Լողարշաւ. Արաբական Առաջին Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ Մէկ Արծաթ Եւ Վեց Պրոնզ Մետալի
Նախորդ շաբաթավերջին, Յորդանանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի լողարշաւի պատուիրակութիւնը` հոն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք լողարշաւի արաբական առաջին ախոյեանութեան: Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 երկիրներու մարզիկներ:
Լիբանանի մարզիկները գոհացուցիչ արդիւնք արձանագրելով տիրացան մէկ արծաթ եւ վեց պրոնզ մետալի:
Ճենիֆըր Ռըզքալլա (15 տարեկան) տիրացաւ 50 մեթր կռնակի լողի երկրորդութեան, ինչպէս նաեւ 50 եւ 100 մեթր ազատ լողի մրցումներուն երրորդութեան:
Քիմ Ասէյլի (14 տարեկան) տիրացաւ երկու երրորդութեան (50 եւ 100 մեթր կուրծքի մրցումներուն):
Իսկ Սարա Խաթիպ (14 տարեկան) երկու երրորդութեան (400 մեթր ազատ եւ 800 մեթր ազատ լողի մրցումներուն):
Քրիսթել Տուէյհի (14 տարեկան) միակն ըլլալով մետալի չտիրացաւ:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ֆարիտ Ապի Ռաատ, իսկ խումբին մարզիչն էր Ժորժ Եազպեք: