«ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔ»Ը ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԷՆ ԱՆԴԻՆ. ՖԵԹՀԻՅԷ ՉԵԹԻՆԻ ՀԵՏ

Ֆեթհիյէ Չեթին ծնած է Խարբերդի Կապան-Մատեն գիւղաքաղաքը, 1950-ին:

1954-ին, երբ դեռ հազիւ չորս տարեկան, կորսնցուցած է իր հայրը: 24 տարեկանին այրիացած մայրը իր երեք անչափահաս զաւակներով ապաստանած է իր հօրենական տունը:

Ֆեթհիյէ Չեթին իր նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը ստացած է Կապան- Մատենի, Մահմուտիէի եւ Խարբերդի մէջ: Միայն մեծ հօրը կենսաթոշակով սահմանափակուող եկամուտը ընտանիքը դրած է տնտեսական անբաղձալի վիճակի մէջ, որուն պատճառով Ֆեթհիյէ Չեթին հարկադրաբար նետուած է ուսուցչական ասպարէզ` միաժամանակ հետեւելով իրաւաբանութեան, Անգարայի համալսարանին մէջ:

1980-ի սեպտեմբերի 12-ին, երկրին զինուորականութեան բռնի ուժով իշխանութեան գլուխ անցնելէն անմիջապէս ետք, ձերբակալուած է եւ երեք տարի արգելափակուած` Անգարայի Մամաք զինուորական բանտին մէջ,` դատապարտուելով, թրքական քրէական օրէնսգիրքի թիւ 141 նշանաւոր յօդուածով:

1991-ին, յետ վերոյիշեալ յօդուածին մէջ տեղ գտած ոճիրներու այս առանձնայատուկ տեսակի սահմանումի վերացման, ջնջուած է նաեւ Ֆեթհիյէ Չեթինի բանտարկութիւնը:

Ներկայիս ան կը գործէ Պոլսոյ մէջ` որպէս իրաւախորհրդատու փաստաբան, կը զբաղի մարդկային իրաւանց հարցերով, մասնաւորաբար` փոքրամասնութիւններու իրաւունքներով:

Անդամ է եւ կը ծառայէ Պոլսոյ Մարդկային իրաւանց իրաւաբանական կեդրոնին:

Հիմնադիրն ու ներկայացուցիչն է իրաւաբաններու այս համախմբումին կապուած փոքրամասնութիւններու իրաւանց գործադիր մարմինին:

2004-ին լոյս կը տեսնէ անոր «Մեծ մայրիկս» յուշագրական հատորը, որ կը թարգմանուի` ֆրանսերէնի, անգլերէնի, արեւմտահայերէնի, արեւելահայերէնի, իտալերէնի, ֆլամերէնի, պուլկարերէնի եւ յունարէնի: Ընթացքի մէջ են գիրքին գերմաներէն եւ ռումաներէն թարգմանութիւնները: «Մեծ մայրիկս» գիրքը վերջերս արժանացած է Մարսէյի հայութեան կողմէ շնորհուած մրցանակի:

2009-ին Այշէ Կիւլ Ալթընայի համահեղինակութեամբ լոյս կը տեսնէ Չեթինի «Թոռներ» գիրքը:

Ֆեթհիյէ Չեթին Հրանդ Տինքի փաստաբանն էր եւ, որպէս այդպիսին, դեռ կը շարունակէ վարել անոր ընտանիքին դատա-իրաւական հարցերը:

*
*   *

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ հանգամանքներ ձեզ մղեցին 1915-ին կատարուած հայերու ցեղասպանութեամբ հետաքրքրուելու եւ, ընդհանրապէս, ի խնդիր արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան դէմ պայքարելու:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Օր մը մեծ մօրմէս իմացայ մինչ այդ պահը ինծի անծանօթ, իմ գիտցածներէս բոլորովին տարբեր եւ շատ ցաւոտ պատմութեան մը գոյութեան մասին, եւ ահա այդ պահէն ի վեր սկսայ հարցուփորձեր կատարել երկրին պաշտօնական գաղափարախօսութեան եւ պաշտօնական պատմութեան բովանդակութեան ուղղութեամբ:

Հ.- Ըստ ձեզի, ի՞նչ է Թուրքիոյ պետութեան գերխնդիրը այսօր:

Պ.- Ըստ իս, Թուրքիոյ դէմ դրուած մեծագոյն հարցը իրականութեան հետ իր ունեցած շինծու յարաբերութիւնն է, որովհետեւ Թուրքիան իրականութիւններուն ամբողջովին, չհամապատասխանող կառոյց մըն է, պարզ ըսած` այս երկիրը պատմական ճշմարտութիւններու բացարձակ հակադրութեան, պատմութեան նկարագրութեան եւ ընկերաբանական իրականութիւններու հակասող գաղափարախօսութիւններու վրայ հիմնուած կառոյցի մը իրավիճակը կ՛արտացոլացնէ, եւ ահա այս գաղափարախօսութեան ու անոր առաջադրանքին պատճառով է, որ 1915-ի իրականութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան կողքին, Թուրքիա կ՛ուրանայ, կ՛անտեսէ եւ չեղեալ կը համարէ առ այսօր երկրին մէջ ապրող եւ միլիոններ գնահատուող քիւրտերուն ալ գոյութիւնը:

Հ.- Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ կարծիքի ազատութեան գործընթացը ներքին խորապատկերի վրայ իրապաշտ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ այսօր: Այս ուղղութեամբ ի՞նչ զարգացումներ կ՛ակնկալէք:

Պ.- Վերջին տարիներուն, հակառակ օրէնսդրական ոլորտի ծրագիրներուն մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ փոփոխութիւններուն եւ ժողովրդավարացման ու կարծիքի ազատութեան առանցքին մէջ իրականացած մասնակի ազատութիւններուն, պէտք է ըսել, որ դեռ առկայ են շատ մեծ բացթողումներ, արգելքներ եւ խոչընդոտներ: Այս արգելքներուն մէկ մասը կը կայանայ օրէնքներու փոփոխութիւններուն դեռ անբաւարար ըլլալուն, միւս եւ կարեւոր մասն ալ նախքան անոնց գործադրութիւնը արձակուած դատավճիռներու թիրախ դառնալուն մէջ է: Այսինքն, նոյնիսկ եթէ օրէնքները փոխուին, մտայնութիւնները չեն փոխուիր եւ կը խոչընդոտեն ու կ՛արգելակեն բարեփոխումներու ընթացքը:

Հ.- Ըստ ձեզի, Թուրքիոյ մէջ 90-ականներէն ետք կարգ մը մտաւորականներով ձեւացած յառաջադէմ ընդդիմադիր խաւին տարած հրապարակային գործունէութիւնը ցարդ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է պետութեան վարած քաղաքականութեան վրայ:

Պ.- Կը կարծեմ, թէ մտաւորականներու այս հատուածը կարեւոր ազդեցութիւն մը կը գործէ պետութեան վրայ, նոյնիսկ եթէ այդ ազդեցութիւնը դեռ անուղղակի կերպով եղած ըլլայ, որովհետեւ մտաւորականներու այս շերտը իր գրութիւններով, խօսքերով եւ ստեղծագործութիւններով մեծ ազդեցութիւն կը գործէ երկրին հանրային կարծիքին եւ լրատուամիջոցներուն վրայ: Ակնյայտ է, որ վերջին տարիներուն երկրին հասարակութեան մեծ մասը բարձր ձայնով կ՛արտայայտէ ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին կատարած իր մտորումները: Այս հատուածին ազդեցութիւնը պէտք չէ անտեսել, որքան ալ անիկա տակաւին անուղղակի, դանդաղ եւ անբաւարար ըլլայ:

Հ.- Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եւ անոր առնչակից դատավարութեան ընթացքը ի՞նչ դեր ունեցաւ եւ կ՛ունենայ ձեր տարած արդարութեան պայքարին մէջ:

Պ.- Հրանդին սպանութիւնը եւ դատավարութեան ընթացքը երկրին մէջ մեծ բեկում մը, յառաջացուց, որ դրսեւորուեցաւ պատմութեան հանդէպ հետաքրքրութեան եւ իշխանութեան ու պետական պաշտօնական բանաձեւին հանդէպ անվստահութեան ստեղծումով, միւս կողմէն` քաղաքական տակաւին չբացայայտուած ոճրային արարքներու բաւիղներուն մէջ իրենց հարազատները կորսնցուցած մարդիկը համախմբեց այս դատին շուրջ` անոր ընդմէջէն շարունակելու արդարութեան համար մղած իրենց պահանջատիրական պայքարը: Հրանդը, ինչպէս իր կենդանութեան, իր մահէն ետք ալ դեռ կը շարունակէ շատ մեծ փոփոխութիւններ ստեղծել այս երկրին մէջ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը բացատրէք 2007-ի յունուարի 19-էն ետք, յետ երկրին հասարակութեան մէջ յառաջացած ճեղքին, ցուցաբերուած գերազանցօրէն աննախընթաց հակազդեցութիւնը:

Պ.- Թուրքիոյ պատմութեան մէջ մեծ թիւով քաղաքական ոճիրներ գործուած են, այս ոճիրները տուեալ դէպքի առաջին օրերուն լուրջ անդրադարձներ եւ հակազդեցութիւններ կ՛ունենային, որոնք ժամանակի ընթացքին հետզհետէ կը մարէին եւ խնդրոյ առարկայ դատավարութիւնները մտնելով իրենց սովորական հունին մէջ` ատեն մը ետք կը մոռցուէին թէ՛ տուեալ ոճիրները գործողները, թէ՛ անոնց պատուիրատուները, քաջածանօթ ըլլալով գործուող ոճիրէն ետք տեղի ունենալիք սովորական հակազդեցութիւններու աստիճանաբար նուազումին, նօսրացումին, հուսկ եւ անհետացման, ամենայն հանգստութեամբ կը նախապատրաստէին իրենց ծրագիրներուն մաս կազմող հերթական ոճիրը: Սակայն պէտք է ըսել, որ առաջին անգամ ըլլալով Հրանդին սպանութեան ոճիրը մոռցուեցաւ, հակառակ անցած չորս տարիներուն, առաջին անգամն է, որ ոճիրի մը դատավարութեան ընթացքին դեռ կը շարունակուին հասարակական կարծիքին, լրատուամիջոցներուն եւ Հրանդին գաղափարակից ընկերներուն ցուցաբերած գործօն եւ հետեւողական մասնակցութիւնը, անոնց լուրջ հակազդեցութիւնները: Հանրային կարծիքը, լրագրողները, իրաւաբանները, ժողովրդավարները եւ բոլոր պարկեշտ մարդիկը միասնաբար դեռ կը շարունակեն արդարութիւն պահանջել: Այս աննախընթաց արեւելումները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ մէջ այլեւս ոչ մէկ բան նախկինին պէս կրնայ ըլլալ: Ետդարձը, նախկինին վերադարձը այլեւս երբեք հնարաւոր չէ:

Հ.- Հայ ժողովուրդը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ այն հիմնաւորուած կարծիքը ունի, որ հանրապետական Թուրքիոյ քաղաքական գաղափարախօսութիւնը բնական շարունակութիւնն է իթթիհատականներու գաղափարախօսութեան: Ի՞նչ կ՛ըսէք այս մասին, մանաւանդ երբ այսօր Թուրքիոյ քաղաքական ցեղապաշտ տարրը, առանց դոյզն վերապահութեան համապատասխան, յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ: Այս մէկը ի՞նչ պատասխանատուութեան առջեւ կը կանգնեցնէ ձեզ եւ ձեր նմանները` իբրեւ յառաջապահ մտաւորականներու:

Պ.- Անշուշտ, Թուրքիոյ պաշտօնական գաղափարախօսութեան հիմք կը ծառայէ իթթիհատական մտայնութեան առանցքային առաջադրանքը եւ ոչ միայն այդքան, հանրապետութեան ստեղծումը իրականացուցած ամբողջ փիլիսոփայութիւնը իթթիհատական է: Տարիներ շարունակ պետութեան բոլոր կառոյցներն ու անոնց սայլին լծուած գործադիր տարրերը ոգի ի բռին, աշխատած են երկրին կրթական համակարգի բաղկացուցիչ հիմնարկներուն մէջ այս իթթիհատական գաղափարախօսութիւնն ու այս փիլիսոփայութիւնը արմատացնել, եւ պէտք է ըսել, որ յաջողած են իրենց առաքելութեան մէջ: Եւ այսօր այս իրավիճակը Թուրքիոյ մտաւորականութեան ուսերուն կը բեռցնէ իթթիհատական մտայնութեան եւ անոր առաջադրանքներուն դէմ անտեղիտալի պայքար մղելու պարտաւորութիւնը: Բնականաբար այս պայքարը յաջողութեամբ պսակելու համար պատմութեան եւ իրականութեան հետ առերեսումը, ինչպէս նաեւ արդարութեան նուաճումը հրամայական անհրաժեշտութիւններ պէտք է նկատելու:

Հ.- Ըստ ձեզի, ո՞ւր կը գտնուի այսօր Թուրքիոյ իտէալը հանդիսացած «Ազգային Պետութիւն»ի եւրոպական բնորդը, որուն իրականացման համար ինչպէս իթթիհատական, նոյնպէս ալ հանրապետական Թուրքիան ոչ մէկ միջոց կը բացառէ:

Պ.- Հակառակ թափուած բոլոր ջանքերուն եւ ի գործ դրուած բոլոր ճնշումներուն ու միջոցներուն, ազգ-պետութեան գաղափարը այլեւս դատարկուած ըլլալով իր պատմական իմաստէն, կորսնցուցած է իր երբեմնի հմայքը եւ, ամէնէն կարեւորը, կորսնցուցած ըլլալով իր համոզչականութիւնը, միաժամանակ իր կառոյցներով եւ գաղափարախօսութեամբ կ՛ենթարկուի հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին իր նախընթացը չունեցող հարցաքննութեան եւ հաշուետուութեան:

Հ.- Էրկենեքոնի քաղաքական գայթակղութիւնը եւ անոր առնչակից դատավարութիւններուն ուղղութեամբ կատարուող պետական տնօրինումները ի՞նչ արդիւնք եւ հետեւանք կրնան ունենալ պետական քաղաքականութեան ընթացքին վրայ եւ ի՞նչ նպաստ կը բերեն ձեր տարած պայքարին:

Պ.- Էրկենեքոնի դատը պետական հարուածներու աւանդութեան մէջ նշանակալի յեղաշրջումի ճանապարհ հարթեց, ըստ որուն` անձեռնմխելիներ ձերբակալուեցան եւ անձեռնմխելիութեան ու անպատժելիութեան մտայնութեան մէջ կարեւոր բեկում մը յառաջացաւ: Սակայն պէտք է ըսել, որ պետական այս հարուածները իրականացնելու կոչուած եւ տակաւին չբացայայտուած բռնարարքներու, սպանութիւններու եւ դաւադրութիւններու ուղղութեամբ որեւէ լուրջ քայլեր չեն առնուած, հետեւաբար Էրկենեքոնի հարցաքննութիւններուն ճիշդ հունով չընթանալը անոր մեծագոյն թերութիւնը կը հանդիսանայ:

Հ.- Ձեր կարծիքով, Թուրքիոյ այսօրուան երիտասարդութիւնը իմացական ի՞նչ հիմքերու վրայ իր ինքնութիւնը կը կերտէ:

Պ.- Թուրքիոյ մէջ կարելի չէ տեսնել հաւաքական կերպար ունեցող երիտասարդութեան միաձոյլ զանգուած մը: Երկրին կրթական համակարգի ջամբած յատուկ դաստիարակութեան եւ պաշտօնական գաղափարախօսութեան ազդեցութեան պատճառով, երիտասարդութեան կարեւոր մէկ մասը ինքզինք քեմալական եւ աշխարհիկ կը դաւանի, սակայն, ասոնց կողքին, իրենք զիրենք իբրեւ մահմետական, ինչպէս նաեւ իբրեւ սոսկ քիւրտեր ներկայացնողներ ալ կան: Մինչ միւս կողմէն, համաշխարհայնացումի եւ վերջին տարիներուն երկրին մէջ հետզհետէ ծաւալող բանավէճերու ազդեցութեան իբրեւ  արդիւնք, այս հատուածներուն միջեւ եւս տեղի ունեցող կենդանի բանավէճերու առկայութիւնն ալ անզանցառելի իրողութիւն մըն է:

Հ.- Այսօրուան թուրքը բնականաբար պատասխանատու չէ 1915-ի կատարուածներուն, բայց մաս կը կազմէ ժխտողականութեան քաղաքականութեան գործընթացին: Ըստ ձեզի, ի՞նչ են ժխտողականութեան մեքանիզմին գործօնները, եւ դուք ի՞նչ միջոցներով կը փորձէք ձեր պայքարը տանիլ անոնց դէմ:

Պ.- Ուրացման քաղաքականութիւնը` զոհերը անգամ մը եւս զոհ դարձնել եւ պատմութեան ոճիրները անգամ մը եւս գործել կը նշանակէ: Այս պատճառով իսկ մենք այսօր ուրացման քաղաքականութեան պատասխանատուներն ենք, հետեւաբար պարտաւոր ենք ասոր դէմ պայքարիլ: Ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարիլը մեզի համար պարտաւորութիւն մըն է:

Անձնապէս այս պայքարը կը փորձեմ մղել կարգ մը միջոցներով` փոքրամասնութիւններու իրաւանց պաշտպանութեան վերաբերող աշխատանքներուս ընդմէջէն պատմական իրաւունքներու եւ համապատասխան օրէնքներու պարզաբանումով, 2004-ին հրատարակուած «Մեծ մայրիկս» գիրքէս ետք 2009-ի վերջերը լոյս տեսած Այշէ Կիւլ Ալթընայի հետ համահեղինակութեամբ «Թոռներ» գիրքս եւս տասնեակ հազարաւոր մարդոց փոխանցեց իր խորհուրդը: Այս բոլորին կողքին եւ անոնց զուգահեռաբար, կը փորձեմ ձեռք բերած գիտելիքներս հաղորդել` հեռատեսիլի զանազան ծրագիրներու, խորհրդաժողովներու, համագումարներու եւ վիճարկումներու ճամբով, ինչպէս նաեւ կը ջանամ ընդառաջել մասնաւորաբար կրթական հաստատութիւններէ եւ ուսանողներէ եկած հրաւէրներուն եւ երիտասարդներու հետ հանդիպումներուն:

Հ.- Վերջին շրջանին իր դրացիներուն հետ Թուրքիոյ կիրարկած «զերօ խնդիր քաղաքականութիւն»ը տակաւ բարեյաջող ընթացք կ՛արձանագրէ, մանաւանդ` արաբական որոշ երկիրներու հետ: Ինչո՞ւ նոյն սկզբունքը ի զօրու չէ դրացի Հայաստանի պարագային:

Պ.- Թուրքիա կը դժուարանայ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոն ընթացքի մէջ դնելու, որովհետեւ տարիներ շարունակ իր իսկ ստեղծած եւ յատուկ խնամքով մեծցուցած հրէշը այսօր ալ անշարժութեան դատապարտուած է: Այս հրէշը պատմական իրականութիւններու աղաւաղումով, ժխտումի եւ հայատեացութեան գաղափարախօսութեամբ սնանող մտայնութիւնն է: Ըստ երեւոյթին, նուազագոյնը մինչեւ յառաջիկայ յունիսին կայանալիք ընտրութիւնները Թուրքիա Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններու ուղղութեամբ ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ:

Հ.- Անցեալի եւ ներկայի ապատեղեկատուութեան պայմաններուն մէջ սփիւռքահայութեան մասին Թուրքիոյ հանրային կարծիքը միանշանակ բացասական պատկեր կը ներկայացնէ: Ի՞նչ կ՛ըսէք այս մասին:

Պ.- Թուրքիոյ մէջ հայերուն մասին ձեւացած ժխտական եւ անբարենպաստ կարծիքները սկսան փոխուիլ վերջին տարիներուն տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան պատճառով: Հայերուն հետ ծանօթանալով` մարդիկ հասկցան իրենց սնուցած վախերուն անտեղի ըլլալը, սակայն այս մէկը պատճառ հանդիսացաւ, որ այս անգամ սկիզբ առնէ սփիւռքը իբրեւ սատանայ տեսնելու եւ զայն ատելութեան թիրախ դարձնելու գործընթաց մը: Պարզ է, որ մարդիկ ընդհանրապէս առաւել եւս կը սարսափին իրենց անծանօթ բաներէն եւ անձերէն, հետեւաբար մարդոց մէկզմէու ծանօթանալու եւ իրարու միջեւ ունեցած իրենց յարաբերութիւններու եւ երկխօսութեան զարգացման պայմաններով անհնար կը դառնայ զանոնք իրարու նկատմամբ նախապաշարել եւ սարսափեցնել: Ասկէ մեկնած` պէտք է ըսել, որ ժխտողականութեան վերացումի ճանապարհը կ՛անցնի երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հնարաւորութեան սկզբնաւորումէն:

Հ.- Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ անոնց առնչակից մանաւանդ սահմանային հարցը ինչպէ՞ս կը դիտէք:

Պ.- Այս ուղղութեամբ ցարդ որոշ քայլեր առնուած են: Ըստ իս, այս քայլերը որքան ալ տակաւին անբաւարար ըլլան, առնուազն նախապաշարումները վերացնելու համար կարեւոր են, որովհետեւ ո՛ւր որ նախապաշարումներ կան, բանավէճերն ու պատմական իրականութիւններու ներկայացումը անհնար կը դառնան, սակայն այս ընթացքին մեր առջեւ դրուած է շատ մեծ անարդարութեան մը եւ գործուած մարդկային մեծ մեղքի մը մարտահրաւէրը: Բայց պէտք է ըսել, որ թէ՛ պատմական այս ծանր բեռէն ազատելու, թէ՛ յարաբերութիւններուն բնականոն ընթացք ունենալուն համար առնուելիք քայլերը ի վերջոյ փոխադարձ ազդեցութիւն պիտի ունենան, այսինքն կարծես տրամաբանութեան վրայ հիմնուած հանգրուան մը պիտի ըլլայ այս մէկը, որուն կայացման համար առնուելիք քայլերն ալ շատ մեծ կարեւորութիւն ունին:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

E-Mail: [email protected]

Յատուկ «Ազդակ»ին
18 նոյեմբեր, 2010

Share this Article
CATEGORIES