Ալիեւ Եւրոպական Միութեան Ուժանիւթի Հարցերով Յանձնակատարին Հետ Կը Քննարկէ «Կազի Հարաւային Միջանցք» Նախագիծը
«Ազերթաճ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կունթեր Օթինկերի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին մասնաւորաբար քննարկուած է «Կազի հարաւային միջանցք» նախագիծը:
«Կազի հարաւային միջանցք» նախագիծին վերաբերեալ միացեալ հռչակագիր ստորագրուած է յունուար 2011-ի կէսերուն` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ու Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի կողմէ` վերջինիս Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին:
Նախագիծին նպատակը դէպի Եւրոպա վառելանիւթի առաքման ուղիները բազմացնելն է եւ ռուսական կազէն եւրոպացի սպառողներու կախեալութիւնը նուազեցնելը:
CATEGORIES Միջազգային


