Զօր. Քահուաժի Այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Դիրքաւորուած Բանակը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ուղղուեցաւ Թրիփոլի, ուր ստուգեց Թրիփոլիի մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան ուժերը:
Զօր. Քահուաժի բանակին ուղղած իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց զինուորականներուն զոհողութիւնն ու ջանքերը` երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին առումով:
Զօր. Քահուաժի գնահատեց նաեւ Ժապալ Մըհսենի, Պապ Թըպպանէի եւ Քըպպէի մէջ բանակին դերակատարութիւնը:
Հրամանատար Քահուաժի այցելեց նաեւ հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող վիրաւոր բանակայինները եւ անոնց շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց:
Զօր. Քահուաժի դրուատեց բանակին կողմէ Թրիփոլիի կայունութեան վերահաստատումը եւ կոչ ուղղեց անոր մնայուն կերպով կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալու` դիմադրելու համար հարցերու տարբեր հաւանականութիւններն ու պահպանելու համար քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:
Նշենք, որ երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ բարձր գնահատեց զօր. Քահուաժիի հիւսիսային Լիբանան կատարած այցելութիւնը` շեշտելով, որ անիկա տուեալ մըն է, թէ բանակը իր դերակատարութիւնը ամբողջական կերպով կ՛ուզէ կատարել Թրիփոլիի մէջ:


