50 Տարի Առաջ ( 5 Սեպտեմբեր 1962 )
Անդրանի՛կ, Անդրանի՛կ…
Արծիւն էր հայկական, երկնակամարին, որ մթագնած` ամէն օր աղէտալի փոթորիկ կը պայթեցնէր մեր դժբախտ ժողովուրդին գլխուն:
Արծիւ, որ չէին կրնար ահաբեկել թուրք թշնամիին սադայելական բոլոր դաւերն ու ոճիրները. Ի՛նքն էր անոնց տեւական սարսափը:
Քաջութեան իր համբաւը լոյսի պէս սփռուեցաւ մեր ժողովուրդի մութ կեանքին վրայ, եւ երբեմն օտարներ` հայութիւն եւ Անդրանիկ կը նոյնացնէին:
Արեւելքի մէջ կան վայրեր, ուր հայը ոտք չէր կոխած, սակայն Անդրանիկի համբաւը հասած էր հոն եւ ամուր դրոշմ մը դրած մարդոց մտքերուն մէջ:
Պալքանեան երկրի մը մէկ քաղաքէն, օր մը, գաղթական հայ մը կ՛անցնէր, ու բնիկները զայն կ՛ընդունէին` Անդրանի՛կ, Անդրանի՛կ բացագանչելով:
Հայ տեսած չէին, սակայն Պալքանեան Ա. պատերազմին, լսած էին Հայ Անդրանիկի քաջագործութիւններուն մասին, երբ թրքական բանակը խայտառակաբար կը նահանջէր, կը պարտուէր, նաեւ անո՛ր հարուածներէն:
Իր անունը դրօշ մըն էր` հայ ժողովուրդի կեանքին ու պատուին ապահովութեան համար եւ ազատութեան համար խորհրդանիշ մը` խորտակելու համար թշնամիին անարգ ձեռքը:
Ու Շապին Գարահիսարի բերդէն իջած Արծիւը գնաց սաւառնիլ հայ գիւղերու եւ քաղաքներու վերեւ, դաշտերու եւ լեռներու վերեւ, մինչ իր խուզարկու աչքերը մագնիսի նման դէպի իրենց կը քաշէին հայուն վշտահար ու արտասուալից աչքերը:
Անդրանիկի անունը` հոգիներու տկարութիւնը ցամքեցնող հմայքն էր, եւ քաջութեան աղբիւրներ բացող կախարդանք:
Հերոսներ շատ ունեցանք, պաշտելի ու անմահ զինուորեալներ` ժողովուրդի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան:
Անդրանիկ` հերոսութի՛ւնն իսկ է` մեր ժողովուրդին համար, մարմնացումը` քաջութեան զգացումին, որուն վրայ կը թագաւորէր` իր արքայավայել անհատականութիւնը:
Հոն, ուր հայ բազուկը յաջողութիւն մը կ՛արձանագրէր թշնամիին դէմ, Անդրանիկի անունը բնազդաբար կը յիշուէր. անո՛ր գործն էր, կամ անոր նմաններո՛ւն գործը:
Ու երբ ծագեցաւ մեր ազատութեան արեւը, ժողովուրդը անոր անունը կ՛ուզէր տեսնել` առաջին ճառագայթներու տակ:
Մեր ազգային ձախորդութեան մէջ ալ, ան դարձեալ մնաց` իբրեւ յոյս ու հպարտութիւն: Անդրանիկի ծնունդ տուած ժողովուրդ մը չի՛ կրնար խամրիլ` տկարութեան, անզօրութեան մէջ… Ու մարդիկ կը յուսադրուին:
Այսօր, եւ ընդմիշտ, իր յաւիտենական յիշատակը կարծէք կ՛ազդարարէ հայոց.
– Եղէ՛ք քաջ ու ազգասէր, որպէսզի բարեկամ թէ թշնամի, տեսնեն ձեզի, յիշեն զիս.- Անդրանի՛կ, Անդրանի՛կ…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Հայկական Կեանք
Հայերը Ամասիոյ Մէջ
75 Հայ Ընտանիք Կայ 320 Հոգիով
Կեսարիոյ երկարամեայ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան, որ մօտակայ գաւառները հովուական այցելութեան ելած էր, Ս. պատրիարք հօր հրամանով, շաբաթ, 18 օգոստոսին հասած է Ամասիա, ուր հիւրասիրուած է քաղաքին ծանօթ ազգայիններէն Երուանդ Ահարոնեանի բնակարանը, ուր յաջորդ օրը կատարեց Ահարոնեանի աղջկան` Պոլսոյ Տիրուհիի պսակադրութիւնը:
Նոր հարսը Պոլսոյ յղութեան քոյրերու վարժարանին յաջող շրջանաւարտներէն մէկն է:
Տէր հայրը Ամասիայի մէջ 12 երեխաներ մկրտեց եւ երկու յապաղած զոյգեր ալ ամուսնացուց, իսկ երէկ մեկնեցաւ Սիմհաճըքէօյ:
Ամասիոյ քաղաքին մէջ կայ 75 հայ ընտանիք` 320 հոգիով: Ունին հրապարակի վրայ արհեստաւորներ, խանութպաններ եւ 2-3 մանիֆաթուրայի վաճառականներ, ինքնաբաւ են: Կառավարութեան կողմը առանց ազգի եւ դասակարգի խտրութեան ամէն դիւրութիւն կը վայելեն:
Հունձքը լաւ է եւ պտուղը առատ, բայց սուղ է: Պամեայի բերքն ալ գոհացուցիչ է:

