Տիմանի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Կ՛ընդունի Վարչապետ Միքաթին

Վարչապետ Միքաթի եւ Ռայի պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Տիմանի մէջ ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն ընկերակցեցան շարք մը նախարարներ, որոնց շարքին` Վրէժ Սապունճեան, Ահմետ Քարամէ, Ժըպրան Պասիլ, Ֆայեզ Ղոսըն, Ֆատի Ապպուտ, Շաքիպ Քըրթպաուի, Սելիմ Ժրայսաթի, Կապի Լայեուն, Ուալիտ Տաուք եւ Մարուան Շարպել:

Վարչապետ Միքաթի եւ Ռայի պատրիարք ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, ապա ընդարձակ հանդիպումի մը ընթացքին, ներկայութեամբ նաեւ նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի, քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան գործունէութեան եւ անոր դժուարութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ  Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, սակայն համախոհութիւնը եղաւ տիրական` Լիբանանի միասնականութիւնը պահպանելու առումով:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ինք Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է Լիբանանի կառավարութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական կացութեան առնչութեամբ իր ունեցած մտահոգութիւններուն փարատումը:

Վարչապետ Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը եւ Պէյրութի մէջ պապին կողմէ Առաքելական յորդորակի  յայտարարութիւնը:

Ան հաստատեց, որ այս առիթով Արեւելքէն մեծ թիւով հոգեւորականներ պիտի ժամանեն Լիբանան, եւ կոչ ուղղեց անոնց իրենց երկիրներուն քաղաքացիները եւս հրաւիրելու Լիբանան:

Կառավարութեան հրաժարականին հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները եւ վիճաբանութիւնները յօգուտ լիբանանցիներուն են` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր տարակարծութեան պարագային կառավարութեան հրաժարականը պէտք չէ նախատեսել:

Միքաթի հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութիւնը շատ լաւ է եւ յանձնարարեց, որ ոչ մէկը գրաւ դնէ իրենց բարեկամութեան վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ վարչապետ Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ եւս հարցեր չկան:

Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց երկրին գերագոյն շահերուն մասին մտածելու եւ դուրս գալու անձնական նեղլիկ շահերու իրագործումին մարմաջէն:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջանի կացութիւնը կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուած չէ` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին 5 սեպտեմբերի նիստին ընթացքին վաւերացնել աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը:

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ զանոնք ազատ արձակելու առումով լուռ աշխատանք կը տարուի` մաղթելով, որ այդ աշխատանքը դրական եզրակացութեամբ աւարտի:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք տեղեակ են կառավարութեան դիմագրաւած հսկայ դժուարութիւններուն մասին:

Ան շեշտեց, որ Աստուծոյ ձեռքը Լիբանանի վրայ է` աւելցնելով, որ պապին կողմէ Առաքելական յորդորակը Լիբանանէն յայտարարելը մեծ նշանակութիւններ ունի եւ յատուկ պատգամ կը փոխանցէ ամբողջ աշխարհին եւ յատկապէս Արեւելքին ու Արեւմուտքին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )