիստ կեանքով: Հլու եւ հնազանդ իր ուսուցիչ հայրերուն, ան կը սերտէ Հին ու Նոր Կտակարանները եւ կը խորհրդածէ Աստուծոյ պատուիրաններուն ու իր փրկութեան մասին: Արհամարհելով ամէն տեսակի ֆիզիքական հաճոյքները, օրէ օր աւելի կը զօրանայ աստուածային սիրոյ եւ նուիրումի մէջ ու կը ցանկայ արեան մկրտութեամբ հասնիլ Քրիստոսի ճշմարիտ վկայութեան: Յաճախ կրկնելով Սաղմոսի բառերը` կ՛ըսէր. «Ինչպէս խիստ ծարաւած եղջերուն կը փափաքի հասնիլ ջուրի ակին, այնպէս ալ իմ անձս կը փափաքի հասնիլ քեզ, ո՜վ Տէր»:
Այստեղ իր առանձնութեան մէջ առիթը կ՛ունենայ երկար մտածելու եւ խոկալու իր ներկայի անել կացութեան ու ապագայի անորոշ վիճակի մասին: Ահա արդէն տարիներ էր, որ ձգած տուն եւ ընտանիք, լքած հայրենի ժառանգութիւն եւ իշխանութիւն, դարձած էր թափառական ու անդաստական, զինք որսալ ցանկացողներու նետէն փախչող հալածական եղնիկի նման ինկած էր լեռ ու ձոր:
Երկնքի թռչունները իրենց ձագերուն համար բոյն ունէին. վայրի գազանները` որջ. իսկ ինք` Խոսրով Գողթնեաց նախարարի զաւակ, Վահան Տանուտէր Գողթան գաւառի, իր սեփական հայրենիքին մէջ իր գլուխը բարձին դնելու ապահով երդիք մը չունէր: Միթէ մինչեւ ե՞րբ կարելի էր վանքերու եւ մենաստաններու մէջ թաքնուած, նաեւ ուրիշներուն կեանքը վտանգելով` հեռու մնալ թշնամիին լարած որոգայթներէն:
Այժմ, որ ինք յանգիտութենէ ի գիտութիւն, ի խաւարէ ի լոյս եւ յօտարութենէ հարազատ յարկ էր վերադարձած ու վերագտած` իր ինքնութիւնը, միթէ կրնա՞ր վերադառնալ Դամասկոս ու մտնել ծառայութեան մէջ անոնց, որոնք իր հօր ու հայրենիքի դահիճները հանդիսացած էին:
Ո՛չ մէկ գնով: Ուստի, միանգամընդմիշտ պէտք էր վճռահատուէր իր խնդիրը. պէտք էր ելք մը գտնել դուրս գալու համար այս անել ու անկարելի կացութենէն: Ահա այստեղ` Թեղենեաց վանքին մէջ, Վահան որոշեց քաջաբար երթալ Դամասկոս. այնտեղ անձամբ ներկայանալ Ամիրայապետին: Բնականօրէն ինք տեղեակ էր իրեն սպասող մահուան վտանգին, սակայն միաժամանակ կը մտածէր, որ իր դատը արդար է, եւ ինք անձամբ կրնար զայն պաշտպանել Ամիրայապետին առջեւ` պատճառաբանելով, որ ինք հայ քրիստոնեայ ծնած էր եւ երբեք ալ իսլամութիւնը գիտակցաբար եւ կամովին չէ, որ ընդունած էր, այլ որպէս անգիտակից մանուկ մը զինք իսլամացուցած էին: Այժմ գիտնալով ճշմարտութիւնը` վերադարձած էր իր իսկական կրօնքին: Ուստի Ամիրայապետը պէտք էր թոյլ տար իրեն` համարձակօրէն պաշտելու իր քրիստոնէական հաւատքը. այլապէս ինք պատրաստ էր ընդունելու նահատակութիւնը` իր քրիստոնէական հաւատքին համար:
(Շար. 1)
* Այս տարի իր ողբերգական նահատակութեան 1275-ամեակն է:

