Ա. Թէ. Սէ. Էլ. Քաթարցի Նասեր Աթիէ Պիտի Բացակայի Լիբանանի 35-րդ Միջազգային Ռելիէն

Նասեր Աթիէ (ձախին)

Եօթը անգամ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեան հանդիսացած քաթարցի Նասեր Աթիէ, նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Լիբանանի 35-րդ միջազգային ռելիին, որ տեղի պիտի ունենայ 7-9 սեպտեմբերին:

Աթիէ ըսաւ, որ իր քայլին պատճառն է Քաթարի կառավարութեան տուած որոշումը, որ կ՛արգիլէ իր քաղաքացիներուն մեկնիլ Լիբանան` տիրող անապահով կացութեան պատճառով:

Նախորդ տարի Աթիէ բաւական մօտ էր Լիբանանի ռելիին տիրանալէ, բայց շատ չնչին տարբերութեամբ այդ մէկը զիջեցաւ Լիբանանի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալիի, որ սովորականին նման ինք տիրացաւ տիտղոսին, մինչ Աթիէ հանդիսացաւ փոխախոյեան:

Բնականաբար, Աթիէ բացակայութիւնը իր վատ անդրադարձը պիտի ունենայ այս ռելիին վրայ, սակայն ներկայ հանգրուանին անոր կայացումը արդէն իսկ յաղթանակ մը կը նկատուի Լիբանանի եւ անոր մարզասէր համակիրներուն համար, որոնք իւրաքանչիւր տարի անհամբեր կը սպասեն ռելիին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )