Առեւանգուած Լիբանանցիները Տակաւին Կը Սպասեն Տունդարձի Ազդանշանին

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը տակաւին կը մնայ առկախ, հակառակ այն խոստումներուն եւ հաւանականութիւններուն, որ առեւանգուած լիբանանցիներէն Ժամիլ Սալեհ կամ Աուատ Իպրահիմ կրնան ազատ արձակուիլ` նկատի ունենալով անոնց առողջական վիճակը:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել մերժեց պատասխանել այն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին: Ան նշեց, որ ինք տակաւին կը սպասէ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ տրուելիք նշաններուն, որոնք տակաւին վերջնական չեն:

Շարպել հաստատեց, որ ինք կը նախընտրէ լուռ մնալ եւ ոչինչ յայտարարել այդ մասին:

Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Դամասկոսի մէջ ձերբակալուած Հասսան Մըքտատի ճակատագիրը կրնայ շաբաթ մը ետք բացայայտուիլ, որպէսզի ան փոխանակուի Մըքտատ ընտանիքին մօտ գտնուող թուրք քաղաքացի Այտըն Թեքինի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )