Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական նոր օրինագիծը փոխանցեց խորհրդարանի համապատասխան յանձնախումբերուն` զայն սերտելու նպատակով:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ վաղուան իր նիստին ընթացքին կ՛ուղղուի հանրային մարզի պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու:

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. պապը ուրախութիւն յայտնեց յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբեր Լիբանան կատարելիք իր այցելութեան առիթով:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանը Մելակրօ Էռնանտոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տեղական ու շրջանային իրադարձութիւնները:

ԿԸ նախատեսուի, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ապտալլա Սանուսիի հետ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռիատ Ռահհալ պահանջեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն տեղակայումը Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջանին մէջ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Միւս կողմէ, Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք գոհ է ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան աշխատանքներէն:

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը հասած է իր աւարտին` աւելցնելով, որ իրենք կը հետեւին Լիբանանի իրադարձութիւններուն եւ քաջ գիտեն, որ Լիբանան Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն կը տուժէ:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներուն վերջ տալու եւ դէմ դնելու նման սադրանքներ նիւթող բոլոր կողմերուն եւ անոնց փորձերուն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան բանակը մտահոգ է, որ մօտիկ ապագային Հըզպալլա մեծ թիւով զինեալներ պիտի տեղակայէ սահմանամերձ շրջանին մէջ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քայիտա Լիբանանի մէջ սկսած է կազմակերպական նոր համակարգ մը մշակել` հետեւելով շէյխ Այման Զաուահիրիի ցուցմունքներուն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ ապահովական պաշտօնական կառոյցները կը դիւրացնեն Սուրիան թիրախ դարձնելու առումով Լիբանանէն ուղղուող զինեալներուն աշխատանքը: Ան նկատել տուաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեն նման արարք մը գործելու եւ Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին մեղսակից դարձնելու առումով:

ՍԱՅՏԱՅԻ աղբանոցին մէջ երէկ հսկայ հրդեհ մը բռնկեցաւ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ընդդիմութեան ղեկավարները սպանութեան թիրախ դարձնելու լուրջ ծրագիրներ կան եւ յաջորդ հանգրուանը բաւական վտանգաւոր է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական կառոյցները ձերբակալած են կասկածելի մը` Սարաֆանտի մէջ ոսկերիչ Ալի Խալիֆէի սպանութեան հարցին շրջագիծին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ երբ կառավարութիւնը չէզոք կեցուածք կ՛որդեգրէ իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան առումով, շատ բնական է, որ իրենք դիմեն ՄԱԿ-ին եւ պահանջեն Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջանին պահպանումը:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք յայտնեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգումի թղթածրարին մասին հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ կատարուած հաստատումները, որ իր եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ տարակարծութիւններ չկան, համազօր են այն տարազին, թէ պետական նշանակումներուն շուրջ տարակարծութիւնները պիտի շարունակուին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, սուրիական բանակին կողմէ Աքքարի մէջ գտնուող մարոնիական գիւղերը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու արարքները հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ուղղուած պատգամներ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ընդգծած են, որ Սուրիոյ վարչակարգը անկասկած պիտի տապալի: Անոնք շեշտած են, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ իրենք չեն փափաքիր Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները խզել, սակայն կ՛ուզեն այս հանգրուանին սահմանափակել Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատան գործունէութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ ինք իմամ Մուսա Սատըրի անյայտացումին մանրամասնութիւնները հետապնդելու հարցով գոհ չէ խորհրդարանի նախագահին աշխատանքէն` աւելցնելով, որ  Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ապտալլա Սանուսիի հետ հետաքննութիւնը անպայման պէտք է շարունակել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի շեշտեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն միջեւ որդեգրուած ազգային երկխօսութեամբ միայն կարելի կ՛ըլլայ լուծել լիբանանցիներուն հարցերը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )