50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 20 ԱՊՐԻԼ 1961 )
ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԵՀԱՊ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
Ս. Զատկի տօնին առիթով, երէկ առտու հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Ս. Եղիա եկեղեցիին մէջ` ի ներկայութեան հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան անդամներուն, դիւանագիտական մարմինի անդամներուն, երեսփոխաններու եւ հաւատացեալներու ստուար բազմութեան մը: Պատարագիչն էր Սահակ եպս. Կոգեան:
Արարողութիւններէն ետք ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ առաջնորդարանի սրահներուն մէջ:
Նախագահ Շեհապ մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ հոծ բազմութեան կողմէ, որ լեցուցած էր եկեղեցին եւ յարակից փողոցները, հանդիսաւոր օրուան մը շուքով:
Ժմէյզէէն անցնելու պահուն, ժողովրդային խանդավառ ընդունելութիւն մը եղաւ նախագահին, որ կառքէն իջնելով` հետիոտն կտրեց ճամբուն մէկ մասը, ընկերակցութեամբ Փիեռ Ժեմայելի:
Կուրօ փողոցին մէջ շինուած էին յաղթանակի բազմաթիւ կամարներ:
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՐԻԱ ՃԷՅՔԸՊՍԸՆԻ
Կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ամերիկեան համալսարանի Չեփըլին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդէս մը` Մարիա Ճէյքըպսընի մահուան Ա. տարելիցին առիթով: Կը հովանաւորէր եւ ներկայ էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա., իսկ նախագահութիւնը ստանձնած էին երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը:
Ներկայացուեցաւ ճոխ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին դպրեվանքի սաներ (շարականներ), «Թռչնոց բոյն»ի սաներ (երգեր) եւ անհատներ:
Բացումը կատարեց Ն. Դաւիթեան: Մարիա Ճէյքըպսընի կենսագրականը ներկայացուեցաւ տոքթ. Բ. Հատիտեանի կողմէ: Բիւզանդ Եղիայեան խօսեցաւ «Օտար հայասէրներու գործը մեր մէջ» նիւթին շուրջ: Այս բարեսիրական գործը որակեց «պզտիկ ժողովուրդի մը մեծ բարեկամութիւնը»: Հրաչ Քաջարենց իր ներբողականով պանծացուց Մ. Ճէյքըպսընի գործը:
Երեք յարանուանութեանց կողքին «Թռչնոց բոյն»ն ալ իր մասնակցութիւնը կը բերէր: Վեր. Օ. Փոսք տուաւ իր անձնական յուշերը Մ. Ճէյքըպսընի մասին: Նախկին սաներէն մէկը ըրաւ ուղերձ մը, իսկ հաստատութեան շնորհակալութեան խօսքը ըրաւ հանգուցեալին քոյրը` Ա. Ճէյքըպսըն: Վերջին խօսքը տրուեցաւ վեհափառ հէր, որ օրհնեց յիշատակը Մարիա Ճէյքըպսընի պէս ժողովրդանուէր գործիչներուն:
«Հայր մեր»ով փակուեցաւ այս յիշատակի հանդէսը:
Այս ձեռնարկը փաստ մըն է, թէ հայ ժողովուրդը երախտամոռ չէ, այլ գիտէ իր յարգանքի բոլորանուէր տուրքը վճարել անոնց, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին իրեն:
Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ
Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան վարչութեան կազմակերպած հրապարակային դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 11 ապրիլ 1961, երեկոյեան ժամը 8:30-ին: Ազգային երաժշտանոցի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն արք. Բարոյեանի: Ներկայ էր ընտրեալ հասարակութիւն մը:
Վարչութեան ատենապետուհի Պալեան պատշաճ քանի մը խօսքով բացաւ հաւաքոյթը: Ի գործ դրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Ծիածան Կէօվճելեան եւ Քետերեան ապրումով արտասանեցին «Հայաստանի կտրիճները» եւ Միսաք Մեծարենցի «Հիւղը»: Երգուեցան երկու մեներգներ Նազար Պոյաճեանի կողմէ, «Կռունկ»ը եւ «Երազն իմ», տպաւորիչ ձայնով: Յետոյ Պալեան բեմ բարձրանալով` բացատրութիւններ տուաւ վարչութեան սաներ որդեգրելու եւ հայեցի առողջ դաստիարակութեան ի խնդիր տարուելիք աշխատանքներու անհրաժեշտութեան մասին: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ զայն բեմ հրաւիրեց:
Տոքթ. Օննիկ Կերկերեան բեմ բարձրանալով` խղճմտօրէն եւ ձեռնհասութեամբ պատրաստուած դասախօսութիւն մը ըրաւ: Նիւթն էր` «Նոր սերունդի առողջ դաստիարակութիւնը ներկայ կեանքի պայքարին մէջ»: Ներկաները շատ գոհ մնացին օգտաշատ եւ ըմբռնելի դասախօսութենէն:
Յետոյ խօսք առաւ սրբազան հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան` անոր ժրաջան գործունէութեան համար, օրհնեց ներկաները եւ Տէրունական աղօթքը երգուեցաւ յոտընկայս: Գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրուեցաւ վարչութեան կողմէ տոքթ. Կերկերեանին: Ներկաները մեկնեցան շատ գոհ տրամադրութեամբ:
«ՔԱՈՍ»Ի ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
«ԿՐԱՆ ԹԷԱԹՐ»Ի ՄԷՋ
Երէկ գիշեր «Կրան թէաթր»ի մէջ, ծայրէ ծայր լեցուն սրահի մը առջեւ, Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը խանդավառ ծափերու արժանացաւ Շիրվանզադէի «Քաոս»ի առաջին ներկայացման առիթով:
Ամբողջութեանը մէջ թատերասէրները արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն մը, որ համապատասխան եղաւ թատերասէր հասարակութեան ակնկալութիւններուն:
Ներկայացումները պիտի շարունակուին ամբողջ շաբաթ մը, մինչեւ կիրակի, 23 ապրիլ. այսպիսով հնարաւորութիւն պիտի տրուի Պէյրութի հասարակութեան` թատերական արուեստի վայելքը ապրելու: