ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԱԾ Է ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐԻ
ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԱԾԱԿԱՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ

Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ ցուցադրուած է Երուանդ Քոչարի առաջին տարածական գեղանկարներէն մէկը` «Անանուն, 1927, ներկած մետաղ, պողպատ, հայելի, ապակի» խորագիրով: Տարածական գեղանկարը կը ներկայացնէ Ադամի եւ Եւայի պատմութիւնը: Ցուցահանդէսին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուած են` Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ արուեստագէտներ:

Ե. Քոչարի աշխատանքին ցուցադրութիւնը իրականացուած է երեւանեան «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնին եւ փարիզեան «Մինոտաւր» պատկերասրահի համագործակցութեան շնորհիւ: Այս աշխատանքը «Մինոտաւր» պատկերասրահը ձեռք բերած է 2005 թուականին, իսկ մինչ այդ ան մաս կազմած է անուանի հաւաքորդ Փաթրիս Թրիկանոյի հաւաքածոյին, մօտաւորապէս 30 տարի:

Ըստ «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնի նախագահ Սարգիս Գրիգորեանի, անուանի գեղանկարիչին ստեղծագործութիւնը հայրենիքի մէջ ցուցադրելու համար կատարուած են մեծ բանակցութիւններ: «Ուրախ ենք, որ հայ արուեստասէր հանրութիւնը կարելիութիւնը պիտի ունենայ ծանօթանալու Ե. Քոչարի բարձրարուեստ ստեղծագործութեան», շեշտած է ան: Կերպարուեստի կեդրոնին նախագահը շարունակած է` ըսելով, «Ստեղծագործութիւնը հայրենիք բերուեցաւ չվերադարձնելու նպատակով եւ հետագային անիկա պիտի պահուի Հայաստանի մէջ, Ե. Քոչարի անուան տուն թանգարանին մէջ»:

Ս. Գրիգորեան յայտնած է, որ Փարիզի մէջ կը գտնուին Ե. Քոչարի բազմաթիւ այլ աշխատանքներ եւս, «Անոնք պէտք է գտնել. բան մը, որ ժամանակի հարց է միայն», հաղորդած է ան:

Երուանդ Քոչար ծնած է 1899-ին, Թիֆլիս: Ուսանած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ: Յաճախած է Կովկասեան ընկերութեան նկարչութեան եւ քանդակի դպրոցը: 1948-1919 թուականներուն ուսանած է Մոսկուայի երկրորդ պետական ազատ գեղարուեստական արուեստանոցին մէջ:

1922-ին տեղափոխուած է Վենետիկ, ուր պաշտօնավարած է Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ: Ե. Քոչար Փարիզ բնակած է 1923-1936 թուականներուն, ուր ներառուած է եւրոպական եւ համաշխարհային կերպարուեստը ներկայացնող անուանի արուեստագէտներու շարքին մէջ: Նշենք, որ Երուանդ Քոչարի ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են աշխարհահռչակ արուեստագէտներու աշխատանքներուն հետ միատեղ:

Ազգային պատկերասրահին մէկ այլ անկիւնը ներկայացուած է այլ ստեղծագործութիւն մը` 92-ամեայ ֆրանսահայ տաղանդաւոր նկարիչ Ժանսեմի` Յովհաննէս Սեմերճեանի «Նաթիւրմորթ» անուանումով կտաւը:

Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան նշած է, որ ֆրանսահայ ականաւոր նկարիչին «Նաթիւրմորթ» կտաւը ցայտուն կերպով կը ներկայացնէ նկարիչին անհատականութիւնը: «Այս նկարին մէջ արուեստագէտը ներկայացուցած է մենակեաց կամ առանձնացած աշխարհին մէջ ապրող մարդոց հոգեվիճակը», յայտնած է ան:

Նշենք, որ Ե. Քոչարի տարածական գեղանկարը, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ տաղանդաւոր նկարիչ Ժանսեմի կտաւը պիտի շարունակեն ցուցադրել Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, մինչեւ մայիս 5:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ
ԵՒ «ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ.ԹԻ.ԷՍ.»Ի ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի եւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին միջեւ համագործակցութիւնը կը շարունակուի այս տարի եւս:

Ընկերութիւնը կը շարունակէ ուշադրութիւն դարձնել մշակոյթի ասպարէզին: Այս համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` երիտասարդ երաժիշտները հնարաւորութիւն կ՛ունենան շարունակելու իրենց գործունէութիւնը եւ հաճելի ժամանակներ պարգեւելու հանդիսատեսին:

«Դժուար է գերագնահատել դասական երաժշտութեան դերը երեխաներու եւ երիտասարդներու գեղագիտական դաստիարակութեան մէջ: Մեր հասարակութիւնը, յատկապէս երեխաները պէտք է հնարաւորութիւն ունենան ունկնդրելու գեղարուեստական բարձր եւ լուրջ արժէք ներկայացնող երաժշտութիւն», նշեց Ռալֆ Եիրիկեան` աւելցնելով, որ հաստատութեան նպատակներէն մէկն է երեխաները` հաղորդակից դարձնել համաշխարհային երաժշտութեան լաւագոյն ստեղծագործութիւններուն:

Անցեալ տարուան ընթացքին Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին յաջողութիւնները վկայ կը հանդիսանան համագործակցութեան դրական արդիւնքներուն: 2011-ը նոյնպէս խոստմնալից է: «Միրզոյեան Պապաճանեան ՖԵՍՏ»ի ծիրին մէջ նուագախումբը հիւրաբար կատարողութեամբ հանդէս պիտի գայ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ շարք մը քաղաքներուն մէջ: Ատկէ բացի, Երեւանի մէջ համերգներ պիտի կազմակերպուին աշխարհահռչակ մենակատարներ Կոնստանդին Օրբէլեանի, Մարիօ Սթեֆանօ Փիեթրոտարքիի, Նարեկ Հախնազարեանի եւ այլ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ` ՖՐԱՆՍԱՅԻ
Օ ՏԸ ՍԵՆ ՆԱՀԱՆԳԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԱՐԶՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

Ֆրանսայի Նանթեր քաղաքը գտնուող Օ տը Սեն նահանգի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւեճեանի եւ Հայաստանի մէջ Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանի միջեւ ստորագրուեցաւ ապակեդրոնացած համագործակցութեան համաձայնագիր:

Ըստ ծրագիրին, Տաւուշի մարզի բնակչութիւնը օգնութիւն կը ստանան գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ, մասնաւորապէս պիտի բարեկարգուին ոռոգման ենթակառոյցները, պիտի կառուցուին պահեստանոցներ, պիտի խթանուի անասնապահութիւնը, տնկարանային տնտեսութիւնը, պիտի ներմուծուին կովերու նոր ցեղատեսակներ եւ պիտի հիմնադրուին աշխատատեղիներ:

Փաթրիք Տեւեճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ համաձայնագիրի ստորագրութեամբ Օ տը Սեն նահանգը կը շարունակէ տակաւին երկու տարի առաջ սկսած համագործակցութիւնը, որմէ օգտուողը Տաւուշի մարզի կարիքաւոր բնակչութիւնն է: Մարզպետ Արմէն Ղուլարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Օ տը Սեն նահանգին աջակցութեան համար` ըսելով, որ Տաւուշի մարզը ունի գիւղատնտեսական զարգացման մեծ ներուժ եւ բարենպաստ նախապայմաններ:

Նշենք, որ 2009-2011 թուականներուն Ֆրանսայի այս նահանգը 500 հազար եւրօ արժողութեամբ ծրագիր մը արդէն իրականացուցած է մարզին մէջ: Տարեկան 300 հազար եւրոյի արժողութեամբ ներդրում մըն ալ ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՈՉ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆԿԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է «ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ
ԿԱՄ ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ» ԴԻՒՑԱԶՆԱՎԷՊԸ

Սկսած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկի 2011 թուականի համալրման գործընթացը, որ կ՛իրականացուի տարբեր երկիրներէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային ոչ նիւթական արժէքներու դիմումնագիրներ ներկայացնելով: Համալրման նպատակով Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը մշակած է եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործերով Հայաստանի ազգային յանձնախումբին հետ միատեղ ներկայացուցած է հայ ժողովրդական բանահիւսութեան գոհարներէն մէկը` «Սասնայ ծռեր կամ Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան դիմումնագիրը:

Ըստ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Երանուհի Մարգարեանի, դիմումնագիրները եւ անոր կցուած փաստավաւերագրական նիւթերը, ուղարկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համապատասխան յանձնախումբին: Յիշեցնենք, որ դիմումնագիրներուն համար վերջնաժամկէտ նշանակուած էր մարտ 31-ը:

2009-ին Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ տեղ գտնելու համար ներկայացուած էր` «Խաչքարի արուեստ. խաչքարի խորհուրդն ու խաչաքարագործութիւնը»: «Ասոր գործընթացը բաւականին երկար տեւած էր, սակայն ասիկա մեծ փորձառութիւն բերած էր եւ պատճառ հանդիսացաւ, որ այս անգամ չկրկնենք անցեալի սխալները», հաւաստիացուցած է Ե. Մարգարեան: Ան աւելցուցած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ արձանագրուելու գործընթացը բաւականին ժամանակ խլող բան է եւ կը պահանջէ մինչեւ 5 փորձագիտական քննութիւն:

Մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է, որ «Սասնայ ծռեր կամ Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան առաջին փորձագիտական քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ, հաւանաբար, երկու-երեք ամիս ետք: «Փորձագիտական քննութիւններուն կը մասնակցին միջկառավարական կոմիտէի մասնագէտ-փորձագէտները: Քննութեան ընթացքին, եթէ յառաջանան հարցադրումներ, կոմիտէի անդամները կրնան դիմել ոչ նիւթական մշակութային արժէքի արձանագրութեան դիմումնագիր ներկայացնողին, տուեալ պարագային` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան», տեղեկացուցած է Երանուհի Մարգարեան:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է «ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ ԷՔՍՓՕ-2011» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ներկայ գտնուած է Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ներկայացուած ամէնէն մեծ, ութերորդ միջազգային մասնագիտական «Շինարարութիւն եւ վերանորոգում Էքսփօ-2011» խորագիրով ցուցահանդէսին բացման հանդիսութեան:

Աւանդական դարձած ամէնամեայ ցուցահանդէսը մեծ խթան կը հանդիսանայ մասնակցող կազմակերպութիիւններուն` գործնական կապերու ամրապնդման, հեղինակութեան բարձրացման, առեւտուրի զարգացման, ինչպէս նաեւ շինարարական շուկայի վերաբերող տեղեկատուութեան հարստացման աշխատանքին մէջ:

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ ցուցահանդէսին կազմակերպումը իրականացած է շահագրգիռ բոլոր գերատեսչութիւնններու ջանքերուն շնորհիւ: Ըստ վարչապետին, ցուցահանդէսը պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ շինարարական ոլորտի զարգացման, նոր գաղափարներու յառաջացման, ինչպէս նաեւ` նոր պայմանագիրներու ստորագրման: «Շինարարական ոլորտին մէջ մենք լուրջ իրագործելիք աշխատանքներ ունինք: Համոզուած եմ, որ այս ցուցահանդէսը իր լուման պիտի ներդնէ ոլորտին մէջ զարգացումներ յառաջացնելու գծով», շեշտած է վարչապետը:

Ցուցահանդէսին մասնակցած են տեղական եւ արտասահմանեան աւելի քան 100 ընկերութիւններ, շուկային մէջ յառաջատար դիրք զբաղեցնող շինարարական, խորհրդատուական, նախագծող կազմակերպութիւններ` Վրաստանէն, Պիելոռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Թուրքիայէն, Իրանէն եւ շարք մը այլ զարգացած արդիւնաբերութիւն ունեցող երկիրներէ, յայտնած է կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Նշենք, որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ցուցահանդէսին պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք շրջած է տաղաւարները եւ ծանօթացած է ոլորտին քանի մը տասնեակ ընկերութիւններու արտադրած նմուշներուն:

ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ
ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ ՆՈՒԻՐԱԾ ԵՆ

Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով, Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի Երիտասարդութեան պալատին մէջ կազմակերպուած է տօնական երգահանդէս, որուն հրաւիրուած են տարբեր մշակութային օճախներ ներկայացնող եւ անհատաբար մեկնաբանող տղամարդիկ: Անոնք հայ կինը գովերգող ու մեծարող իրենց կատարումներով հանդիսատեսին մօտ ստեղծած են ջերմ տրամադրութիւն: Այս գեղեցիկ տօնական երգահանդէսը վերջ գտած է Վլատիմիր Արզումանեանի` «Մամա» խորհրդանշական երգի կատարումով:

ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ Վ. ԲՐԻՒՍՈՎԻ ԱՆՈՒԱՆ
ԼԵԶՈՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Վալերի Բրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ ֆրանսախօսութեան շաբաթ: Համալսարանի հանրային կապերու աշխատանքներու համակարգող Նարինէ Շալջեան նշած է, թէ 12 ապրիլին սկիզբ առած ձեռնարկները սկսան «Աշխարհի լեզուական պատկերը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովով, որուն ներկայ գտնուած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անրի Ռենոն, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի ֆրանսախօսութեան գծով խորհրդական, դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք:

Շաբթուան ընթացքին իրագործուած են տարբեր ձեռնարկներ` թատերական ներկայացումներ, խաղեր, հնչիւնաբանութեան, թարգմանական մրցոյթ, ինչպէս նաեւ` «Իմ ֆրանսական երազանքները» խորագիրով շարադրական մրցոյթ: Ցուցադրուած է նաեւ Ալեն Ռենէի «Վերջին տարին Մարիենպատում» ժապաւէնը: Ն. Շալջեան շարունակած է տեղեկացնել, որ Աւ. Իսահակեանի անուան գրադարանին հետ միասին միացեալ ձեռնարկներ պիտի իրագործուին, որոնցմէ են  ֆրանսական երգերու եւ բանաստեղծութիւններու մրցոյթը, ինչպէս նաեւ ցերեկոյթ, նաեւ ցերեկոյթ` նուիրուած Շ. Պոտլերի եւ Ժ. տը Լաֆոնթենի ստեղծագործութիւններուն: Ֆրանսախօսութեան շաբաթը պիտի աւարտի ապրիլ 21-ին:

Յիշեցնենք, որ ֆրանսախօսութեան օրերու կապակցութեամբ 17 մարտէն մինչեւ 21 ապրիլ Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերուն մէջ պիտի կազմակերպուին մշակութային, գեղարուեստական եւ կրթական ձեռնարկներ, որոնց պիտի մասնակցին արուեստի գործիչներ` Հայաստանէն եւ ֆրանսախօս կարգ մը երկիրներէ: Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը միաւորած է 56 պետութիւն եւ անդամ-կառավարութիւններ, 14 դիտորդ-երկիր, որոնց բնակչութիւնը կը կազմէ աւելի քան 800 միլիոն մարդ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ
«ԱԹԱՆԵԱՆ» ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Ապրիլ 20-ին Երեւանի Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնին մէջ բացումը պիտի կատարուի Կլենտէյլի «Աթանեան» արուեստի կեդրոնի 96 սաներու նկարներու ցուցահանդէսին` «Ես սիրում եմ Հայաստանը» խորագիրով: Ասիկա Կլենտէյլի «Աթանեան» արուեստի կեդրոնին եւ Երեւանի գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի միացեալ նախագիծն է, որուն կը պատրաստուէին 2010 թուականի սեպտեմբերէն ի վեր: Նոյն ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի նաեւ ամրան, Լոս Անճելըսի մէջ: Այս առիթով «Աթանեան» արուեստի կեդրոնը հրատարակած է գունազարդ պատկերագիրք մը, որուն մէջ զետեղուած են բոլոր մասնակցողներուն ստեղծագործութիւնները:

«Աթանեան» արուեստի կեդրոնը ամէն տարի ուշադրութիւն կը գրաւէ` զանազան մրցոյթներու իր բազմաթիւ յաղթանակներով: 2011-ին կեդրոնի աշակերտները տարբեր մրցոյթներու արձանագրած են նոր յաջողութիւններ եւ արժանացած` պարգեւներու: Մրցանակակիրներու խումբին մաս կը կազմէ Սթեֆանի Գրիգորեան, որուն ստեղծագործութիւնը հարիւրաւոր պատանիներու աշխատանքներուն մէջէն ընտրուած եւ տեղադրուած է բազմահազար տպաքանակ ունեցող «Սաքս Արթ» պատկերագիրքի շապիկին վրայ: Նշենք, որ Ս. Գրիգորեանի «Ես սիրում եմ կապիկներին» աշխատանքը նախապէս արժանացած էր «Սաքուրա օֆ Ամերիքա» բնաբանով մրցանակին, որմէ ետք «Սաքս արթ»ը ընտրած է այդ գործը իր պատկերագիրքի շապիկին վրայ տեղադրելու համար:

Կլենտէյլի քաղաքապետարանի արուեստի եւ մշակոյթի բաժնի «Մաքուր պահենք Կլենտէյլը» տարեկան մրցոյթի 2011 թուականի աւարտականի հասնող մասնակցողները դարձան կեդրոնին սաները` Առնելլա Քալանթարեանը, Թանիա Ռոսթամին, իսկ «Աթանեան» արուեստի կեդրոնը արժանացաւ յատուկ մրցանակի:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES