Եւրոպական Ֆութպոլ. Վան Փերսի Հեթրիք Մը Իրագործեց Եունայթըտի Հետ. Պայէրն Միւնիխ – Շթութկարթ` 6 – 1
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ 3 – 2 արդիւնքով դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Սաութհեմփթընի դաշտին վրայ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռոպին Վան Փերսի հեթրիք մը իրագործեց (23-րդ, 87րդ եւ 92-րդ): Ան 69-րդ վայրկեանին փենալթի մը չյաջողեցաւ կոլի վերածել:
Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ 45 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 2 – 0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արսենալէն: Լուքաս Փոտոլսքի (31-րդ) եւ Սանթի Քազորլա (68-րդ) նշանակեցին լոնտոնեան կազմին կոլերը:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` ախոյեան Սիթի, որ 3 – 1 արդիւնքով յաղթեց Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի:
Պունտըսլիկայի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ 6 – 1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Շթութկարթը` շնորհիւ Թոմաս Միւլըրի (32-րդ եւ 49-րդ), Թոնի Քրուսի (34-րդ), Լուիզ Կուսթաւոյի (44-րդ), Մարիօ Մանտզուքիչի (47-րդ) եւ Պասթիան Շվայնսթայկըրի (51-րդ) նշանակած կոլերուն:
Պորուսիա Տորթմունտ 1 – 1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նիւրեմպերկի դաշտին վրայ, մինչ Վերտըր Պրեմըն 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Համպուրկը:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
ԱՆԳԼԻԱ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Ուեսթ Համ – Ֆուլհեմ 3 – 0
Սուանզի – Սանտըրլենտ 2 – 2
Թոթենհամ – Նորուիչ 1 – 1
Ուեսթ Պրոմուիչ – Էվըրթըն 2 – 0
Ուիկըն – Սթոք 2 – 2
Մանչեսթըր Սիթի – Քուինզ Փարք 3 – 1
ԿԻՐԱԿԻ
Լիվըրփուլ – Արսենալ 0 – 2
Նիւքասըլ – Ասթոն Վիլա 1 – 1
Սաութհեմփթըն – Մանչեսթըր Եունայթըտ 2 – 3
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ Կէտ
1.- Չելսի 9
2.- Սուանզի 7
3.- Ուեսթ Պրոմուիչ 7
…………………………………..
19.- Քուինզ Փարք 1
20.- Սաութհեմփթըն 0
ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Պայէր Լեւերքուզըն – Ֆրայպուրկ 2 – 0
Հոֆընհայմ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 0 – 4
Նիւրեմպերկ – Պորուսիա Տորթմունտ 1 – 1
Շալքէ – Օկզպուրկ 3 – 1
Վերտըր Պրեմըն – Համպուրկ 2 – 0
Մայնց-05 – Կրէօթըր 0 – 1
Ֆորթունա Տիւսելտոլֆ – Մէօնշընկլատպախ 0 – 0
Վոլֆսպուրկ – Հանովըր-96 0 – 4
Պայէրն Միւնիխ – Շթութկարթ 6 – 1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ Կէտ
1.- Պայէրն Միւնիխ 6
2.- Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 6
3.- Հանովըր-96 4
………………………………………….
17.- Հոֆընհայմ 0
18.- Շթութկարթ 0



