«Թոթալ» Կը Կազմակերպէ Յատուկ Ձեռնարկ Մը` Օժանդակելու Համար Լիբանանի Մարզական Լրագրողներուն

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Լիբանանի միջազգային ռելիի գլխաւոր հովանաւորող ընկերութիւններէն մէկը նկատուող «Թոթալ» յատուկ ձեռնարկի մը հրաւիրեց Լիբանանի մարզական լրագրողները եւ լուսանկարիչները փորձելով անոր ընդմէջէն օժանդակել անոնց, յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար:

Այս յատուկ ձեռնարկին ընթացքին խօսուեցաւ միջազգային փորձառու լուսանկարիչ Ֆրանսուա Պուտանի մասին, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին լուսանկարած է աւելի քան 300 աշխարհի ռելիներ, 50 ֆորմիւլա 1-ի մրցումներ եւ 5 Փարիզ-Տաքար ռելիի մրցումներ:

Ան 1993-ին ընտրուած է միջազգային ռելիներու լաւագոյն լուսանկարիչը, իսկ 1994-ին, ինքնաշարժներու ցուցադրական մրցումին, տիրացած է առաջնութեան մրցանակին:

Ան Լիբանան պիտի այցելէ 6-9 սեպտեմբերին` իր ունեցած միջազգային փորձառութեամբ օժանդակելու լիբանանցի մարզական լրագրողներուն եւ լուսանկարիչներուն (դասընթացքներու ընդմէջէն), որպէսզի այս գետնին վրայ անոնք յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգեն:

Այս դասընթացքներուն մասնակցողները պիտի ստանան յատուկ վկայագիրներ:

Անոնց մէջէն ընտրուելիք լաւագոյն անձը, յատուկ հրաւէր մը պիտի ստանայ` մեկնելու համար Սպանիա եւ ներկայ գտնուելու յառաջիկայ նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունենալիք աշխարհի ռելիներու ախոյեանութեան մրցումին:

Share this Article
CATEGORIES