«Սուրիոյ Տագնապին Վերջ Տալու Դիւանագիտական Ջանքերը Գրեթէ Անկարելի Են» Կ՛ըսէ Իպրահիմի

Իպրահիմի

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու դիւանագիտական ջանքերը «գրեթէ անկարելի» են, իսկ ներկայիս թափուող ջանքերը բաւարար չեն բախումները դադրեցնելու համար:

Ան ըսաւ, որ ինք կը գիտակցի «կացութեան դժուարութեան եւ թէ իր առաքելութիւնը գրեթէ անկարելի է», սակայն աւելցուց, որ «չենք կրնար ըսել, որ անկարելի է, այլ գրեթէ անկարելի»` նշելով, որ «թափուած ջանքերը բաւարար չեն, եւ ասիկա ինքնին մեծ բեռ է»:

Ըստ իր գնահատումին, միջազգային ընտանիքը սուրիական հարցին մէջ միասնական որոշումի հասնելէն հեռու է, իսկ Սուրիոյ իշխանութիւնները անզիջող դիրքորոշում որդեգրած են:

Հակառակ այս բոլորին, Իպրահիմի նշեց, որ ինք մտադիր է շարունակել իր աշխատանքները` տագնապի երկու կողմերուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ, որպէսզի նպաստէ արիւնահեղութեան դադրեցման:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի շաբաթ օր Իպրահիմիի հետ հանդիպում պիտի ունենայ` քննարկելու համար այն որոշումները, որոնք պիտի որդեգրուին արաբ արտաքին գործոց նախարարներու չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր նախատեսուած ժողովին ընթացքին: Իպրահիմի իր կարգին Արապիին պիտի ներկայացնէ Նիւ Եորքի մէջ իր կատարած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ իր առաքելութեան առաջին նպատակին` զինադադարի հաստատման համար միջազգային աջակցութիւն ստանալու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմար Զողպի երէկ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ լրագրողներուն հետ բաց զրոյցի մը ընթացքին շարք մը կեցուածքներ արտայայտեց:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարը յայտնեց, որ Իպրահիմիի առաքելութեան յաջողութիւնը կախեալ է Անանի ծրագիրին նկատմամբ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ յանձնառութենէն` նշելով, որ իր երկիրը կարելին պիտի ընէ Իպրահիմիի առաքելութեան յաջողութեան համար:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի ընդունի որեւէ նախաձեռնութիւն, որ ազգային գերիշխանութիւնն ու ապահովութիւնը չ՛ոտնակոխեր: Ան յայտարարեց, որ «բանակին կողմէ ամբողջ Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան հաստատումէն առաջ երկխօսութիւն չկայ»:

Խօսելով սուրիական ընդդիմութեան մասին` ան յայտնեց, որ «ազգային ընդդիմութիւնը այն է, որ զէնք բարձրացնելը չ՛արդարացներ»` աւելցնելով, որ «ան, որ իսրայէլացիներուն հետ կապ կը հաստատէ, դաւաճան է եւ ան, որ Թուրքիոյ օդակայանին մէջ իսրայէլեան զէնք կը ստանայ, ազգային ընդդիմութիւն չի կրնար նկատուիլ»:

Զողպի ըսաւ, որ «սուրիական արիւնը Եգիպտոսի նախագահին վիզին եւ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի ու Թուրքիոյ վիզին է»` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի եւ Մոհամետ Մուրսիի միակ տարբերութիւնը մօրուքն է: Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, ան ըսաւ, որ «Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քաղաքականութիւնն է եւ ոչ թէ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը»:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարը Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ` սուրիական տագնապը իրենց հողամասերուն վրայ չփոխադրելու կոչը «քաղաքական երգիծաբանութեան տեսարաններէն մէկը» նկատեց եւ Քաթարի, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց դադրեցնելու Պէյրութի օդակայանին նման Սուրիոյ մօտ եղող օդակայաններ զէնքերով բեռնաւորուած իրենց օդանաւերուն թռիչքը:

«Մենք բազմաթիւ թղթածրարներ ունինք բանալու դաւադիրներուն, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ Մարտ 14-ի ուժերուն դէմ», ըսաւ ան:

Մինչ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Տէյվիտ Փեթրաուս կիրակի գիշեր ամերիկեան օդուժին պատկանող զինուորական օդանաւով մը Պոլիս հասաւ` թուրք պաշտօնատարներու հետ քննարկելու համար սուրիական տագնապին զարգացումներն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ «Ռուսիա կը յուսայ, որ ոչ ոք Սուրիոյ հարցով յիմարութիւն գործէ»:

Ան «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Դամասկոս բազմիցս Ռուսիոյ վստահեցուց, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող քիմիական զէնքերը ապահով են»:

Պոկտանով նաեւ նշեց, որ այսօր Խաղաղ փոփոխութեան ուղի հոսանքի ղեկավարներէն Ֆաթեհ Ժամուսի գլխաւորութեամբ սուրիական ներքին ընդդիմութեան պատուիրակութեան մը հետ հանդիպում պիտի ունենայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )