Ալէյի Մէջ Լարուած «Ական» Մը

Ապահովութեան ուժերը երէկ Ալէյի մէջ գտան ական մը, որ կապուած էր երկու մեծ շիշերու, որոնք լեցուած էին պենզինով:

Ապահովական ուժերուն սակրաւորները կրցան վնասազերծել լարուած այդ ականը եւ զայն անջատել պենզինով լեցուած շիշերէն:

Նշենք, որ այս դէպքը պատահած է Լիբանանեան համալսարանի Ալէյի մասնաճիւղին կից եւ ականը բացայայտուած է, երբ համալսարանին պահակը նկատած է, թէ օտարական մը կը փորձէ վառել պենզինով լեցուած այդ շիշերուն կապուած պատրոյգ մը:

Ան փորձած է արգիլել զայն անոր գործած արարքէն եւ յաջողած է, սակայն յանցագործը փախուստ տուած է:

Դէպքին մասին հետաքննութիւն բացուած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )