«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Մրցանքին Մրցանակակիրները Այցելեցին Տեսարժան Թանգարաններ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումին մրցանակակիրները երէկ առաւելաբար այցելեցին Երեւանի մէջ գտնուող պատմութեան թանգարանները:

Անոնք յաջորդաբար այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, Եռաբլուր պանթէոն, Էրեբունի թանգարան, Խոր Վիրապ եւ Վազգէն Սարգսեանի տուն-թանգարանը:

Բոլոր կանգառներուն ընթացքին անոնց փոխանցուեցան պատմական շահեկան տեղեկութիւններ` թանգարաններուն ընդգրկած իրերուն եւ փաստաթուղթերուն վերաբերեալ:

 

Share this Article
CATEGORIES