Ըստ Բանակին Հաղորդագրութեան Զօր. Քահուաժի Ոչ Մէկ Հարցազրոյց Կատարած Է
Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց, թէ զօր. Ժան Քահուաժի քաղաքական թէ ապահովական բնոյթի հարցազրոյց մը ունեցած է:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի հրամանատարին աշխատանքը բանակին գործունէութեան եւ երկրին ապահովութեան պահպանումին ու Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ դնելուն վրայ կը կեդրոնանայ:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց նաեւ, որ Պաալպեքի մէջ իրենք գրաւած են մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք, որոնց մասին հետաքննութիւն բացած են:
Բանակը ձերբակալեց նաեւ չորս յանցագործներ, որոնք իրենց ինքնաշարժի սնտուկին մէջ դնելով կը փորձէին առեւանգել լիբանանցի քաղաքացի մը:
CATEGORIES Լիբանանեան

