Պուշեհր Հիւլէական Կայանը Սկսած Է Իր Ամբողջ Զօրութեամբ Բանիլ
Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Մոհամետ Ահմատեան իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Իրանի առաջին հիւլէական կայանը սկսած է իր ամբողջական կարողութեամբ ելեկտրականութիւն արտադրել:
Պուշեհր քաղաքին մէջ կառուցուած հիւլէական կայանը սկսած է հազար մեկաուաթ ելեկտրականութիւն արտադրել:
Ան նշած է, որ կայանը անվտանգութեան քննութիւնը պիտի անցընէ:
Իրանի Պուշեհր հիւլէական կայանը պաշտօնապէս շահագործման յանձնուած է 12 սեպտեմբեր 2011-ին: Անիկա կ՛աշխատի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան վերահսկողութեան տակ:
CATEGORIES Միջազգային