«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Մրցանակակիրներուն Խումբը Սկսաւ Իրագործել Իրեն Համար Սահմանուած Ծրագիրը
«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումին մրցանակակիրները, որոնք շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասան Երեւան, արդէն իսկ սկսած են իրենց այցելութիւններուն` դէպի Հայաստանի տեսարժան վայրերը:
Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին անոնք այցելեցին Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարը, Ս. Գայեանէ, Շողակաթ եւ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիներն ու Զուարթնոց տաճարը: Այնուհետեւ անոնք այցելեցին նաեւ Սարդարապատի յուշահամալիր եւ թանգարան: Իւրաքանչիւր վայրի մասին անոնք ստացան պատմական եւ աշխարհագրական լայն տեղեկութիւններ:
CATEGORIES Գաղութային

